ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ «ՈՐԴՈՒՍ» (9)
Այսօր արդէն իսկ հասած ենք Պարոյր Սեւակի «Որդուս» բանաստեղծութեան վերջին բաժինը, ուր բանաստեղծը կը ցանկայ, որ ապագային, իր զաւակին երիտասարդութեան գոյութիւն չունենան այն բոլոր չարութիւնները, դժուարութիւններն ու անարդարութիւնները՝ որոնք եղած են բանաստեղծին օրով: Հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն, այստեղ ի յայտ կու գայ Պարոյր Սեւակի լաւատես երեսը:
Բանաստեղծը կը գրէ.
«Երբ մեծանաս, դառնաս արդէն հասուն ջահել,
Խորհուրդներն իմ ե՛ւ հնացած, ե՛ւ աւելորդ թուան գուցէ».
Խորհուրդներուն «աւելորդ» թուիլը բանաստեղծը այստեղ բացասական իմաստով չէ՛ որ կ՚ըսէ, որովհետեւ ան լաւապէս կը գիտակցի, որ ժամանակը ամէ՛ն բան կը փոխէ եւ հետեւաբար կը յուսայ, որ ժամանակը փոխէ նաեւ իր ապրած դժուարութիւնները եւ այդ բոլոր խրատները աւելորդ դառնան. այս մէկը ցոյց կու տայ կեանքի իրականութեան ծանրութիւնը բանաստեղծին համար եւ ան չ՚ուզեր իր զաւակը ապրի այն բոլորը՝ ինչ ինք ապրեցաւ: Պարոյր Սեւակ իր խօսքերը «խորհուրդ» կը կոչէ, որովհետեւ ուրիշներու կողմէ մեզի տրուած իւրաքանչիւր «դաս» կամ «յորդոր» իրականութեան մէջ խորհուրդ մըն է եւ մեզի ձգուած է հետեւիլ կամ չհետեւիլ այդ խորհուրդներուն: Իր լաւատեսութեան վրայ հիմնուելով Պարոյր Սեւակ կ՚ըսէ.
«Կեանքում այնժամ էլ չլինեն նման բացեր, նման խոցեր».
Եթէ նկատի ունենանք, որ Պարոյր Սեւակ այս բանաստեղծութիւնը գրած է մեր թուականէն 68 տարիներ առաջ՝ 1956 թուականին, ապա կրնանք ըսել, որ այդ լաւատես յոյսերը այնպէս ալ չարդարացան, որովհետեւ ժամանակը այդ վէրքերը բուժելու փոխարէն նոր ու աւելի խոր վէրքեր յառաջացուց մարդկային կեանքին մէջ. այն բոլոր խոցերը որոնք գոյութիւն ունէին 68 տարիներ առաջ, այսօր եռապատկուած են եւ մարդուն կեանքը դարձուցած՝ աւելի խոցելի. եթէ բանաստեղծը այսօր ապրէր, գուցէ գրուած հինգ գլուխներուն վրայ աւելցնէր նաեւ նոր հինգ մը՝ որ շատ աւելի դժբախտ կրնային ըլլալ՝ քան նախորդ հինգը: Սակայն բանաստեղծը ձախող վստահութիւն մը ունէր, թէ աւելի լաւ պիտի ըլլար ապագան. այդ վստահութեամբ է որ կը գրէ.
«Է՛հ, տա՛ Աստուած։ Ես էլ կեանքում ուրիշ ոչինչ չեմ երազում».
Պարոյր Սեւակի մեծագոյն մաղթանքն է, որ իր զաւակը չապրի այն բոլորը, որ ի՛նք ապրեցաւ եւ այս մէկը ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի կեանք մը ունեցած է բանաստեղծը. ան չի՛ ցանկար, որ իր զաւակը մեծահարուստ մը դառնայ, նշանաւոր ու յարգուած անձնաւորութիւն մը ըլլայ. միայն կը ցանկայ, որ ան չապրի այն բոլորը, որ ինք ապրեցաւ եւ կը կարծեմ հօր մը համար չկայ աւելի սրբազան մաղթանք ու ցանկութիւն: Այս ցանկութեան իրականութիւնը Պարոյր Սեւակ կը նմանեցնէ կոյրի մը երկու աչքերու տիրանալուն. շարունակելով կը գրէ.
«(Կոյրը, տղաս, ինչպէս գիտես, երկու աչք է միայն ուզում)».
Այլ խօսքով, այնպէս ինչպէս կոյրը երկու աչք կ՚ուզէ, նոյնպէս Պարոյր Սեւակ այդ նոյն բուռն ցանկութեամբ կ՚ուզէ, որ զաւակը չապրի աշխարհիկ ցաւերը. այլ խօսքով՝ այդ բոլոր ցաւերը մարդուն կեանքը կը խաւարեն եւ անոնց բացակայութիւնն է, որ կը լուսաւորէ. Պարոյր Սեւակ կ՚ուզէ, որպէսզի այդ մաղթանք կատարուի.
«Խորհուրդներն իմ թող հնանան... Ծաղիկն է լոկ այդպէս մեռնում,
Երբ ամռանը ծառի վրայ հասուն միրգ է արդէն դառնում».
Այստեղ կրնանք համեմատական մը տեսնել մարդկային կեանքի եւ բուսական կեանքին միջեւ. այնպէս ինչպէս պտուղը նախ ծիլ կու տայ, ծաղիկ կը դառնայ եւ ապա հասուն միրգ, նոյնն է նաեւ մարդու կեանքի պարագային. Պարոյր Սեւակի համար իր զաւակը տակաւին այդ ծաղիկն է, որ ժամանակի ընթացքին հասուննալով պիտի դառնայ միրգ եւ այդ հասունութիւնը մարդկային փորձառութիւնն է. միրգերը եւս մարդոց նման կեանքի պայքար կը մղեն. կը փորձեն տոկալ հովերուն, փոթորիկներուն եւ անձրեւներուն. անոնցմէ շատեր յաղթուելով ծառէն կ՚իյնան. նոյնն մարդուն պարագան. շատեր կը դիմանան ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, իսկ ուրիշներ կը յաղթուին կեանքէն:
Պարոյր Սեւակ իր բանաստեղծութիւնը կը վերջացնէ դարձեալ լաւատես միտքերով.
«Յանուն գալիք վառ խարոյկի ես պատրաստ եմ այսօր ծխալ
Յանուն վաղուայ ճշմարտութեան թող որ այսօր լինեմ սխալ...».
Ի՜նչ մեծ զոհողութիւն, որ Պարոյր Սեւակ կ՚ուզէ ծխալ ու մոխրանալ, ըլլալ սխալ, միայն թէ իր զաւակին «վաղ»ն ըլլայ լուսաւոր ու անցաւ. գալիք վառ խարոյկը բանաստեղծին համար առանց խոցի ու ցաւի ապագան է եւ այդ լաւատես հեռանկարին համար բանաստեղծը պատրաստ է ինքն իր անձը զոհել: Այս նոյն յոյսը մենք եւս կ՚ուզենք ունենալ ապագայի հանդէպ, վստահ ըլլալով որ, ցաւ ի սիրտ, պատմութիւնը ինքզինք պիտի կրկնէ եւ մարդկութիւնը դէպի պայծառ ապագայ առաջնորդուելու փոխարէն աւելիով խաւարին գիրկը պիտի նետուի:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աշխարհի ապագան աւելի լա՞ւ պիտի ըլլայ, թէ ոչ մարդիկ աւելի պիտի չարանան:
Պատասխան. Հաւանաբար, աշխարհի ապագան աւելի լեցուն կ՚ըլլայ մարտահրաւէրներով։ Արհեստագիտութեան յառաջընթացը, համաշխարհային խնդիրներու եւ ընկերային անարդարութեան հանդէպ աճող շեշտադրումը կը խոստանան լուրջ մարտահրաւէրներ: Սակայն, միւս կողմէ, այս յառաջընթացները կրնան զօրացնել առկայ անհաւասարութիւնները եւ դարձնել վնասակար: Ապագան տրուած է մարդոց ձեռքը. անոնք պէտք է հաւասարակշռեն նորարարութիւններն ու բարոյական սկզբունքները, խթանելով կարեկցանքի եւ համագործակցութեան մշակոյթը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024