ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ (1102-1173)
64 տարեկան էր, երբ Շնորհալին կաթողիկոս դարձաւ. (Սուրբ Ներսէս Դ. Կլայեցի. 1166-1173), թէեւ մարմնով տկար՝ բայց ան նոյն հոգւով եւ եռանդով կառավարեց Հայ Եկեղեցին, ինչպէս երբեմն իբրեւ խորհրդական եւ գոյակից իր եղբօրը։ 1166 թուականին՝ երբ Շնորհալին Հռոմկլա դարձաւ, Գրիգոր Պահլաւունի առաջարկեց անոր կաթողիկոսութիւն, եւ անմիջապէս հրաւիրեց եպիսկոպոսներ եւ վանականներ եւ իր որոշումը յայտնեց անոնց։ Ժողովը մեծապէս ուրախացաւ այս ընտրութեան վրայ։ Ներսէս ակամայ յանձն առաւ իր եղբօր ձեռքէն կաթողիկոսական ձեռնադրութիւնը եւ գեղեցիկ ատենաբանութեամբ մը ցոյց տուաւ կաթողիկոսական իշխանութեան վեհութիւնը եւ իր ապիկարութիւնը։
Այս ընտրութենէն երեք ամիս վերջ Գրիգոր Պահլաւունի վախճանեցաւ 53 տարի կաթողիկոսական իշխանութիւնը վարելէ յետոյ եւ թաղուեցաւ Հռոմկլայի մէջ. (Տ. Գրիգոր Գ. Պահլաւունի. 1113-1166)։
Ներսէս Շնորհալի ժամանակի դառնութիւնը եւ հայրապետական աթոռի վիճակը սապէս կը պատկերացնէ. «Շրջիլ ամէն կողմ, եւ Աստուծոյ խօսքը քարոզել… անկարելի է ժամանակիս չարութեան եւ բազմիշխանութեան պատճառով. չկայ մեր մէջ բազմաժողով թագաւորական քաղաք մը՝ որ հայրապետական աթոռը այնտեղ հաստատելով մեր ժողովուրդին ուսուցանէինք. այլ այծեամի նման շուներէ եւ որսորդներէ փախած՝ այս քարանձաւն ենք ապաւինած՝ զուրկ ամէն տեսակ մարմնական պէտքերէ… մեր ազգը ցրուած է ամէն տեղ օտար ազգերու մէջ, հայրապետական աթոռս տարուբեր՝ անպատշաճ տեղեր, եւ օտար ազգերու բռնութեան եւ երկիւղի տակ, իսկ մեր ազգի կողմէ՝ անօգնական եւ աննուէր. հնար չկայ համարձակ շրջիլ եւ ուսուցանել»։
Բայց այն՝ ինչ որ անձամբ կարող չէր կատարել, Շնորհալին կ՚աշխատի գէթ գիրով կատարել. «Եւ մենք…», կ՚ըսէ. «այս տօթագին քարանձաւի մէջ (Հռոմկլա) արգելուած գրաւոր կերպով ձեզ հետ կը խօսինք»։
Շնորհալիի այս նամակներու ժողովածուն, որով ան ամբողջ Հայ ժողովուրդի հետ կը խօսի, կը կոչուի «Թուղթ Ընդհանրական առ համօրէն Հայասեռ Ազինս», որ շատ անգամ ապագրուած է։ Արդարեւ, նամակը ուղղուած է հայ ժողովուրդի բոլոր դասակարգերուն՝ վանականներու, առաջնորդներու, քահանաներու, իշխաններու, զինուորներու, քաղաքացիներու, գիւղացիներու եւ կիներու՝ որոնց եւ կու տայ բարոյական պատշաճ խրատներ, պատուէրներ՝ շեշտելով այն թերութիւնները, որոնք անոնց մէջ նկատած է։
Ահա երբ այսպէս Շնորհալին հայ ժողովուրդի հոգեւոր վերաշինութեան խնդիրով զբաղուած էր՝ Ծիրանածիր Մանուէլի կողմէ Սմբատ իշխանը թուղթ մը՝ նամակ մը բերաւ (1166-1167), որով կայսրը կը խնդրէր Գրիգոր Պահլաւունիէն՝ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու միութեան գլխաւորութեան համար իր Ներսէս եղբայրը Կ.Պոլիս ուղարկել։
Շնորհալին, ընդունելով կայսեր նամակը՝ պատասխանեց, թէ կը ցաւի, որ այդպիսի բարի գործի համար, որ է եկեղեցիներու միութիւնը, անկարելի՛ է հայրապետական աթոռը անհաւատներու մէջ թողուլ եւ գալ։ Յայտնելով իր խնդութիւնը եկեղեցիներու կատարուելիք միութեան առթիւ, այդ միութեան յաջողութեան համար պայմաններ առաջարկեց՝ որ այդ խնդրի համար կայսրը անձամբ Արեւելք գայ, վիճաբանութեան ժամանկ խոնարհ, հեզ եւ քաղցր ըլլայ, պատուիրէ յոյն եկեղեցականներուն եւ ժողովուրդին՝ չատել, չհայհոյել հայ նժդեհ եւ պանդուխտ ժողովուրդին, դէմ առ դէմ խօսակցութիւնը չըլլայ տիրաբար եւ ծառայաբար, այլ իբրեւ հաւասար հաւասարի հետ, վիճաբանութեան հիմք միմիայն Սուրբ Գիրքը եւ սուրբ հայրերու գրութիւնները ընդունուին՝ որոնց համեմատութեամբ նկատուած որեւէ դաւանական եւ ծիսական թերութիւն երկու եկեղեցիէն որո՛ւ մէջ ալ ըլլայ, իսկոյն վերացուի։
Շնորհալի այս նամակին՝ կայսրը երկու տարի վերջ միայն պատասխանեց. (1170 մայիս)։
Յունաց Միքայէլ Անխիալոս պատրիարքի եւ հոգեւորականութեան հակառակութեան պատճառով միութիւնը չիրականացա՛ւ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024