ՀԱՅՈՑ ԵՐԿՐՈՐԴ ՔԱՐՈԶԻՉԸ
Հայ եւ օտարազգի վկայաբանութիւններ Հայոց երկրորդ քարոզիչ կը համարեն Բարթուղիմէոս առաքեալը՝ որ Աւետարանի մէջ յիշատակուած Նաթանայէլի հետ նոյն անձը կը համարուի։ (ՅՈՎՀ. Ա 43-51)։ Բարթուղիմէոս առաքեալ նախապէս Պարսից երկրի հարաւային կողմերը կը քարոզէր եւ ապա Հնդկաստան կ՚անցնի։
Տիրամօր վերափոխումէն յետոյ, որուն ննջման ներկայ չէր, եւ այս իսկ պատճառով իբրեւ մխիթարութիւն ստացաւ Յովհաննէս աւետարանիչի շինած պատկերը եւ Թովմաս առաքեալի յորդորանքով ան Հայաստան կու գայ Սանատրուկի թագաւորութեան 29 տարին՝ շարունակելու համար Թադէոս առաքեալի գործը։
Բարթուղիմէոս առաքեալ քարոզութեան կեդրոն կ՚ընտրէ Վասպուրական նահանգի Անձեւացեաց գաւառը՝ որ յայտնի էր իբրեւ հեթանոսական պաշտօնատեղի, յատկապէս Անահտամեհեանի գտնուած վայրը։
Առաքեալը իր քարոզութեամբ կ՚աշխատի ջնջել հեթանոսութիւնը, կը շահի հետեւողներ, կը շինէ փոքրիկ եկեղեցի մը՝ Աստուածածնի անունով, որու մէջ կը գտնուի իր հետ բերած Տիրամօր նկարը։ Եկեղեցւոյ պահպանութիւնը կը յանձնէ կիներու՝ որոնց մէջ յատկապէս կը յիշուի Մարիամ՝ Յուսիկ իշխանի քոյրը, Աննա՝ Որմզդատի քոյրը, եւ Աննա՝ Մաքովտրի քոյրը։ Այս եկեղեցին աւելի վերջի շրջաններուն յայտնի եկաւ «Հոգեաց վանք» անունով։
Անձեւացեաց գաւառը իբրեւ կեդրոն ընտրելով՝ Բարթուղիմէոս առաքեալ շրջած է նաեւ Հայաստանի այլ եւ այլ կողմերը, ինչպէս կ՚աւանդուի, թէ ան քարոզած է Գողթն գաւառի մէջ եւ տեղացի իշխանը եւ անոր կինը, Խոսրով որդին եւ Վահան թոռը քրիստոնեայ դարձուցած։
Ան քարոզած է նոյնպէս Աղբատ գաւառի մէջ եւ այստեղ քրիստոնեայ դարձուցած ազնուազգի Ոգուհի կամ Աւագուհի տիկինը, եւ այստեղ ալ Սանատրուկի հրամանով Աժդահակ իշխանի ձեռքով նահատակուած։ Այսպիսի գործերու համար Սանատրուկը հին ժամանակներէն «առաքելասպան» կոչումը ստացած է։
Մեր Յայսմաւուրքերը (Սուրբերու վարքը եւ օրուան տօնը պարունակող գիրք. վարք սրբոց) ուրիշ երկու առաքեալ եւս կը նշանակեն Միջագետքի եւ Հայոց քարոզիչ, այն է՝ Յուդա-Թադէոս Յակովբեան, որ եւ Ղեբբէոս, եւ Շմաւոն կամ Սիմոն Կանանացի նախանձայոյզ կոչուածը։
Առաջինի համար կ՚աւանդուի, թէ նախ քարոզած է Ասորեստանի եւ Միջագետքի (Mésopotamie) մէջ եւ ապա մտած է Աղբագ (կամ Աղբակ) գաւառը՝ ուր տեսնուած է Բարթուղիմէոսի հետ եւ այստեղէն ալ անցած է Պարսկահայերու մօտ եւ հաստատուած է Ուրմի քաղաքը (Urmia), ուր եւ նահատակուած է։
Իսկ Սիմոն Կանանացիի համար կը պատմուի, թէ նոյնպէս քարոզած է եւ Պարսիկներու կողմերը եւ նահատակուած է «Ռուսդաւա» կոչուած տեղը՝ Ուրմիոյ մօտ։
Այսպէս ուրեմն Հայաստան չորս առաքեալ գործած են, որոնցմէ երկուքը՝ Թադէոս աշակերտը եւ Բարթուղիմէոս առաքեալը. «նախկին լուսաւորիչներ» կոչուած են, որովհետեւ քարոզած են Հայաստանի խորքերը եւ աւելի արդիւնաշատ եղած են։
Բոլոր քարոզիչներն ալ կու գան Ասորիքի կողմերէն՝ բնական ճանապարհով, եւ այդ պարագան առիթ կու տայ կարծելու, թէ Ասորիներն ալ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւն քարոզած եւ թէ քարոզութեան սկզբնական կեդրոններ եղած են Եդեսիան (Ուրֆա) եւ Մծբինը (Նուսայպին)…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/26/2024
- 11/26/2024