ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը կը շարունակէ իրերայաջորդ ձեւով գրասէրներու տրամադրութեան տակ դնել հետաքրքրական գործեր։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին օրհնութեամբ, վերջերս լոյս տեսաւ «Գէորգ Դ. եւ իւր ժամանակը (1812-1882)» երկը, որու հեղինակն է Վահրամ Եպսկ. Մանկունի։ Այս գործը նախապէս հրատարակուած է Փարիզի «Վէմ» ամսագրին մէջ, 1933-1937 թուականներուն։
Այս գիրքը ձօնուած է հայոց եկեղեցւոյ ամենա-նըշանաւոր դէմքերէն երանաշնորհ Տ.Տ. Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին (1866-1882)։ Ժամանակի իրադարձութիւններուն քաջատեղեակ եւ յաճախ անմիջական մասնակից Վահրամ Եպսկ. Մանկունի այս ուսումնասիրութիւնով ոչ միայն ներկայացուցած է հոգելոյս հայրապետի ստոյգ կենսագրութիւնը, այլեւ տուեալ ժամանակաշրջանի Հայ Եկեղեցւոյ վաւերական պատմութիւնը։
Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հիմնադրութեան 140-ամեակին ձօնուած այս հրատարակութիւնը իրականացուած է՝ աշխատասիրութեամբ ու ծանօթագրութեամբ հաստատութեան դասախօսներէն Տոց. Պետրոս Յովհաննիսեանի։
Գիրքը տպուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի։
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024