ԱՐԴԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ՍԵՒ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆԸ
Ներկայ ժամանակներուն շատ զարգացաւ զբօսաշրջութիւնը եւ այդ մէկը կապուած է շարք մը հանգամանքներու հետ: Նախ՝ բաց, համաշխարհայնացած ու հասանելի աշխարհը դիւրացուց մարդոց տեղափոխումները զանազան պատճառներով, ապա՝ տնտեսական յարաբերական համաշխարհային բարգաւաճումը եւ միջին խաւի զարգացում-կայացումը նաեւ իր դերը խաղաց զբօսաշրջութեան զարգացման եւ վերջապէս գիտական յառաջընթացը, որ դրսեւորուեցաւ մանաւանդ ճամբաներու եւ փոխադրամիջոցներու հնարմամբ, կառուցմամբ ու տարածմամբ, ինչ որ մարդոց առիթ տուաւ անդադար ճամբորդելու: Հետաքրքրական է զբօսաշրջութեան իմաստի, ընկալման ու ընդհանուր հասկացողութեան փոփոխումը ներկայ դարուն: Զբօսաշրջութիւնը ունեցաւ հաւաքական, անհատական, ազգային, խմբային... եւ այլն եղանակներ, իսկ տեսակներով այն եղաւ ուխտագնացային, հետազօտական, մարզական, զուարճանքային եւ նոր յայտնուած սեւ զբօսաշրջութեամբ:
Ընդունուած է, որ աշխարհի մէջ զանազան քաղաքներ, երկիրներ, վայրեր եւ ուղղութիւններ եղան փնտռուած ու ամենաշատ այցելուած, բնականաբար, զարգացած ու հարուստ երկիրները զանազան պատճառներով ամենաշատը քաշողականութիւն ապահովեցին, մինչ այդ բնութեան առինքնող գեղեցկութեամբ վայրերն ալ մնացին փնտռուած, սակայն աշխարհի անծայրածիր բնութեան տեսակաւորումները եթէ որեւէ տեղ չէ ներկայացուած, ծանուցուած ու պատշաճօրէն ծանօթացուած՝ այդ վայրը կը մնայ անյայտ ու անհասանելի: Օրինակ՝ աղքատ ու փտած երկիրներու մէջ միշտ եղած են շատ ու շատ չնաշխարհիկ գեղեցկութեամբ վայրեր, բայց անոնք եթէ մշակուած ու հասանելի չեն, մնացած են անյայտ ու անհասցէ: Իսկ հակադարձ օրինակով՝ զարգացած, կազմակերպուած ու հարուստ երկիրներու մէջ նոյնիսկ ոչ շատ չնաշխարհիկ բնութեան վայրերը կրնան վերածուիլ սիրելիի ու հասանելիի, դեռ չխօսած նոյնինքն մեծ ծրագիրներով զբօսաշրջութեան հաստատութիւններու, հիմնարկներու եւ զբօսավայրերու կառուցման: Աշխարհի զարգացման հետ նորոյթ դարձաւ սեւ զբօսաշրջութիւնը, որ կը կապուի չզարգացած ու այսպէս ըսած՝ անպաճոյճ ու քաոսային վայրեր այցելութիւններու հետ:
Այս զբօսաշրջութիւնը տարածուեցաւ կարգ մը այսպէս ըսած՝ ճանապարհագնացներու կողմէ, որոնք կը կոչուին «ուլոկըր»ներ եւ որոնք հեռուստացուցային կամ համացանցային ծրագիրներ կը սփռեն զանազան վայրերէ: Դասակարգելով զբօսաշրջութիւնները ընկերային դասակարգային ալ իմաստով՝ տեղ մը ճամբորդութիւնները ակամայ առընչուած էին ճոխութիւններու հետ, իսկ սեւ զբօսաշրջութիւնը եկաւ շրջելու ամէն դասական ու հին հասկացողութիւնները: Հետաքրքրական է տեսնել տարածումը սեւ զբօսաշրջութեան, որ այլեւս ո՛չ միայն հետազօտողներով եւ ուլոկըրներով սահմանուած է, այլեւ ներգրաւած է բազմաթիւ ընկերային խաւեր։ Խուլ, չմշակուած վայրեր եւ չզարգացած երկիրներ այցելութիւնները ո՛չ միայն տարաշխարհիկ ապրումներու կամ առկածախնդրութիւններ պարզելու համար կը կատարուին, այլեւ նոյնինքն ապրելաոճի եւ մշակոյթներու յայտնաբերման ու համաշխարհային մեծ կտրուածքով՝ համամարդկութեան զարգացման կը նպաստեն: Եթէ ճերմակ կամ դասական զբօսաշրջութիւնը ուղղորդուած է գերգովազդուած ու դասակարգուած, ապա սեւը աւելի հաւասար է ազնիւին ու համամարդկայինին. կրնանք նոյնիսկ ըսել, որ այն առաքելապաշտ է եւ գեղարուեստական:
Ներկայիս պետութիւնները զբօսաշրջութեան նախարարութիւններ, վարչութիւններ հաստատած են, իսկ ինքնին զբօսաշրջութիւնը յատուկ եկամտային դասակարգում ստացած է՝ միւս տնտեսութեան ճիւղերու եկամուտներուն զուգահեռ: Ներկայ բաց ու համարկուած աշխարհը այցելելի դարձաւ բոլորին կողմէ եւ բոլոր տեսակի զբօսաշրջութիւնները դարձան աւելի մատչելի, դիւրահաս ու հաճոյական: Դժուար է կռահել, թէ ինչպիսի՞ զբօսաշրջական կերպար կը ստանայ վայր մը, բայց ինքնին զբօսաշրջիկի համընդհանուր նկարագրական մը յստակացաւ ներկայ ժամանակներուն եւ սեւ զբօսաշրջութիւնը (ինչ որ ցոյց կու տայ ենթաաճն ու ընկերային համաշխարհային տրամադրութիւնը) ճամբայ ունի կտրելու, անկախ զբօսաշրջիկներու պետական, ընկերային, կրօնական ու մշակութային պատկանելիութիւններէն:
Երկիր մոլորակին վրայ չկայ անհատ մը, որ ժամանակային առումով զբօսաշրջիկ չէ կամ չէ եղած, իսկ այդ մէկը հարստացում ու ընդլայնում կու տայ մարդկային ոգիին եւ համընդհանուր համաշխարհային մշակոյթի ընկալման ու տարածման:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024