ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ՔԱՅԼ
Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Պաղեստինի դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավար, դեսպան, հայազգի դիւանագէտ Տքթ. Մանուէլ Հասսասեանին հանդիպեցանք Հայաստանի Կոտայքի մարզի Գետամէջ գիւղին մէջ: Ան կարճ արձակուրդով մը Հայաստան կը գտնուէր եւ հիւրընկալուած էր Գետամէջ հաստատուած իր եղբօր՝ Յովհաննէս Հասսասեանի ընտանիքին կողմէ: Մանուէլ Հասսասեան ընդունեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցները եւ սիրով պատասխանեց մեր հարցումներուն:
Քաղաքագիտութեան հայազգի տոքթորը ակադեմական գործիչ մըն է: Ան հրապարակած է Պաղեստինեան դատին նուիրուած տասնեակ հատորներ եւ յօդուածներ: Դեսպանը նաեւ այցելու դասախօս է ամերիկեան Մերիլենտ, Վերմոնտ, Ըրլհէմ Գոլէճ եւ այլ համալսարաններու մէջ: Մանուէլ Հասսասեան անցնող Մարտին տիրացած է յաջողակ գործունէութիւն ծաւալած դեսպաններու յատուկ Grassroot Diplomat մրցանակին: Ան պաղեստինեան հարցի գիտակ է, ինչպէս նաեւ՝ օտար համալսարաններու մէջ կը դասախօսէ ղարաբաղեան հարցի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան նիւթերու շուրջ: Ինչպէս ըսաւ մեր զրոյցի ժամանակ, Պաղեստինի բազմաթիւ առաջնորդներ, որոնց հետ աշխատած է ինք, յաճախ համեմատած են հայ եւ պաղեստինցի արաբ ժողովուրդներու ազատագրական պայքարները: Այս առումով մէկ անգամ չէ, որ դիտարկուած է, թէ երկու ժողովուրդները պատմական հարթութեան վրայ որոշակի նմանութիւններ ունին. թէ՛ հայերը, թէ՛ պաղեստիցիները, ունին մեծաթիւ սփիւռք, ունին սահմանակից երկիր մը, որ մշտապէս փորձած է խափանել իր դրացի երկրին պետականաստեղծ գործընթացները: Դեսպանը զրոյցի ընթացքին խօսեցաւ նաեւ այս եւ այլ քաղաքական հարցերու շուրջ: Իսկ ամենէն յատկանշական լուրը, որ ան յայտնեց մեր զրոյցի ժամանակ, այն է, որ շուտով Երեւանի մէջ պիտի բացուի Պաղեստինի դեսպանատուն:
-Պարոն դեսպան, վերջին շրջանին Եւրոպայի մէջ կը տարուին աշխատանքներ, որոնց արդիւնքին Եւրոպայի ժողովրդային խորհրդարանները սկսան քննարկել Պաղեստինի՝ որպէս պետութիւն ճանաչցման գործընթացը: Դուք, ըլլալով Մեծն Բրիտանիոյ մօտ Պաղեստինի դիւանագիտական առաքելութեան ղեկավար, կը գտնուիք Եւրոպայի սիրտին մէջ, պիտի ուզէինք Ձեզմէ լսել, թէ ի՞նչ աշխատանքներ կը կատարուին այդ ուղղութեամբ:
-Մենք գացինք ՄԱԿ, Պաղեստինը որպէս պետութիւն ճանաչելու գործընթացին նոր ընթացք մը տալու համար, աշխարհին ի ցոյց տալու Պաղեստին երկրի իրաւական սահմանները եւ հերքելու Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի այն պնդումները, թէ պաղեստինեան հողերը վէճի խնդրոյ առարկայ են: Մենք գացինք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ, բայց ցաւօք չկրցանք այդ իրաւական ճանաչումը ունենալ, որովհետեւ Պաղեստինը՝ իրաւական պետութիւն ճանչնալու օրակարգը պէտք էր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մշտական տասնհինգ անդամ երկիրներու իննի ձայներուն: Մենք այնտեղ ստացանք ութ քուէներ: Բայց մենք ՄԱԿ-ի ընդհանուր ասամպլէէն ներս յաջողեցանք ապահովել Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը՝ ստանալով ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներէն հարիւր երեսունութի քուէն: Այս ճանաչումը խորքին մէջ խորհրդանշական էր, եւ այս որոշումով աշխարհ կը ճանչնար 4 Յունիս 1967 թուականին ՄԱԿ-ի կողմէ ամրագրուած Պաղեստինի պետութեան իրաւական սահմանները: Ճիշդ է նաեւ, որ ՄԱԿ-ի բոլոր որոշումները որոշ չափով կը կորսնցնեն իրենց ուժականութիւնը, որովհետեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները միշտ կը խափանէ ՄԱԿ-ի որոշումներուն գործադրումը՝ կիրառելով վեթոյի իրաւունք՝ ի նպաստ Իսրայէլի գոյութեան: Գաղտնիք չէ, որ Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր դաշնակիցը՝ տարածքաշրջանին մէջ, Իսրայէլն է: Վերադառնալով եւրոպական գետին, պէտք է նշել, որ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը ընթացք առաւ անցեալ տարուան Հոկտեմբերին, երբ Բրիտանիոյ խորհրդարանը քուէարկեց Պաղեստինը ճանչցող օրինագծի մը օգտին: Եւ Պաղեստինի պետութեան ճանչցման բոլոր գործընթացները տեղի ունեցան եւրոպական երկիրներու ժողովրդավարական խորհրդարաններուն մէջ: Տեղին է նշել, որ Շուէտ, որպէս եւրոպական պետութիւն, միակ երկիրն էր, որ ճանչցաւ Պաղեստինը որպէս անկախ պետութիւն: Մեզի համար այս հանգրուանի կարեւորագոյն թիրախը ո՛չ թէ խորհրդարաններու՝ Պաղեստինի ճանաչումն է, այլ տուեալ երկիրներու կառավարութիւններու կողմէ, որովհետեւ անոնց որոշումներն են, որ իրաւական հիմք ունին:
Ըսեմ նաեւ, որ Պաղեստինը որպէս պետութիւն ցարդ ճանչցուած է ասիական, ափրիկեան, լատին-ամերիկան եւ արաբական մեծ թիւով երկիրներու կողմէ:
Այս բոլոր գործընթացները կու գան հաստատելու, որ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը անխուսափելի է, եւ այդ մէկը ժամանակի խնդիր է:
-Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք հայ-պաղեստինեան յարաբերութիւնները:
-Մենք, եթէ խօսելու ըլլանք հայ-պաղեստինեան յարաբերութիւններուն մասին, զայն պէտք է բաժնենք երկու մասի, նախ՝ Հայաստանի պետութեան եւ Պաղեստինի պետութեան յարաբերութիւնները եւ երկրորդ՝ հայկական Սփիւռքին եւ Պաղեստինին միջեւ յարաբերութիւնները: Պէտք է նշեմ, որ շատ ջերմ յարաբերութիւններ կան Սփիւռքի հայութեան եւ Պաղեստինի միջեւ, յատկապէս, որ 1915-էն ետք մեծ թիւով հայեր Պաղեստին հաստատուեցան եւ ընդունուեցան տեղւոյն արաբ բնակչութեան կողմէ ու այդպէսով հայութիւնը միախառնուեցաւ ո՛չ միայն պաղեստինցի ժողովուրդին, այլեւ՝ բոլոր այն արաբ պետութիւններու ժողովուրդներուն հետ, ուր կայք հաստատեց: Ու գաղտնիք չէ, որ այնտեղ մենք՝ հայերս, որպէս փոքրամասնութիւն չապրեցանք, այլ հաւասար գործեցինք արաբ ժողովուրդներուն հետ: Այս յարաբերութիւնը խորքային արմատներ ունեցող յարաբերութիւն մըն է: Մենք, այո, հայեր ենք, բայց արաբական դատին եւ արաբականութեան հանդէպ մեծ յարգանք ունինք:
Իսկ գալով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն՝ պէտք է ըսել, որ Խորհրդային Միութան անկումէն ետք Հայաստանի եւ Պաղեստինի յարաբերութիւններուն մէջ բաց մը գոյութիւն ունեցաւ: Գաղտնիք չէ, որ Խորհրդային Միութիւնը, իր բոլոր հանրապետութիններով, յատուկ յարաբերութիւններ ունէր պաղեստինցի ժողովուրդին հետ, բայց Հայաստանի անկախութենէն ետք այդ յարաբերութիւնները ձեւով մը սառեցան: Այսօր ես, որպէս հայ արմատներով դիւանագէտ, Պաղեստինի Նախագահ Մահմուտ Ապպասէն յատուկ յանձնարարութիւն ունիմ՝ այդ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ յառաջիկայ ամիսներուն պիտի իրականացնենք Երեւանի մէջ Պաղեստինի դեսպանատան բացումը, որմէ ետք բացումը պիտի կատարուի նաեւ Ռամալլայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան: Ըսեմ նաեւ, որ պաղեստինցի ժողովուրդին մօտ խորին յարգանք եւ մեծ սէր կայ հայ ժողովուրդին հանդէպ: Պաղեստինցի ժողովուրդը լաւ գիտէ հայ ժողովուրդին անցեալը, պատմութիւնը եւ դատը: Այստեղ պէտք է մատնանշեմ, որ Պաղեստինի տարածքին իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ին կը նշենք հայ զոհերուն յիշատակը: Հայաստանի արդի պատմութիւնն ալ իր կարգին շատ մեծ տեղ կը գրաւէ Պաղեստինի քաղաքական վերին խաւերուն մօտ: Օրինակ, իմ յիշողութեանս մէջ թարմ է, որ 88-եան շարժումէն ետք, ես յատուկ յանձնարարութեամբ մը ելոյթ ունեցայ Ռամալլայի համալսարանին մէջ, ուր խօսեցայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին: Պատերազմը նոր սկսած էր այդ շրջանին եւ պատկերացուցէք, իմ կատարած բոլոր հետեւութիւններս աւելի ուշ իրականութիւն դարձան:
Իսկ գալով այսօրուան նախագահ Մահմուտ Ապպասին, պէտք է նշեմ, որ պարոն նախագահը շատ մօտէն կը հետեւի Հայաստանի շուրջ ընթացող զարգացումներուն եւ լաւ կը ճանչնայ հայ ժողովուրդի անցեալն ու ներկան: Պէտք է շեշտեմ, որ Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (PLO) հիմնադիր եւ յայտնի առաջնորդ Եասէր Արաֆաթ 1970 թուականին շատ ջերմ յարաբերութիւններ ունէր Լիբանանի մէջ գործող երեք հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն հետ: Եւ այդ օրերուն է, որ այդ սերտ համագործակցութեան շնորհիւ պաղեստինեան ջոկատները զինուորական բախումներ չունեցան հայկական շրջաններուն անվտանգութիւնը ստանձնած հայ կուսակցութիւններու զինեալներուն հետ: Հայութինը, ինչպէս գիտէք, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ողջ ընթացքին հանդէս եկաւ «դրական չէզոքութիւն» կոչուած մօտեցումով: Բան մը, որ մեծաւ մասամբ նպաստեց, որպէսզի լիբանանահայ համայնքը զերծ մնայ լիբանանեան պատերազմի մեծ արհաւիրքներէն:
Վերադառնալով այսօրուան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու վերամշակման խնդրին, ամենայն համեստութեամբ կ՚ուզեմ յստակ նշել, որ ես յաջողեցայ կարեւոր ներդրում ունենալ Պաղեստինի ղեկավարութեան եւ յատկապէս՝ Նախագահ Մահմուտ Ապպասը համոզելու, թէ մեզի համար Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւումը դրական քայլ մըն է: Դուք շատ լաւ գիտէք Թուրքիոյ ունեցած տարածքաշրջանային կարեւոր դերը: Այդ առումով նաեւ պէտք է լաւ հասկնանք Նախագահ Ապպասի ունեցած վերապահութիւնները այն առումով, որ Հայաստանի մէջ դիւանագիտական որեւէ շեշտուած քայլ կրնայ ժխտական անդրադարձ ունենալ պաղեստինա-թրքական յարաբերութիւններուն վրայ: Իբր այդ է, որ դեսպանատան բացումը ուշացած է: Բայց այսօր, որոշ հանգամանքներու բերումով պիտի ըսեմ, որ այդ բոլոր արգելքները վերացած են: Այստեղ նաեւ կ՚ուզեմ աւելցնել, որ ես պարոն նախագահին հետ իմ ունեցած բազում զրոյցներուս ընթացքին շեշտած եմ, թէ Պաղեստինը, որպէս երկիր, դրական յարաբերութիւններ պէտք է մշակէ ո՛չ միայն Թուրքիոյ եւ արաբ-իսլամական երկիրներուն, այլ նաեւ՝ կովկասեան զանազան երկիրներուն հետ, որոնց շարքին կը գտնուի նաեւ Հայաստանը: Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացը ա'յս ծիրին մէջ պէտք է դիտարկել:
-Պարոն դեսպան, ինչպէ՞ս կը ներկայացնէք Կազզէի իրավիճակը։ Կազզէն որպէս անկախ միաւոր կը գործէ եւ անոր ղեկավարութիւնը ստանձնած է «Իսլամ եղբայրներ»ուն հետ անմիջական գաղափարախօսական կապ ունեցող «Համաս» շարժումը:
-Շատ կարեւոր հարցում մըն է: Այն իրավիճակը, որ ստեղծուեցաւ Կազզէի մէջ, շատ ժխտական ազդեցութիւններ ունեցաւ ընդհանուր պաղեստինեան դատին վրայ: Այն իմաստով, որ Կազզէի մէջ տիրող անջատողական շարժումը շատ յաճախ առիթ կը հանդիսանայ Իսրայէլի համար՝ իր ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը գործադրելու: Մենք այսօր, որպէս պաղեստինեան պետութիւն, «Համաս»ի հետ ստեղծած ենք ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն: Բայց մեր փափաքն է, որ մենք կարողանանք կերտել ազգային միասնութեան կառավարութիւն: Մեր՝ Պաղեստինի Ռամալլայի կառավարութիւնը լուրջ գաղափարական տարակարծութիւն ունի «Համաս»ին հետ: Սակայն կը հաւատանք, որ այդ տարբերութիւնները կարելի է լուծել բանակցութիւններու սեղանին շուրջ՝ յանուն պաղեստինեան դատին: Ի վերջոյ, մասնատումը վնասակար է մեր ժողովուրդին համար: Մենք այդ մէկը շատ լաւ կը գիտակցինք:
Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլին, ապա Իսրայէլ իր այս կառավարութեամբ եւ քաղաքականութեամբ ցոյց տուաւ, որ ինք պատրաստ չէ խաղաղութեամբ ապրելու իր պաղեստինցի դրացիին հետ: Անոնք կը շարունակեն աշխարհը համոզել, որ պաղեստինցիները եկուոր, դրսեցի ժողովուրդ են շրջանին մէջ, իսկ իրենք Աստուծոյ ընտրեալներն են երկրի վրայ: Այս դարուն այս ըմբռնումները այլեւս տեղ չունին:
Այստեղ պէտք է նշեմ նաեւ, որ Իսրայէլ յայտնուած է քաղաքական լուրջ մեկուսացման մէջ ու ամենէն կարեւորը՝ ան կորսնցուց ժողովրդավարութեամբ ապրող երկրի մը իր նախկին հռչակը:
-Դուք ըսիք, որ մօտ է պաղեստինեան դատի լուծումը: Ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք Եւրոպայէն:
-Իմ կարծիքով՝ պաղեստինեան դատը, պաղեստինեան հարցը պիտի լուծուի եւրոպական երկիրներու միջամտութամբ: Օրինակ մը տալու համար պէտք է նշեմ Մեծն Բրիտանիոյ պարագան: Երբ ես 2005 թուականին ստանձնեցի Մեծն Բրիտանիոյ մօտ Պաղեստինի դեսպանի պաշտօնը, ժողովրդային մակարդակի վրայ բրիտանացիներուն 30 առ հարիւրը միայն զօրավիգ կը կանգնէր պաղեստինեան դատին: Իսկ այսօր բրիտանացի ժողովուրդի 75 առ հարիւրը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ պաղեստինցի ժողովուրդին: Այս տասը տարուան անխոնջ աշխատանքի միջոցաւ մենք կարողացնաք ցոյց տալ խնդրի իսկական դիմագիծը:
Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ նաեւ կայ հոսանք մը՝ բրիտանացի աքթիւիսթներու եւ լրագրողներու, որոնք Պաղեստին կ՚այցելեն եւ իրենց օժանդակութիւնը ցոյց կու տան մեր ժողովուրդին:
-Ի՞նչ ունիք ըսելիք հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներու նմանութիւններուն մասին, ինչ որ յաճախ կը շեշտուի:
-Մենք՝ պաղեստինցիներս, բաւականին երկար եւ դժուարին ճանապարհէ մը անցած ենք: Կը խոստովանիմ, որ մօտիկ անցեալին մեծ բացթողումներ եւ սխալներ ալ գործած ենք, մասնաւորապէս՝ Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ: Օրինակ, մտած ենք Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքի յորձանուտին մէջ, բան մը, որ ժխտական արդիւնքներ ունեցաւ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ պաղեստինեան դատին համար: Այսօր այս բոլորը կը պատկանին անցեալին: Պաղեստինը լիարժէք պետութիւն մըն է, եւ մենք ապագային կը նայինք որպէս խաղաղութիւն տենչացող եւ արդարութեան համար պայքարող ժողովուրդ մը, որ իր արժանի տեղը պիտի գրաւէ միջազգային քաղաքական թատերաբեմին վրայ: Այդպիսի տենչերով լեցուած է նաեւ հայ ժողովուրդը: Ան նոյնպէս կը պայքարի իր խաղաղութեան համար: Այս առումով նաեւ կը հաւատամ, որ Հայաստան եւ Պաղեստին միասին կարեւոր դեր ունին կատարելիք, տրուած ըլլալով, որ երկու ժողովուրդներն ալ զինուած են պատմական դժուարին եւ իմաստնութեամբ յատկանշուող փորձառութիւնններով: Ինչպէս ըսի, կը հաստատեմ, որ հայ եւ արաբական բարեկամութիւնը ոչ միայն պատմական խորք ունի, այլ նաեւ կը բխի մարդկութեան համերաշխութեան եւ խաղաղութեան հանդէպ մեր երկու ժողովուրդներու ունեցած պաշտամունքէն:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ