ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Պատրիարքական Աթոռը երէկ հիւրընկալեց միջեկեղեցական հիւրեր։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ղպտի Ուղղափառ, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական հոգեւորականներ, որոնք այցելեցին Գումգաբու։
Ֆրանսիսքեան միաբանութեան անդամներէն Հայր Անտրէ-Մարի Ռահպար վարդապետին ու Աւետարանական եկեղեցիէն պատուելի Ռապըրթ Ասիլիընի նկատմամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցուցաբերեց ջերմ վերաբերմունք։ Անոնք յայտնեցին, որ հիւրաբար քաղաքիս մէջ կը գտնուէին ու փափաքած էին իրենց կեցութեան առիթէն օգտուելով ծանօթանալ Նորին Ամենապատուութեան հետ եւ հաղորդ դառնալ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան իրականութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրերուն բացատրութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի առաքելութեան ու պատմութեան շուրջ, անդրադարձաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի դրուածքին, ինչպէս նաեւ քաղաքիս քրիստոնէական կեանքին։
Բաց աստի, Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ առաւօտ ընդունեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ քաղաքիս նորանշանակ հոգեւոր հովիւը՝ Մարք Ասսատ քահանան եւ ընկերակիցները։ Դաւանակից Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ նոր հովիւը փափաքած էր պաշտօնամուտի փուլին ներկայանալ Նորին Ամենապատուութեան։ Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհունակութիւն յայտնեց, Պոլսոյ մէջ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ հաւատացեալներէն բաղկացեալ նոր համայնքի մը ձեւաւորման կապակցութեամբ։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024