ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐՇԱՒ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) այս շրջանին անվճար բշժկական օժանդակութիւն կ՚ապահովէ այն հայ ընտանիքներուն համար, որոնք Արցախէն բռնի տեղահանուած են։ Աշխարհատարած բարենպատակ հաստատութիւնը կը շարունակէ հրատապ խնդիրներու ընդառաջ գործնական քայլեր առնել՝ իր զօրակցութեան քաղաքականութեան սկզբունքին միշտ հաւատարիմ։
ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորք կեդրոնէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, որ այս տարի «Քլոտիա Նազարեան» բազմաբուժարանը աշխատանքի ընդունած է Արցախէն բռնի տեղահանեալ մասնագէտները, որոնք իսկ մասնագիտական աշխատանք կը կատարեն բռնի տեղահանեալներուն հետ։ Այս մօտեցումը կը նպաստէ հիւանդի եւ մասնագէտի միջեւ անարգել փոխըմբռնման ու վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման։ Այս շրջանին յիշեալ փոլիքլինիքի մասնագիտական սարքաւորումներն ալ բարելաւուած են, նաեւ աշխատանքային ժամերը երկարաձգուած։
ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի գործադիր տնօրէնուհի Մարինա Մխիթարեան այս կապակցութեամբ ըսաւ. «Մեր տրամադրած օգնութիւնը կը սկսի այն իսկ պահէն, որ հիւանդը կը բուժէ իր իսկ բարբառով խօսող եւ Արցախի վերջին երեք տարիներու ապակայունացման ու կորուստին պատճառ դարձած դժբախտութիւններուն միջով անցած բժիշկը։ Հայաստանի մէջ այս զգացման խթանումը եւ բարձրորակ բժշկական օգնութեան տրամադրումը դարձած է դիւրին հասանելի, ինչ որ մեծապէս կը նպաստէ տեղահանեալ ընտանիքներուն՝ մանաւանդ անոնց վերականգնման դժուարին ճանապարհին վրայ։