ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն զգալի յառաջընթաց արձանագրել խաղաղութեան պայմանագրի ձեռքբերման ուղղութեամբ։ Իր խօսքով՝ Ուաշինկթըն կը շարունակէ աշխատիլ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան համաձայնագրի ապահովման նպատակով։ «Մենք վճռած ենք այս գործընթացին աջակցիլ։ Եկած է խաղաղութեան ժամանակը եւ մենք կը շարունակենք աշխատիլ համաձայնութեան հասնելու համար», ըսաւ բանբերը։

Իր կարգին, ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սեմենթա Փաուըր հրապարակեց տեսանիւթ մը՝ դէպի Հայաստան վերջին այցելութիւնը ամփոփելու համար։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ Երեւան-Ուաշինկթըն համագործակցութիւնը օրէ օր աւելի կ՚ամրապնդուի։ «Հայերու հետ խօսելու ժամանակ՝ շատ պարզ կը դառնայ, որ այս պահուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է դիմակայութեան ձեւաւորման վրայ. դիմակայութեան ձեւաւորում պարէնային անվտանգութեան ոլորտէն ներս, դիմակայութեան ձեւաւորում, երբ խօսքը կը վերաբերի կլիմայի ցնցումներուն եւ, ի հարկէ, դիմակայութիւն ուժանիւթի ոլորտէն ներս, որպէսզի երկիրը աւելի տեսակաւոր մատակարարներէ ուժանիւթ ստանայ», նշեց Փաուըր եւ աւելցուց, որ իր կառավարած գործակալութեան համար իսկապէս պատիւ է աջակցիլ այս ոլորտներէն իւրաքանչիւրին ուղղութեամբ գործադրուած ջանքերուն:

Երեքշաբթի, Յուլիս 23, 2024