ՆՈՐՈՎԻ ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆ

Այսօր Թեհրանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Իրանի նորընտիր նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի երդման արարողութիւնը։ Նորընտիր նախագահին ընտրութիւնը վերջին օրերուն վաւերացուած էր Իրանի կրօնապետ Այէթուլլահ Ալի Խամանէյի կողմէ։

Փեզեշքիանի պաշտօնամուտին առթիւ տասնեակ օտարերկրայ պատուիրակութիւններ մեկնած են Թեհրան։ Թուրքիան կը ներկայացնէ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ նոյն առթիւ Թեհրանի մէջ է։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ ան արդէն առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցած է Փեզեշքիանի հետ։ Իրանի վերջին ընտրութիւններու արդիւնքներու հրապարակումէն վերջ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցած էր Փաշինեանի եւ Փեզեշքիանի միջեւ։ Այս առաւօտեան հանդիպման ընթացքին վարչապետի կողքին էին Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան, արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան եւ Թեհրանի մօտ դեսպան Արսէն Աւագեան։ Այս առաւօտեան զրոյցի ընթացքին Փեզեշքիան Փաշինեանին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ պաշտօնամուտին ներկայ գտնուելուն բերումով։ Ան շեշտեց, որ Իրան կը կարեւորէ բարեկամ Հայաստանի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներէ ներս յարաբերութիւններու շարունակական զարգացում։ Իր կարգին, Փաշինեանն ալ ընդգծեց, որ Իրանի հետ բազմակողմանի համագործակցութիւնը Հայաստանի համար ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Երկու հարեւաններու կապերը խարսխուած են փոխադարձ յարգանքի եւ ըմբռնման հիման վրայ։

Զրոյցի տեւողութեան Փեզեշքիան վերահաստատեց նախապէս բարձր մակարդակի վրայ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։

«Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծն ալ ներկայացնելով՝ Փաշինեան շեշտած է, որ իր մասնակցութիւնը կը վկայէ Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ Իրանի հետ ամենաբարձր մակարդակով յարաբերութիւնները խորացնելու, համագործակցութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ։ Վարչապետը մատնանշեց Երեւանի որդեգրած սկզբունքները, որոնք միտուած են տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման։

Փեզեշքիան կարեւորեց տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման ուղղեալ հետեւողական ջանքերը։ Իր խօսքով՝ Թեհրանի տեսակէտէ առանցքային նշանակութիւն ունի տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան պահպանումը։ Փաշինեան կարեւորեց Իրանի ներգրաւումը՝ Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման՝ մանաւանդ Ագարակ-Քաջարան հատուածի կտրուածքով։

Զրոյցի տեւողութեան Մեսուտ Փեզեշքիան վերյիշեց մասնաւոր այցելութեամբ Հայաստան գտնուած ըլլալն ու ջերմ տպաւորութիւնները։

Միւս կողմէ, Փեզեշքիան այսօրուան երդման արարողութեան ընդառաջ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Անգլիական «The Guardian»ը վերջին օրերուն գրած էր, թէ Փեզեշքիան կրնայ Արեւմուտքի նկատմամբ յարաբերաբար աւելի մեղմ գծի մը տանիլ Իրանը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 30, 2024