ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԽՕՍՔԵՐ

Գաղափար մը երբեմն կարելի է մէկ խօսքով բացատրել փոխանակ երկար գրութիւններ կամ նախադասութիւններ գործածելու։ Եւ ահաւասիկ, զանազան նիւթերու մասին իմաստալից խօսքեր։

- Ծառը արմատներով կը զօրանայ, մարդը՝ իր բարեկամներով։

- Որչափ որ անձ մը քեզ Աստուծոյ կը մօտեցնէ, այն չափով ան քու բարեկամդ է։

- Եթէ բարեկամ չունիմ՝ Աստուած ինծի թշնամի մը կը ղրկէ՝ որ իմ սխալներուս մասին զիս յանդիմանէ եւ ես սխալներուս անդրադառնամ։

- «Ի՞նչ է բարեկամը. ան հոգի մըն է, որ երկու մարմնի մէջ կ՚ապրի», կ՚ըսէ Արիստոտէլ։

- Յիսուսէ աւելի ճշմարիտ բարեկամ չէ՛ եղած. այն բաները որ Իր Հօրմէն լսեց՝ մեզի փոխանցեց եւ Իր կեանքը «կամուրջ» մը ըրաւ դէպի դրախտ տանող։

- «Անպէտ կեանք մը վաղահաս մա՛հ է», կ՚ըսէ Կէօթէ։

- «Ես եկայ որպէսզի կեանք ունենաք եւ աւելի եւս ունենաք», կ՚ըսէ Յիսուս։

- Ան որ օրինակելի կեանք մը կ՚ապրի, լաւագոյն քարոզի՛չն է։

- Խաչին սանդուխը մէկ աստիճան ունի՝ հաւատք, որ մեզ երկինք կը տանի։

- Եթէ խաչիդ դիմադրես՝ աւելի՛ կը ծանրանայ, եթէ մերժես՝ ուրիշ մը կրնայ զայն փոխարինել, որ առաջինէն ծանր կ՚ըլլայ։

- Իւրաքանչիւր թռչուն՝ որ դէպի երկինք կը սաւառնի, խա՛չ մը կը կրէ իր թեւերուն վրայ։

- «Եթէ խաչին նշանը այդքա՛ն զօրութիւն ունի, որքա՛ն աւելի Խաչեալը՝ Ի՛նքը», կ՚ըսէ Կիպրիանոս։

- Գրիչդ գործածէ որպէս ձիթենիի ճիւղ, եւ ո՛չ որպէս գաւազան կամ խթան՝ ուրիշները հարուածելու եւ ծեծելու համար։

- Առաջիններ պիտի ըլլան վերջին, եւ վերջիններ՝ առաջի՛ն։ Քանի որ խոնարհներ կը բարձրանան, իսկ գոռոզ եւ ինքնիրմով հպարտներու համար անխուսափելի կ՚ըլլայ անկումը։

- «Երկինքի մէջ չկան թագ կրողներ՝ որոնք արդէն խաչ կրած չեն երկրի վրայ», կ՚ըսէ Սբըրճըն։

- «Խաչդ կրէ համբերութեամբ եւ յանձնումով. եւ վերջաւորութեան ա՛ն քեզ պիտի կրէ», կ՚ըսէ Թոմաս Գէմբացի։

- Ան որ ինքզինք կը հոգայ այս կեանքին համար եւ չի մտածեր յաւիտենականութեան մասին, իմաստուն մարդ մըն է մէկ վայրկեանի մը համար, բայց յիմար՝ յաւիտեա՛նս։

- Մարդ ծրագիրներ կը մշակէ այս կեանքին համար որպէս թէ երբեք պիտի չվերջանայ եւ ծրագիրներ կ՚ընէ գալիք կեանքին համար, որպէս թէ երբեք պիտի չսկսի։

- Հաւատացեալ մը ամբողջ յաւիտենականութիւն մը պիտի ունենայ իր յաղթանակները տօնակատարելու, բայց շատ քիչ ժամանակ հոս՝ զանոնք շահելու համար։

- Կեանքին՝ արկածով կամ դիպուածով՝ պատահաբար գոյութիւն առնելու կարելիութիւնը, հաւասարապէս բաղդատելի է տպարանի մը մէջ պայթումի մը հետեւանքով ընդարձակ բառարանի մը գոյութիւն առնելուն։

- Եթէ հանդիպիս խօսակիցի մը՝ որ կը պնդէ, թէ ինք կապիկէն յառաջ եկած է, մի՛ վիճաբանիր, քանի որ ինք քեզմէ աւելի լաւ գիտէ իր ընտանիքին ծառը…

- «Կեանքս կառավարող սկզբունքը ա՛յս է. որեւէ բան որ Քրիստոսի հանդէպ ունեցած սէրս կը պակսեցնէ, կամ Սուրբգրային սերտողութիւնս կը գողնայ, կամ աղօթքի կեանքս կը տկարացնէ եւ կամ Տիրոջ գործը կը դժուարացնէ՝ մե՛ղք է ինծի համար, եւ ես որպէս հաւատացեալ-հաւատաւոր, պէտք է հեռո՛ւ կենամ անկէ եւ փախչիմ», կ՚ըսէ Չէրմըն։

- «Աւելի երջանկաբեր է տա՛լը, քան առնե՛լը». (ԳՈՐԾՔ. Ի 35)։

- «Քու գաղափարներուն սաստիկ կը հակառակիմ եւ կ՚ընդդիմանամ անոնց, բայց քու գաղափարներդ ազատօրէն արտայայտելու իրաւունքդ կը պաշտպանեմ կեանքիս գինով», կ՚ըսէ Վոլթէր։

Ահաւասի՛կ, իմաստալից խօսքեր՝ որոնք շատ բան կ՚ըսեն քան երկար բայց անիմաստ խօսքեր։ Արդարեւ, այս ամփոփ եւ իմաստլից խօսքերէն՝ բնաբան առնելով կարելի է պատրաստել եւ ներկայացնել հոգեւոր յօդուածներ, քարոզներ, օգտաշատ խրատներ…

Գաղափարներ, անշուշտ, մարդկութեան գոյապահպանման եւ գոյատեւման, յառաջդիմութեան համար անհրաժեշտ են։ Գաղափարը բանաւորութեան բնական մէկ հետեւանքն է. այս մասին ոչ մէկ կասկած։ Բայց պէտք չէ անտեսել, որ առանց խղճի որեւէ գաղափար թերի է, եւ առանց խղճի գաղափարը ի վերջոյ կը դառնայ բռնութեան եւ ճնշումի միջոց։ Ուստի, միտքը եւ խիղճը համընթաց ըլլան, զիրար լրացնեն եւ զիրար հակակշռեն, եւ այն ատեն է որ մարդ կ՚ըլլայ «ամբողջական մարդ», կատարեա՜լ մարդ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 27, 2024, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 31, 2024