ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԲՆԱԳԱՒԱՌԸ
Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասըրեան յայտնեց, որ Չինաստանի հետ բարձր մակարդակով համագործակցութիւնը կը զարգանայ նաեւ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս։ «Ներկայիս Չինաստան կը հանդիսանայ Հայաստանի կարեւորագոյն միջազգային գործընկերներէն մին եւ բարեկամական երկկողմանի համագործակցութեան ապագայ զարգացումը մեր պետութեան արտաքին քաղաքականութեան գերակայութիւններէն է», ըսաւ ան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զօրավար Ասըրեան Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ Չինաստանի բանակի հիմնադրութեան 97-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած տօնակատարութեան։ Իր կարգին, Երեւանի մօտ Չինաստանի ժամանակաւոր հաւատարմատար Չեն Մինն ալ յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է աւելի խորացնել երկկողմանի համագործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ՝ ներառեալ անվտանգութիւնը։