ԵՒ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ…
Սուրիոյ ներքին պատերազմէն խոյս տալով՝ Քոպանի քաղաքէն Թուրքիա ապաստանած երեք հայ ընտանիքներէն երկուքը այս շաբաթավերջին պիտի մեկնին Հայաստան։
Ինչպէս ծանօթ է, սուրիահայ այս երեք ընտանիքները ապաստան գտած էին AFAD-ի Սուրուչի՝ ապաստանեալներուն յատկացուած վրանային ճամբարին մէջ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան փութացած էր անոնց այցելութեան, ընկերակցութեամբ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի։ Այդ այցելութենէն վերջ, Պատրիարքական Աթոռը հետեւողականօրէն հետամուտ եղած է սուրիահայ այդ ընտանիքներու խնդիրներու լուծման։ Նկատի ունենալով, որ անոնք փափաք յայտնած էին Հայաստան մեկնելու, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ըստայդմ ուղղութիւն տուած է Պատրիարքարանի նախաձեռնութիւններուն։ Պատրիարքական Աթոռը շփման մէջ անցած է պատկան իշխանութիւններուն հետ՝ թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ Հայաստանէն։ Ընդհանուր Փոխանորդը հետամուտ եղած է, որպէսզի Հայաստան մեկնիլ փափաքող երկու ընտանիքներու հարցը լուծուի արագ ձեւով։ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան կապ հաստատած է Արտաքին գործոց նախարարութեան, աւելի վերջ ալ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան հետ՝ որպէսզի վերջնական լուծում մը գտնուի՝ սուրիահայ ընտանիքներու ուղեւորութեան համար։ Գործընթացի սկիզբին գաղթական երեք ընտանիքներն ալ կը փափաքէին մեկնիլ Հայաստան, ընթացքին սակայն անոնցմէ մին հրաժարեցաւ այդ նախընտրութենէն։ Ներկայիս, Հայաստան մեկնիլ փափաքող երկու ընտանիքներու պարագային ընթացակարգը զարգացած է բարեյաջող հունի մը մէջ եւ արդէն վերջնական հանգրուանին հասած։
Ելքի ու մուտքի ժամանակ խնդիրները կանխելու համար ստեղծուած են անհրաժեշտ պայմանները, ապահովուած՝ անհրաժեշտ փաստաթուղթերը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ այս Կիրակի այդ երկու ընտանիքները Հայաստան պիտի մեկնին՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ընկերակցութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը որոշած է անձամբ հետեւիլ սուրիահայ այս երկու ընտանիքներու Հայաստանի մէջ պատկան իշխանութեանց պատասխանատուներու յանձնման հանգրուանին։ Ան այս առաքելութիւնը աւարտելէ վերջ Չորեքշաբթի պիտի վերադառնայ քաղաքս։
Հարկ է նշել, որ այս իրադարձութիւնը արձագանգ գտած է նաեւ Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։