ԲՈՂՈՔԵ՞Լ, ԹԱԽԾԵ՞Լ, ԹԷ ԸՆԵԼ
Դարձեալ կը կրկտեմ մամուլի հին էջերը. ձեռքիս մէջ ունիմ մեր թուականէն 120 տարիներ առաջ՝ 10 դեկտեմբեր 1904 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ հրատարակուած «Կոչնակ»ը (Դ. տարի, թիւ 209): Այս թիւին մէջ խմբագիրը կը հրատարակէ «Ի՞նչ է այն» խորագրեալ խմբագրական մը, ուր կը փորձէ խօսիլ իր օրերու հայու վիճակին մասին. յօդուածագիրը խօսելով հայու մտայնութեան մասին՝ զանոնք երկու մասի կը բաժնէ. ան հայկական ու ազգային հարցերու լուծման պարագային կը գտնէ խումբ մը, որ ամբողջութեամբ անյոյս ու անտարբեր կ՚ուզեն լուռ հանդիսատեսը ըլլալ հայու ճակատագրին, իսկ այլ խումբ մը կը հաւատայ, թէ հայ ժողովուրդի բարեկեցիկ ընթացքը կախեալ է Եւրոպայի գութէն ու օգնութենէն:
Տարօրինակ ձեւով կար հայու տեսակ մը, որ խմբագիրի բառերով կը հաւատար, թէ «եթէ Եւրոպա բան մը չընէ՝ հայուն ուրիշ հնար մը, ճար մը չի մնար իր անձին պատւոյն եւ իրաւունքին տէր ըլլալու. յոյս չկայ մեզի, Եւրոպան է մեր յոյսը»: Այս մէկը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ, որովհետեւ այս տողերէն հարիւրաւոր տարիներ ետք ականատես կ՚ըլլանք, թէ հո՛ն ենք՝ ուր էինք անցեալին. չես գիտեր ինչո՞ւ, հայը երրորդ ու ամենէն կարեւոր տեսակէտը չէ ունեցած. իր սեփական ուժերուն վրայ չէ ուզած վստահիլ եւ իր խնդիրները ինքնուրոյն լուծել, այլ նախընտրած է իր փրկութիւնը ակնկալել օտարէն՝ որ վերջաւորութեան ի՛ր շահերը պիտի հետապնդէ եւ ո՛չ մեր ժողովուրդին:
Սակայն, ինչպէս յոյսի պարագային երկքուի կը բաժնուին, նոյնպէս երկքուի կը բաժնուին իրենք իրենց միջեւ. օրինակի համար՝ այն խումբը, որ կը հաւատայ Եւրոպայի գութին, ինքն իր մէջ երկքուի կը բաժնուի. շատեր կը հաւատան, թէ Եւրոպայէն եղած գութը պէտք է «պահանջել», ցոյցեր ընել ու բողոքի ձայն բարձրացնել եւ «բռնութեամբ» ուզել, իսկ այլ խումբ մը կը հաւատար, թէ այդ մէկը պահանջելու փոխարէն պէտք է խնդրել՝ շատ անգամ լալով ու ողբալով, պաղատելով, յուսալով՝ որ Եւրոպայի գութը շարժի (ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ. «չլացող մանուկին կաթ չեն տար):
Հայը մի՛շտ օտարէն սպասած է փրկութիւնը, առանց մտածելու, որ այդ փրկութիւնը սպասելու փոխարէն կարելի է ստեղծել։ «Կոչնակ»ի խմբագիրը մեր ազգի անտարբերութիւնը կը նկարագրէ հետեւեալ տողերով. «ձեռք ձեռքի վրայ դնելով նստիլ յուսահատ եւ աղեխարշ տխրութեամբ ճակատագրի խաղը դիտել»:
Սակայն յօդուածի շարունակութիւնը աչքի առջեւ ունենալով համաձայն, չե՛նք ըլլար խմբագիրին հետ. գրողը կը հաւատայ, թէ սխալ է յուսահատութեամբ դիտել ազգի կորուստը. կը հաւատայ նաեւ, որ ցոյցերն ու բողոքները եւս արդիւնք մը չեն ունենար, որովհետեւ քու սեփական փրկութեանդ համար չես կրնար օտարը ստիպել՝ որպէսզի օգնութեան ձեռք մեկնէ, հետեւաբար աւելի նախընտրելի կը դիտէ երրորդը՝ թախանձանքով ու խնդրանքով փրկութիւն ակնկալել: Բայց այստեղ եւս կը ծագի խնդիր մը. որմէ՞ խնդրել. շատեր կը խնդրէին Աստուծմէ՝ յուսալով որ Աստուած վերջ պիտի տայ հայու ցաւերուն եւ խոստացուած փրկութիւն մըն ալ հայ ազգին պիտի պարգեւէ. գուցէ Աստուած պատճառ ըլլար, որպէսզի շարժէր Եւրոպայի գութը: Աչքէ անցուցէք Հայաստանի մերօրեայ քաղաքական վիճակը եւ փորձեցէք հասկնալ, թէ ի՞նչ կը մտածէ հայ ժողովուրդը: Նոյն պատկերը պիտի տեսնէք. մին կը սպասէ, որպէսզի Ռուսաստանի գութը շարժի, իսկ ուրիշ մը՝ Ամերիկայի. այդ կարծեցեալ փրկութիւնը մի՛շտ դուրսէն փնտռելու հիւանդութիւնը կը շարունակուի:
Մենք լաւապէս կը գիտակցինք, թէ ինչպիսի ազդեցութիւն կրնայ ունենալ օտար ազգերու միջամտութիւնը եւ այդ «յոյս»ը երբեք չենք թերագնահատեր, սակայն կը հաւատանք, թէ սեփական ջանքի բացակայութեան ուրիշին օգնութիւնը ակնկալելը, սեփական ձեռքերով ազատութիւնը սպաննել կը նշանակէ. ամէ՛ն ազգի ու պետութեան համար սեփական բարեկեցութիւնն ու շահը շատ աւելի առաջնահերթ է, քան մարդկային բոլոր հանգամանքները. մեր մտաւորականները բազմահազար անգամ, նոյնիսկ իրենց կեանքի գնով փորձած են հայ ազգին հասկցնել, որ փրկութեան միակ միջոցը միութիւնն է ու այդ միութեան յառաջացուցած անկործանելի ուժն ու կամքը. քու ունեցած վէրքիդ մասին չի՛ կրնար ուրիշը մտածել այնքան՝ ինչքան դուն, որ լաւապէս կը զգաս այդ վէրքերուն պատճառած ցաւը՝ որ կը շարունակի արիւնիլ: Այս իսկ պատճառով կը հաւատանք, որ մերօրեայ դժբախտ վիճակին միակ պատճառը մե՛նք ենք եւ ո՛չ թշնամին, ամերիկացին եւ կամ ռուսը: Մենք՝ որ միութեան կարեւորութեան հաւատալով հանդերձ յամառութեամբ կը շարունակենք մնալ անմիաբան՝ անոր պատճառած դժբախտ արդիւնքի պատճառ գտնելով ճակատագիրը:
Այս բոլորէն ետք տակաւին ականջալուր կ՚ըլլամ մարդոց անիմաստ վիճաբանութիւններուն. մէկը կը մեղադրէ Ամերիկան, միւսը Ռուսաստանը, իսկ ուրիշ մը Ատրպէյճանը, սակայն, ո՛չ ոք ինքզինք կը մեղադրէ. անսխալական են մեր ղեկավարները, կուսակցութիւնները, եկեղեցին եւ ժողովուրդը. անմեղ նոխազներ, որոնք միշտ ուրիշին սխալներուն «զոհ» կ՚երթան... Դժուար է գտնել մարդ մը, որ ուրիշի սխալը մատնանշելէ առաջ իր սխալը բարձրաձայնէ եւ լուծումը սկսի փնտռել սեփական անձի սրբագրութեան մէջ. սակայն մենք ինքնասրբագրութիւն չունինք. մենք միայն կրնանք ուրիշը սրբագրել՝ նոյնիսկ եթէ մենք բազմահազար սխալներու մէջ գտնուինք:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աստուածաշունչի մէջ հայ ժողովուրդը յիշուա՞ծ է:
Պատասխան. Այո, հայ ժողովուրդը որպէս Ուրարտուի թագաւորութիւն կը յիշէ հայերը, շատ անգամ գործածելով «Արարատեան երկիր» անուանումը: Հայաստանի տարածաշրջանը կարեւոր է Աստուածաշունչի համար, մանաւանդ Նոյեան տապանի պատմութեան մէջ, ուր կը կարդանք, թէ տապանը հանգրուանեց «Արարատ լեռի վրայ» (Ծննդոց 8:4): Նոյնիսկ եթէ Աստուածաշունչը անունով չյիշատակէ Հայաստանը, գրուած պատմական տարածաշրջանները կը յուշեն, թէ հայ ժողովուրդի նախնիները ապրած են այդտեղ եւ յիշուած Աստուածաշունչի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան