ՈՉ ԵՒՍ Է ՏՈՑ. ՎԱՀԷ ԱԼԻՔՍԱՆԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ պոլսահայ բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն մին հրաժեշտ առած է երկրաւոր կեանքէն. ոչ եւս է տոց. Վահէ Ալիքսանեան։ Բօթը հասաւ երէկ երեկոյեան ժամերուն, ինչ որ խոր ցաւ պատճառեց թէ՛ նորոգ հանգուցեալ տոց. Վահէ Ալիքսանեանի ընտանիքին եւ թէ ամբողջ համայնքային շրջանակներուն։ Ան տիրական ներկայութիւն մըն էր թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, իր մասնագիտական կարողութիւններով բարի համբաւ կը վայելէր, նաեւ իր բնաւորութեամբ արժանացած էր համատարած յարգանքի ու համակրանքի։ Տոց. Վահէ Ալիքսանեանի մարմնաւորած կերպարը երկար տասնամեակներ համայնքային կեանքէ ներս համարուած էր օրինակելի՝ մինչ բոլորը զինքը բարձր կը գնահատէին ամէն առումով։
Վահէ Ալիքսանեան 1924 թուականին ծնած էր Գատըգիւղ, Պոլիս։ Մխիթարեան վարժարանը աւարտելէ վերջ Իսթանպուլի համալսարանի բժշկական ֆաքիւլթէն մուտք գործած էր։ 1948 թուականին համալսարանէն վկայուելէ վերջ կատարած էր զինուորական պարտականութիւնը, իսկ 1955 թուականին ներքին հիւանդութեանց մասնագէտի կոչումը նուաճած էր։ 1960-ին դարձած էր տոցենդ։ Կեանքի ողջ տեւողութեան մասնագիտական գիրքերու եւ յօդուածներու հեղինակ եղած էր Վահէ Ալիքսանեան, որ հանգստեան կոչուելէ վերջ Հարպիյէի իր մասնաւոր դարմանատան մէջ ընդունած էր հիւանդները։
Ալիքսանեան կեանքի ողջ տեւողութեան սերտ կապի մէջ եղած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հետ, ուր զանազան պատասխանատուութիւններ ստանձնած էր։ Հանգստեան կոչուելէ առաջ հիւանդանոցի մէջ եղած էր ներքին հիւանդութեանց բաժանմունքներու պատասխանատու։ Իսկ հանգստեան կոչուելէ վերջ զանազան շրջաններ հիւանդանոցի բժկական խորհուրդին անդամակցած էր, շրջան մըն ալ հոգաբարձութեան մաս կազմած էր։ Ի լրումն այս բոլորին, յօդուածներ կը գրէր նաեւ Սուրբ Փրկիչ ամսագրին համար։
1957 թուականին կեանքը միացուած էր Մանիշակ Հայրանեանին հետ։ Վահէ եւ Մանիշակ Ալիքսանեան ամոլը բախտաւորուած էր երկու դուստրով, յետագային նաեւ թոռնիկներով։
Վահէ Ալիքսանեան տիպար ընտանեկան հայր մըն էր եւ բոլորը զինքը կը յիշեն՝ պոլսահայ ընկերամշակութային կեանքին բերած բեղուն մասնակցութեամբ։ Ան թէ՛ իր մասնագիտական լրջութեամբ եւ թէ մարդկային բնաւորութեամբ կը յաջողէր բոլորին սիրտը գրաւել եւ բոլորին հետ կը յաջողէր ջերմ հաղորդակցութիւն մշակել։
Իր կորուստով մեր հաւաքական կեանքէն կաղնի մը եւս տապալած կը համարուի։ Վահէ Ալիքսանեանի մահով կը սահի աստղը այնպիսի անունի մը, որ իր մասնագիտական վերելքին զուգահեռ կարողացած էր համայնքին հետ կապը միշտ պահել առողջ եւ շարունակական։
Յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւնները առանձնապէս պիտի հրապարակուին ընտանեկան մահազդով։
Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք տոց. Վահէ Ալիքսանեանի հոգւոյն։ Մեր խորազգած վշտակցութիւնները կը յայտնենք իր այրիին՝ Մանիշակ Ալիքսանեանին, զաւակներուն, թոռներուն եւ համայն ընտանեկան պարագաներուն՝ ի մասնաւորի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութենէն Կարպիս եւ Դալար Փոլատ ամոլին, ինչպէս նաեւ իր խնամիին՝ համայնքային յայտնի եւ այնքան սիրեցեալ բարերարուհի Իրմա Փոլատին։
Թրքահայ կեանք
- 11/25/2024
- 11/25/2024