ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՅՈՒՇԵՐ - 5 - ԱՅԴ ՄԱՏԱՆԻՆ…
Այդ մատանին պայուսակիս մէջ գացի ամմօ Կայծակենց…
Մատանին առնեն ըսելով մատս չփրցուցին, սակայն մատանիին օղակը շատ նեղ էր սիրող սրտիս համար, սեղմեց, արիւնեց, բզկտեց սիրտս… Մատանին ուրիշ ճակատագիր ունեցաւ…
Պզտիկ-պզտիկ սիրահարուեցայ, պզտիկ-պզտիկ մատանին անցուցին, պզտիկ-պզտիկ բաժնուեցայ, պզտիկ-պզտիկ կոտրուեցայ…
Վիրահատութիւն, գողութիւն, մեռել, կարօտ, զանազան դժուարութիւններ՝ բոլորին դիմացայ… Դիմացայ, որովհետեւ երկու սէր մրցումի ելած էին իրարու հետ եւ ես զբաղած էի հաւասարակշռութիւնը պահելով։ Անսահման սէրս հայրենիքիս հանդէպ եւ անհուն սէրս սիրած էակիս հանդէպ։
Հոկտեմբերին երբ հանդիպեցանք՝ որոշեցինք, որ իր արձակուրդին, որ փետրուարին էր, Հայաստան պիտի գայ։ Շաբաթը մէկ չորեքշաբթի օրերը թռիչք կար Լիբանանէն Երեւան եւ հակառակը։ Փետրուարի 13-ի վրայ կեդրոնացած էինք։
Նամակներուս անպատասխան մնալը ամենայն անմեղութեամբ վերագրած էի պատերազմին… Եւ յամառօրէն մտքիս մէջ կը պնդէի, որ փետրուարին անպայման կու գայ, չէ՞ որ այդպէս որոշած ենք։
Փետրուար 13…
Փունջ մը ծաղիկ ձեռքիս մտերիմ ընկերներուս հետ գացինք օդակայան։
Օդանաւը պարպուեցաւ ու պարպուեցաւ, սակայն նշանածիս նման մէկը դուրս չեկաւ։ Չէ՜, անպայման բան մը պատահած է, կամ պայուսակը ուշացած է՝ կը սպասէ. անհանգիստ չըլլայ… Հազար ու մէկ կասկած ուղեղիս խաչմերուկին վրայ զիրար հրմշտկեցին, բացի մէկէն… որ մահացու արկածի հաւասար էր։
Դուրս եկաւ Երուսաղէմէն Արամ Խաչատուրեանը, որ պատմականի ուսանող էր։
-Արամ տեսա՞ր իրեն…
-Ո՛չ… եթէ օդանաւին մէջ ըլլար, անպայման կը տեսնէի։ Բայց մէկ վայրկեան, մամայէդ նամակ ունիս։
«Մէկ հատիկ Անուշս, հիմա որ հեռու ես մեզմէ եւ համալսարանական աղջիկ ես արդէն, կը տեսնես, թէ կեանքը որքան տարբեր է քու կարծածէդ… Հասունութեամբ պիտի դիմաւորես անակնկալները, պիտի ընդունիս եւ նոյն հասունութեամբ չէզոքացնես նեղութիւնները։ Պապան եւ ես շատ նեղուած ենք, գիտես որ հակառակ էինք պզտիկ տարիքիդ այդ մատանիին, սակայն սիրող սրտերրը կոտրել չուզեցինք։
Պապան շատ հպարտ է քեզմով. կ՚ըսէ՝ աղջիկս կատուի նման է, ուր նետես ոտքերուն վրայ կը կենայ եւ հպարտ կը շարունակէ քալուածքը։
Դուն ուսումի համար գացիր, կը սպասենք յաջողութիւններուդ։ Ուրեմն առաջնահերթ է ուսումդ եւ վայելէ հայրենիքդ… Երիտասարդութիւնը հարստութիւն է, յուսահատութեան եւ մելամաղձոտութեան գիրկը չնետուիս…
Բախտ չէ եղեր, մայրական խրատս քեզի՝ սիրտդ լայն պահէ, չընկճուիս, աշխարհն ամբողջ քուկդ է։
Անհամբեր կը սպասենք նամակներուդ, մանաւանդ գրական վերլուծումներուդ բաժինին։
Պապան կ՚ըսէ՝ Անուշը իմ աղջիկս է, ես կ՚ըսեմ՝ իմ աղջիկս է։ Դուն մեր երկուքին սիրոյ հրաշքն ես…։
Մամադ՝ Արփինէ
05 փետրուար, 1980»
Աչքերս բացի «երազ»ին մէջ, ընկերներս ջուր կը փորձէին խմցնել.
-Անուշ, յուսանք մահ չէ պատահած։ Ի՞նչ գրուած էր նամակիդ մէջ։ Ուշքի եկուր։
Անշուշտ ուշքի եկայ։ Այո՛, կատուի նման ոտքի կենալու պարտաւոր էի, հայրս այդպէս կը տեսնէր զիս։ Առանց պատասխանելու ընկերներուս հարցումներուն իջայ մեքենայէն եւ ձեռքիս ծաղիկները օդակայանը առաջին հանդիպած աղբամանիս մէջ նետեցի…
-Սէրս ալ ձեզի միացնելով կը նետեմ այստեղ, շաքար-շոքոլայի թուղթերուն, ծխախոտի մնացորդներուն եւ այս գործածուած աղտոտ անձեռոցիկներուն հետ…
Ախ, չէ՜, ինչ կ՚ընեմ, այդ ես չեմ։ Սէրս իրը չէ, իմս է, ես փայփայած եմ ու պահած սրտիս մէջ։ Ինչպէս կրնամ այդպէս մտածել, յետոյ մայրս գրած էր «Սիրտդ լայն պահէ»…
Սէրս վերցուցի աղբամանին մէջէն, բայց ձեռքիս մէջ պահած նամակիս նման ճմռթկուած էր արդէն…
Սիրտս չընդունեց զայն, «Ես սիրելու համար եմ եւ ոչ թէ ճմռթկուած աւելցուկներ պահելու, այդ հարցը ուղեղիդ մէջ լուծէ եւ ձգէ, որ ես տեղ տամ արժանիին, ձգէ, որ նորէն սիրեմ…»։
Ամբողջ ճամբան լուռ հասանք հանրակացարան։ Ընկերներս չձգեցին, որ առանձին սենեակ երթամ։ Մարիային (զարմուհիիս) եւ Մանուշակին հետ գացինք Մանուշակին սենեակը, հեռուստացոյցը բացինք լռութիւնը խզելու համար եւ ի՜նչ…
Գորկի Մինասեանը հազար կտոր ըլլալով «Սիրեցի եարս տարան»ը կ՚երգէր… Խմբային լացի մը սկսանք, ընկերներս կը փորձէին մխիթարել, առտուան դէմ ես զիրենք մխիթարելով, որ աշխարհին վերջը չէ, սենեակս գացի, որպէսզի պատրաստուիմ դասի երթալու։
Արտասահմանեան գրականութիւն ունէինք։ Դասախօսը Արտեմ Յարութիւնեանն էր։ Ես միշտ առջեւը կը նստէի, բայց այդ օրը ուժ չունէի, անակնկալ հարուածը՝ որ ստացած էի, առաւել անքունութիւնը դող մը տուած էին եւ քիչ մը ետեւ նստայ շատ աչքի չզարնելու համար։ Բայց զարկի…
Նիւթը Շէյքսփիրի Ռոմէօ Ժիւլիէթն էր… Ի՜նչ բացառիկ յարմար նիւթ այդ օրուան համար… Նախորդ պահուն ալ այդ էր մեր քննարկածը եւ դասախօսս շատ տպաւորուած էր, երբ ես Ռոմէօ Ժիւլիէթէն անգլերէնով մէջբերումներ ըրած էի։ Նախորդ տարին անգլիական G.C.E. քննութիւններուն համար այդ էր նիւթերնիս եւ ուսուցիչնիս՝ պրն. Եղիա Տիգրանեան լաւ պատրաստած էր մեզ։
-Անուշիկն էստեղ չի՞, հարցուց դասախօսը։
Հազիւ-հազ ուռած աչքերով ոտքի ելայ, մօտեցայ ամպիոնին.
-Եթէ Շէյքսփիրը սիրոյ մեծ հաւատացող էր, ինչո՞ւ այդպիսի վախճան տուաւ իր հերոսներուն, թող ապրէին, կ՚ուզէի գիտնալ որքան պիտի տեւէր իրենց սէրը, արդեօք յաւիտենական սէր գոյութիւն ունի՞… Թէ մահը լուծում մըն է: Նոյնը Յովհաննէս Թումանեանը, ինչո՞ւ չապրեցուց, որ սէրը վայելէին իր հերոսները։
Ըսի ու անմիջապէս տեղս գացի։ Կարծես մեծ յաղթանակ տարած էի անմեղ սիրոյս յուսախաբութեամբը երկու մեծերը քննադատելով… Ո՛չ հարցումի սպասեցի, ո՛չ պատասխանել ուզեցի… Շատեր չհասկցան նոյնիսկ ինչ եղաւ։
Այդ 1980-ին էր։ 2002-ին Գրողներու միութեան առաջին ժողովին հանդիպեցայ դասախօսիս, գիրքերս նուիրեցի, պոռթկումս չէր մոռցած։ Արդէն խնդալով պատմեցի պատճառը։
Յաջորդ օրը երբ հանդիպեցանք, որոշ բանաստեղծութիւններ կարդացած էր.
-Բայց ապրես դու, մնացել ես սիրոյ մեծ հաւատացող։
«Սիրտը սիրելու համար է» յիշեցուց սիրտս…։
Երկու ամիս ետք ընկերներով Պարզ լիճ գացինք պտոյտի։ Եւ ես…
Այսպէս գրած եմ «Փոքրիկ աղջիկը մեծ երազով» գիրքիս մէջ («Կը փախիմկօր», էջ 37). «Արտակը հրաւիրեց իր ընկերներուն հետ Պարզ լիճ պտոյտի երթալու։ Ես մատիս վրայի արդէն աւելորդ մատանին լիճը նետեցի փափաք մը յայտնելով, որ երբեք պիտի չիրականանար, թերեւս սխալ էր այդ մատանիով նոր երազի մը իրականացման սպասելը…։
ՍԻՐՏՍ ԼԱՅՆ Է, ԱՇԽԱՐՀՆ Է ՇԱՏ ՆԵՂ…
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ, 2024
Հարթակ
- 11/22/2024