ԱՐԴԱՐ ԶԱՅՐՈՅԹ

«Աստուած արդար դատաւոր է եւ Աստուած մեղաւորին ամէն օր բարկացած է». (ՍԱՂՄ. Է 11)։

Աստուած կը բարկանայ. Աստուծոյ բարկութիւնը նո՛յնքան աստուածային կատարելութիւն մըն է՝ ո՛րքան Անոր հաւատարմութիւնը, զօրութիւնը եւ շնորհքը։ Այսպէս ըլլալու է, քանի որ Անոր մէջ արատ չկա՛յ, ո՛չ ալ ամենադոյզն թերութիւն՝ Իր նկարագրին մէջ, այլապէս Ան թերի պիտի նկատուէր, եթէ «բարկութիւն»ը՝ զայրոյթը բացակայ ըլլար Իրմէ։

Մեղքի հանդէպ անտարբերութիւն՝ «բարոյական բիծ» մըն է եւ ով որ չ՚ատեր, «բարոյական բորոտութիւն» կը նկատուի։ Ինչպէ՛ս Ան՝ որ գերադասութեան լրումն է, կրնայ հաւասար աչքով նայիլ առաքինութեան եւ անառակութեան, իմաստութեան եւ յիմարութեան։

Ան՝ որ անհունօրէն սուրբ է, կարելի՞ է որ աննկատ թողու մեղքը եւ մերժէ արտայայտել Իր ցասումը՝ զայրոյթը. (ՀՌՈՎՄ. Թ 22)։ «Արդ՝ ի՞նչ կրնայ ըսել մէկը, եթէ Աստուած իր բարկութիւնը եւ զօրութիւնը ցուցնելէ առաջ, շատ համբերութիւն եւ երկայնամտութիւն ցոյց կու տայ ա՛յն անօթներուն, որոնք բարկութեան առարկայ եղած են եւ կորուստի դատապարտուա՛ծ»։

Աստուծոյ բնութիւնը դժոխքը կ՚ընէ նոյնքան իրական անհրաժեշտութիւն մը, որքան հրամայական եւ յաւիտենական՝ երկինքի մը գոյութիւնը։

Ո՛չ միայն գոյութիւն ունի անկատար վիճակ մը Աստուծոյ մէջ, բայց կատարելութիւն չկայ Իր մէջ, որ նուազ կատարեալ է ուրիշէն։

Աստուծոյ բարկութիւնը Իր յաւիտենական զզուանքն է բոլոր անարդարութիւններու։ Չարին դէմ Աստուծոյ արդարութեան արդար զայրոյթն է։ Մեղքի դէմ Աստուծոյ սրբութեան դատաստա՛նն է։ Աստուած մեղքին հանդէպ բարկացած է, որովհետեւ այդ՝ ըմբոստութիւն մըն է Իր հեղինակութեան դէմ եւ հակառակութիւն՝ Իր գերիշխանութեան։ Ամէն անձ պիտի գիտնայ, թէ որքա՛ն մեծ է Անոր վեհափառութիւնը, որ իրենք ատեցին եւ որքա՛ն սարսափազդու պիտի ըլլայ բարկութիւնը՝ որ իրենք աննկատ թողուցին կամ ստորագնահատեցին։

Աստուծոյ բարկութիւնը ոչ թէ չարակամ փոխվրիժում մըն է կամ վնաս պատճառելու սիրոյն արարք մը։ Բացարձակապէս ո՛չ, բայց Աստուած պիտի հաստատէ Իր իշխանութիւնը որպէս ամբողջ տիեզերքի Կառավարիչը եւ բնաւ երբեք՝ որպէս «ոխակալ» մը։

«Քանզի Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն կը յայտնուի մարդոց բոլոր ամբարշտութեանը եւ անիրաւութեանը վրայ, որոնք ճշմարտութիւնը անիրաւութեամբ բռներ են». (ՀՌՈՎՄ. Ա 18)։

Աստուծոյ բարկութիւնը արդարութեան արտայայտութիւնն է։

Աստուծոյ բարկութիւնը, աստուածային նկարագրին կատարելութիւնն է, որու վրայ յաճախ մտածելու է մարդ. մեր սիրտերը եւ միտքերը կը տպաւորուին Աստուծոյ մեղքին հանդէպ Իր զզուանքով։ Ուստի, Աստուծոյ հանդէպ ճշմարիտ եւ սուրբ վախը ունենալու է մարդ իր հոգւոյն մէջ։

Բարկութիւնը, զայրոյթը արդա՛ր ըլլալու է նաեւ մարդուն համար, բայց ընդհանրապէս ան բարկութեան մէջ արդարութիւնը չի կրնար ներդաշնակել, եւ յաճախ անարդար զայրոյթով կը վիրաւորէ իր շուրջինները եւ մերձաւորները։

Victor Hugo (1802-1885թթ.) կ՚ըսէ, թէ՝ գէշ տունկ չկայ, գէշ մարդ չկայ, այլ գէշ մշակ կա՛յ։ Դիւրաբորբոք, դիւրագրգիռ մարդիկ, առանց պատճառի կը բարկանան, երբեմն ալ սխալ մարդոց կը զայրանան. մինչդեռ զայրոյթը պէտք է արդա՛ր ըլլայ՝ Աստուծոյ օրինակով։

Պէտք է երկայնամիտ եւ հանդուրժող, նաեւ մանաւանդ՝ արդարադատ եւ անաչառ ըլլալ բարկութեան հարցին մէջ եւ մարդուն ալ ա՛յս կը վայելէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 16, 2024, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 16, 2024