ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՀԱՄԱՐ ԿՈՉԵՐ
Մինչ Ուքրայնոյ ճգնաժամը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը, շաբաթավերջին կարեւոր հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի, Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ։ Երեք ղեկավարները այս հեռախօսազրոյցին ընթացքին որպէս հիմնական նիւթ անդրադարձան Ուքրայնոյ առկայ իրավիճակին եւ Մինսքի պայմանաւորուածութիւններու իրականացման։
Քրեմլինի կողմէ կատարուած հաղորդումներուն հիման վրայ «Պի.Պի.Սի.» տեղեկացուց, թէ Անկելա Մերքէլ, Ֆրանսուա Օլանտ եւ Վլատիմիր Փութին Ուքրայնոյ հակամարտ կողմերուն կոչ ուղղած են, որպէսզի վաղուան՝ Սեպտեմբեր 1-ի դրութեամբ ամբողջական հրադադար մը իրականացնեն։
Բաց աստի, քննարկուած է կողմերու շփման գիծէն սարքաւորումներու դուրսբերման հարցը։ Վլատիմիր Փութին ընդգծած է ուղղակի երկխօսութեան մը անհրաժեշտութիւնը՝ Քիեւի իշխանութիւններուն եւ Լուկանսքի եւ Տոնեցքի ինքնահռչակ հանրապետութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ։