ՉԵԼՍԻ ՔԼԻՆԹԸՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ԱՒՐՈՐԱ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան կողմէ հաղորդուեցաւ, որ համանուն մրցանակի ընտրող յանձնաժողովին միացած է «Քլինթըն» հիմնադրամի փոխ-նախագահ տքթ. Չելսի Քլինթըն, որ հանրային առողջութեան յայտնի փորձագէտ մըն է։ Չելսի Քլինթըն դուստրն է ԱՄՆ-ի նախկին նախագահներէն Պիլ Քլինթընի եւ նախկին պետական քարտուղարներէն Հիլըրի Քլինթընի։ Ան համբաւ ձեռք բերած է մարդոց կեանքը բարելաւելու ուղղեալ ջանքերով, ինչ որ կ՚ոգեշնչէ ապագայ առաջնորդները ամբողջ աշխարհի մէջ ու կը նպաստէ կարեւոր հարցերու դիմագրաւման ուղղութեամբ գործնական քայլերու ձեռնարկման՝ ներառեալ առողջապահութեան հաւասարութեան վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացումը։
«Աւրորա» նախաձեռնութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ ուրախութիւն յայտնուած է Չելսի Քլինթընի այս մասնակցութեան համար։ «Հաշուի առնելով ընկերային փոփոխութիւններու նուիրուած երկարամեայ ջանքերը՝ ան կատարեալ կը համալրէ ընտրող յանձնաժողովները եւ անհամբեր կը սպասուի իրեն հետ համատեղ աշխատանքի», նշուած է այս առթիւ։ Հարկ է նշել, որ «Աւրորա» մրցանակի ընտրող յանձնաժողովի նախագահն է Անգլիայէն լորտ Արա Տարզի, որ Լոնտոնի Արքունի քոլէճի կլոպալ առողջապահութեան նորարարութիւններու կաճառի համաղեկավարն է։