ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԿԱԶՄԸ ՄԵՆՉԸՍԹԸՐԻ ՄԷՋ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐՈՒ ԼԻԿԻ ՆԱԽԱՈՐԱԿԱՒՈՐՄԱՆ ՓՈՒԼԻ ԽԱՂԵՐԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻՆ
Շիշլի մարզակումբի ֆութսալի խումբը մեկնած է Մենչըսթըր, Անգլիա։ Ֆութսալի ախոյեաններու լիկի նախաորակաւորման փուլի հանդիպումներուն կը մասնակցին շիշլիցիները։ ՈՒԷՖԱ-ի այս կարեւոր մրցաշարքին Շիշլի արդէն երկրորդ անգամ կը մասնակցի՝ անընդմէջ երկու տարի Թուրքիոյ ախոյեանի տիտղոսը նուաճած ըլլալով։ Շիշլիցի մարզիկները, մարզիչներն ու վարչայինները մեծ եռանդով Մենչըսթըր մեկնած են՝ լաւագոյնս ներկայացնելու համար երկիրը։
Ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցին՝ Մենչըսթըրի մէջ Շիշլի երեք հանդիպում պիտի ունենայ։ Առաջին մրցումը այսօր է՝ «Tigers Roermond» խումբին դիմաց։ Վաղը շիշլիցիները պիտի մրցին հիւրընկալ Մենչըսթըրի ֆութսալի խումբին հետ։ Շաբաթ օրուան միօրեայ դադարէն վերջ, կիրակի նախատեսուած է Շիշլիի հանդիպումը Երեւանի ֆութսալի ակումբին հետ։ Աւելի առաջ հաղորդած էինք, որ նախաորակաւորման փուլի այս խմբակցութեան մէջ Շիշլի եւ Երեւանի ֆութսալի ակումբը հետաքրքրական զուգադիպութեամբ դարձած են մրցակիցներ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք շիշլիցիներուն։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024