ՀԱԼԷՊԻ ԳՈՂՏՐԻԿ ՎԵՐՆԱՏՈՒՆԸ
Սփիւռքի մեր մշակութային իրականութեան մէջ յաճախ ու տարբեր ժամանակաշրջաններու հանդիպած ենք «վերնատուններու», որոնք ակամայ արտացոլած են հայ մշակութային եւ տեղ մըն ալ ընկերային ու հասարակական կեանքին երանգները, ուղղուածութիւնները, անցուդարձը, միտումները եւ այլն… Այստեղ կը դժուարանանք սփիւռքի համայնապատկեր մը (նոյնիսկ սեղմ պատկերով) ներկայացնել, քանի արդէն իսկ սփիւռքը շատ մեծ տարողութիւն ձեռք ձգեց Հայաստանի անկախութենէն ետք: Այս առիթով ակամայ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Սփիւռքեան տասնամեակներ» գիրքը իր գլուխը կրնայ ցցել, հակառակ որ այդպիսի գործ մը մեր ժամանակներուն մէջ ուրիշ հենք ու տրամագիծ պիտի ստանայ: Ծառուկեանի ժամանակաշրջանի սփիւռքը դասական սփիւռքն էր՝ առանցքացած Սուրիոյ եւ Լիբանանի շուրջ, իսկ ներկայ Սուրիան եւ Լիբանանը այլեւս սփիւռքի բաբախող սիրտն ու կեդրոնը չեն (նուազագոյնը ինչպէս որ էին անցեալին): Հալէպը իբրեւ հայութեան եւ հայկականութեան կեդրոն եւ տեղ մըն ալ կենարար հայկական տուն՝ նօսրացած է, իսկ Պէյրութը բոլոր առումներով յարաբերաբար կորսնցուցած է անցեալի իր հայկական ուժականութիւնը:
Վերնատունները անպակաս չեն եղած Հալէպի եւ Պէյրութի մէջ ալ զանազան մակարդակներով, իսկ անոնց գոյացման, կեանքի կոչման ու յարատեւման համար տքնած են շատ մը նուիրեալներ: Սուրիոյ պատերազմը տկարացուց հայկական մշակութային, մարզական ու հասարակական նախաձեռնութիւնները։ Արդարեւ, առանց գնահատանքի ու ակնածանքի կարելի չէ արտայայտուիլ Հալէպի եւ Սուրիոյ զանազան քաղաքներու այն ծրագիրներուն, որոնք կ՚իրականացուին նուիրեալներուն կողմէ։ Թէեւ ընդհանուր արդիւնաւէտութեան ու նպատակասլացութեան տեսակէտէ այդ ձեռնարկները կրնան վիճելի ու քննարկելի համարուիլ՝ մանաւանդ աւիրուող Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ:
Հոս կեդրոնանալով Հալէպի հայկական մշակութային կեանքի մեծ ոսպնեակներուն պատկանող սիրելի դրուագի մը վրայ, արդարացի ու հոգեպարար է (գոնէ ինծի համար) խօսիլ այդ քաղաքէն ներս ստեղծուած ու տակաւին գործող «Վերնատան» մը մասին:
Հայահոծ Վիլլաներ թաղամասին մէջ, Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ հանդիպակաց շէնքի առաջին յարկը (թէեւ Թումանեանինին նման վերնայարկ մը չէ) երկար տարիներէ ի վեր վերածուած է բարձրադիր ոգեղինութեամբ շնչող ժամադրավայրի մը բազմաթիւ հալէպահայ մշակութային գործիչներու, արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ հայ գործիչներու համար, որոնք Հալէպ կու գան այցելութեան։ Կարճ բացատրութեամբ՝ «Ճորճին առաջին յարկը» տեւաբար կերտած է ժամանակահատուածներ, որոնք իրենց փոքր ու մեծ, մեղմ ու հուժկու ազդեցութիւններով հայութեան ու հայկականութեան համար կը համարուին շարժիչ ուժ: Հաւանաբար, ծրագիրներ իրագործելը մարդկային հաւաքական կեանքի ամոքիչ գրաւականներէն մին է, բայց յաճախ ստեղծուած մթնոլորտի լիցքերն ու ոգեղէն նախատարազաւորումները պայմաններէն մէկը կրնան համարուիլ լուսաւոր ծրագիրներու սկիզբ դնելու, ինչ որ մարմնացած է միշտ Ճորճին հիմքը դրած Վերնատունով: Մեր բոլորին սիրելի Ճորճ Ամպարճեանը իր ազնուատոհմ կերտուածքով ու ազնուազարմ նկրտումներով ստեղծած է այդ հալէպահայկական գողտրիկ, զուլալ ու առաքելապաշտ ժամանակը, ուր մարդիկ հանդիպած են ու տակաւին կը հանդիպին ազնուագոյնի, առաքինիի, արդարամիտի ու վեհագոյնի համար: Այդ յարկին տակ Հայաստանի ու հայութեան բարօրութիւնը, Հայաստանի գերագոյն շահերու ապահովումը առանցքային ու հիմնական զրոյցներու նիւթերէն են, համամարդկայնութեան, արուեստաբանութեան ու ընկերաբանութեան լայն նիւթերու կողքին:
Հալէպի անսահման հարազատ այս Վերնատունը սիրելի Ճորճին պայծառ հոգիէն ծլած է եւ անխոնջ ջանքերով տասնամեակներէ ի վեր կը գործէ, պարզելով հասուն հալէպեան եւ արտահալէպեան հայկական խայտաբղէտութիւն մը։ Ճորճին Վերնատունը հաստատակամօրէն կը մաքառի ամէն բանի դէմ՝ վերածււելով խորհրդանիշի․ Ծառուկեանական, Օշականական եւ մեծամեծներու առաքելապաշտ, լուսավառ հալէպահայկականութեան:
Վերջին անգամ Հալէպ այցելութեանս ընթացքին Ճորճ նոյն ոգեւորութեամբ, նոյն լաւատեսութեամբ ու կամքով կը շարունակէր իր գործունէութիւնը, ըլլալով գեղանկարիչ ու ստեղծագործ՝ ան գեղանկարչութեան կողքին կը մնար անշեղ իրականացնելու համար իր «վերնատունեան» հաւաքները: Կազմակերպչական գործը տեւաբար տեղ մը զուգակցած է շահադիտականին հետ, հազուագիւտ ազնուագոյն կ՚ըլլան կազմակերչական մշակումները կամ ալ քիչ են այդ օրինակները ուր մշակութային ու հասարակական գործակատարումները պարզապէս ոգեղինութիւն ու ճշմարտութեան հաճոյքը կը հետապնդեն, Ճորճին Վերնատունը վերջին դասակարգումին կը պատկանի։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան, 26 օգոստոս, 2024
Հարթակ
- 11/22/2024