ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի եւ արտասահմանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հաւաքը երէկ եզրափակուեցաւ։
Դեսպանահաւաքի եզրափակիչ փուլին դիւանագէտները քննարկումներ ծաւալեցին՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած աշխատաժողովին կարծիքներ փոխանակուեցան տարածաշրջանային զանազան ուղղութիւններով երկիրներու կամ միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցութեան ընդլայնման, նոր հնարաւորութիւններու առաւելագոյնս իրացման հեռանկարներուն շուրջ։ Արժեւորուեցան այս նպատակով ձեռնարկուած կամ ապագայ հաւանական նախաձեռնութիւնները։
Դիւանագէտները կանգ առին նաեւ Հայաստանի արտասահմանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու անձնակազմի համալրման, պիւտճէի եւ վարչատնտեսական հարցերու վրայ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հանրային դիւանագիտութեան վերաբերեալ հարցերու։