ՀԱՄԱԿԱՐԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ
Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ՝ մօտալուտ Միւռոնօրհնութեան, Մայր Տաճարի վերաօծման ու յարակից ձեռնարկներու կարգադիր յանձնախումբին ժողովը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախագահեց համակարգող այս յանձնախումբի հերթական նիստին։ Յիշեալ արարողութիւններու պատշաճ կազմակերպման նպատակով, Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ, արդէն տարիէ մը ի վեր կը գործէ այս յանձնախումբը, որու ատենապետն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան։ Մայրավանքէն ներս, դիւանատան դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երէկուան ժողովը, որու աւարտին հաստատուեցաւ, որ սեպտեմբերի 28-ին, շաբաթ, ժամը 17.00-ին, Միւռոնօրհնութեան արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Ս. Տրդատի բաց խորանին։ Օր մը վերջ, կիրակի՝ սեպտեմբերի 29-ի առաւօտուն տեղի կ՚ունենայ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւնը։ Հիմնական ձեռնարկները լայնօրէն կը լուսաբանուին թէ՛ հայկական եւ թէ միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ։ Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման արարողութիւնները կը հեռարձակուին ուղիղ եթերով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգը սկսած է հաւատարմագրել այն լրագրողները, որոնք պիտի հետեւին միջոցառումներուն, որոնց օրերուն առանձին մամլոյ կեդրոն մըն ալ պիտի գործէ Մայրավանքէն ներս։
Համակարգող յանձնախումբի շրջանակներէն ներս կը գործեն հինգ ենթայանձնախումբեր, որոնք նախապէս կազմուած գործողութիւններու ծրագրով կ՚իրականացնեն յառաջիկայ արարողութիւններու համապատասխան կազմակերպչական աշխատանքները։ Այդ հինգ յանձնախումբերն են՝ արարողակարգային, ծիսական, տեղեկատուական, թեքնիք, հրատարակութիւններու եւ ձեռնարկներու կազմակերպման ուղղեալ խումբերը, որոնց իւրաքանչիւրին գլուխը կը գտնուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան վարչամեքենայի պատկան բաժանմունքներուն պատասխանատուները։