Ուրբաթ 22, Նոյեմբեր 2024
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Պերճ Զընկըքն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Մենքոն Քհնյ. Փընարճեան։
Թաղականները Պատրիարքարան այցելել փափաքած էին մօտակայ Խաչվերացի ընդառաջ, երբ աւանդաբար կը կատարուի Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ ներկայացուցին իրենց գործունէութեան մասին։ Նորին Ամենապատուութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց թաղէն ներս ստեղծուած աշխուժութեան համար եւ խորհուրդներ տուաւ՝ յառաջիկայ աշխատանքը աւելի նպատասլաց հունաւորելու ճանապարհին։
Հուսկ, ան օրհնութիւնը տուաւ թաղականներուն, որոնց յղեց նաեւ յաջողութեան մաղթանքներ։
Ուրբաթ, Օգոստոս 30, 2024