ԿԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿ ՄՏԱՀՈԳ ԷԻՆ
Կար ժամանակ, մեր ազգին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլո՛ր կազմակերպութիւնները, մանաւանդ սփիւռքի տարածքին, լուրջ ձեւով կը հետաքրքրուէին հայերէն լեզուի դասաւանդութեամբ. եթէ լաւապէս ուսումնասիրենք անցելի մամուլը, պիտի տեսնենք, թէ ամէ՛ն միութիւն, կազմակերպութիւն ու կուսակցութիւն ունէր մայրենի լեզուի դասընթացք մը, որովհետեւ առաջնահերթութիւն էր եւ լուրջ մտահոգութիւն ապագայ սերունդին հայերէն լեզուի գիտութիւնը: Շատ մը մտաւորականներ լաւապէս կը գիտակցէին, որ նման ընթացքով հայու ապագայ սերունդը ամբողջութեամբ պիտի կորսուի: Հայերէն լեզուի հանդէպ բծախնդրութիւնը առաւելաբար ի յայտ եկաւ 1955-1965 թուականներուն միջեւ. պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ տարիներուն ցեղասպանութեան յիսնամեակը կը մօտենար եւ հայ ժողովուրդը տարբեր սպասումներ ունէր. ցեղասպանուած ժողովուրդին նոր սերունդը իր մէջ ունէր վառ կրար մը եւ այդ մէկը պատճառ կը դառնար, որպէսզի նոր սերունդը եւս ամուր կապուածութիւն մը ունենայ իր ազգայնութեան հանդէպ: Ցաւ ի սիրտ, այդ եռանդը մենք չտեսանք 100-ամեակի կապակցութեամբ. այդ եռանդը մահացած էր արդէն 100 տարիներ ետք:
Գոյութիւն ունեցող 1955-1965 թուականներու եռանդը կարելի է հասկնալ հետեւեալ ձեւով. այդ թուականներուն Փարիզի մէջ հրատարակուող մամուլ մը 1958 թուականի թիւին մէջ կը գրէ. «Մեր ազգային բոլոր կազմակերպութիւններն ալ իրենց ծրագրին մէջ առաւել կամ նուազ չափով որոշ տեղ են յատկացուցած հայապահպանման նուիրական գործին: Նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը իրենց մտահոգութեան գլխաւոր առարկան են դարձուցած»:
Մեզի համար հիմնական կարեւորութիւնը այդ «մտահագութիւն առարկայ» դառնալն է. 1958 թուականին սփիւռքի մէջ ապրող հայերը շատ աւելի լաւ կը տիրապետէին մայրենիին՝ քան մերօրեայ նոր սերունդը, սակայն այդ ժամանակ այդ մէկը շատ աւելիով մտահոգութեան առարկայ էր՝ քան այսօր. գուցէ այդ թուականներուն այդ մտահոգութիւնը աւելորդ թուէր, որովհետեւ կար սերունդ մը, որ մեծապէս համոզուած էր, որ օտարութիւնը կարող չէ հայուն մէջէն դուրս հանել հայութիւնը. պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ տարիներուն կենդանի էին անոնք՝ որոնք այդ դժոխքը իրենց աչքերով տեսան, այդ իսկ պատճառով դժոխքէն յարութիւն առած այդ հայորդիներու զաւակները չէին կրնար մոռնալ իրենց հայութիւնը՝ որուն զոհը գացին իրենց մայրերն ու հայրերը. այդ դժոխքէն փրկուած անձերու զաւակները եթէ մոռնային իրենց ազգութիւնն ու լեզուն, իրենց ազգէն առաջ իրենց ծնողներուն դիմաց մեղաւոր պիտի ըլլային. սակայն նոյնը չէր երրորդ սերունդին պարագային, որոնք գրեթէ լոյս աշխարհ եկած էին արդէն իսկ օտար ափերու վրայ:
Մեր մեծագոյն դժբախտութիւնը այս օրերուն այդ մտահոգութեան բացակայութիւնն է։ Կը տեսնենք, թէ հայը տեղ մը կը «համակերպի» ճակատագրին եւ կը յանձնուի եւ արդէն իսկ չի մտահոգուիր լեզուի եւ ազգային արժէքներու կորուստով. կէս դար առաջ գոյութիւն ունեցող մտահոգութեան քառապատիկը պարտինք այսօր ունենալ, որովհետեւ այն մտահոգութիւնը որ գոյութիւն ունէր 1955-1965 թուականներուն, շատ աւելի «թեթեւ» էր՝ քան այսօր:
Եթէ հայ ժողովուրդին մեծագոյն մեղքը անտարբերութիւնն է, ապա երկրորդը համակերպիլն է. պէտք է յստակ տարբերութիւն դնել «քայլ պահել»ուն եւ համակերպելուն միջեւ. մենք ալ համաձայն ենք, որ պէտք է քայլ պահել ժամանակին եւ օտար շրջապատին հետ։ Օրինակի համար՝ հայ գաղթական գիւղացին Փարիզի եւ կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ չէր կրնար ապրիլ այնպէս՝ ինչպէս պիտի ապրէր իր հայրենի գիւղին մէջ. սակայն կրնար ու պարտաւոր էր պահել բոլոր սկզբունքները՝ որոնք իր անձին ու կեանքին մաս կը կազմէին։ Սակայն համակերպիլը ամբողջութեամբ ուրիշ բան մըն էր. գաղթական հայորդիներուն յաջորդող սերունդները սկսան ազդուիլ օտարինէն. ո՛չ միայն լեզուական, այլ ամէ՛ն իմաստով ազդուիլ: Թէ՛ բարոյապէս, թէ՛ բարքով եւ թէ համոզումներով սկսան ընթօրինակել օտարը եւ հին սերունդը ըմբոստանալու փոխարէն համակերպեցաւ. որովհետեւ շատեր մտածեցին, որ օտարին հողին վրայ հայու համոզումով, հայու բարքերով ապրիլ հնարաւոր չէ. հետեւաբար «օտար»ի տեղ չդրուելու փոխարէն պէտք տեսան օտարանալ եւ այս մէկը քիչերը հետաքրքրեց. քիչեր այս մէկը որպէս լուրջ մտահոգութիւն ընդունեցին եւ պայքարեցան, սակայն մեծամասնութիւնը մնաց անտարբեր եւ համակերպեցաւ: Իսկ այդ ըմբոստները կոչուեցան յոռետեսներ եւ «հասարակութեան թշնամի» նկատուեցան. անոնք մէյ մէկ մարգարէներ էին, որովհետեւ չպատահած լաւապէս հասկցան, որ այս ընթացքը ձուլումի պիտի տանի մեր ազգը։ Անոնք նման հարցեր բարձացուցած ժամանակ այդքան մեծ չէր հարցը, սակայն անոնք գիտակցեցան, որ այս ընթացքով կարելի պիտի չըլլայ սփիւռքի մէջ հայը հայ պահել:
Այսօր նման մարգարէներու եւ ըմբոստներու կարիքը ունինք մենք. կարիքը ունինք անձերու, որոնք պատրաստ են պայքարելու այդ համակերպուած սերունդներուն հետ, որոնք որպէս «պատշպանութիւն» հրապարակ հանած են այն սուտ մտածումը, որ հայ մնալու համար պայման չէ հայերէն խօսիլ. պէտք է հոգեպէս հայ զգալ: Այո, այսօր շատ են հայախօս հայեր՝ որոնք հեռու են հայութենէն եւ գուցէ ըլլան հայեր, որոնք հայերէն չգիտնալով՝ հոգեպէս հայ զգան, սակայն մեզի պէտք է երկուքի ամբողջութիւնը, ո՛չ լեզուով եւ ո՛չ ալ միայն հոգիով հայ կրնան ըլլալ։ Պէտք են մարդիկ, որոնք յաջողին միացնել լեզուն եւ հոգին, որպէսզի փրկեն հայը՝ որ օտարութեան մէջ կորուստի դատապարտուած է:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Շուները մեր արտասանած բառերը կը հասկնա՞ն:
Պատասխան. Շուները չեն կրնար հասկնալ մարդու լեզուն այնպէս, ինչպէս մենք կը հասկնանք: Անոնք կրնան սորվիլ յատուկ բառեր կամ արտայայտութիւններ եւ զանոնք կապել որոշակի գործողութիւններու եւ զգացումներու: Վարժութեան եւ կրկնութեան միջոցով շուները կրնան ճանչնալ եւ արձագանգել շարք մը հրամաններու եւ ազդանշաններու. ինչպէս օրինակ՝ նստիլ, քայլել եւ այլն, այդ բառերը կապելով գործողութիւններու հետ: Անոնք կրնան հասկնալ ձայնին ելեւէջներէն եւ մարմնական շարժումներու միջոցով, որոնք էական դեր կը խաղան անոնց ըմբռնումին մէջ: Շուները կրնան չըմբռնել մեր օգտագործած բառերուն ամբողջական իմաստը, անոնք առաւելաբար կապուած են մեր ազդանշաններուն եւ արձագանգին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/22/2024
- 11/22/2024