ՇՈՒՆԵՐՆ ԱԼ ԳԵՐԵԶՄԱՆՈՑ ՈՒՆԻՆ

Աստուած մարդ արարածը իր ստեղծագործութեան գլուխ գործոցը նկատեց եւ անոր տուաւ իր պատկերն ու շունչը. ամէ՛ն բան ստեղծեց մարդուն համար եւ մարդը որպէս գերագոյն ստեղծագործութիւնը անոնց վրայ պատասխանատու նշանակեց. սակայն այն բարձրութիւնը որ Աստուած տուաւ մարդուն՝ մարդը չկրցաւ տալ իր նմանին եւ որոշեց միւս ստեղծագործութիւնները աւելի բարձր նկատել՝ քան իր նմանը, որ ունէր նմանութիւնը նաեւ Աստուծոյ: Մարդը ժամանակի ընթացքին սկսաւ իր նմանէն աւելի բարձր արժէք տալ միւս ստեղծուածներուն եւ այդ մէկը ունեցաւ իր շարունակութիւնը հասնելով մինչեւ մեր օրերը: Այսօր մարդը աւելի՛ արժէք կու տայ տունին, շէնքին, շունին, դրամին ու միւս բոլորին՝ քան իր նմանին եւ այս մէկը ժամանակի ընթացքին, ցաւ ի սիրտ, բնական բնոյթ մը կը սկսի կրել:

Նախապէս մեր յօդուածներէն մէկուն մէջ խօսած էինք, թէ ինչպէս աշխարհի վրայ շատ մը շուներ ու կատուներ աւելի հանգիստ պայմաններու մէջ կ՚ապրին՝ քան շատ մը մարդիկ եւ այս երեւոյթը մեր օրերուն յատուկ երեւոյթ մը չէ. օրինակի համար՝ աւելի քան դար մը առաջ Եւրոպայի շատ մը «զարգացած» երկիրներու մէջ գոյութիւն ունէին յատուկ գերեզմանոցներ՝ անասուններու համար, ուր մարդիկ «յաւիտենական հանգիստ»ի կը յանձնէին իրենց «սիրելի»ները: Գերեզմաններ, որոնք ունին շիրմաքարեր եւ յաւուր պատշաճի արձանագրութիւններ: Եւրոպայի մէջ հրատարակուող մամուլ մը կը յիշէ Փայն Րիճ անունով գերեզմանոց մը, ուր թաղուած են մօտաւորապէս 5000-6000 կենդանիներ. այդտեղ թաղուածներէն մէկուն շիրմաքարին վրայ կը կարդանք.- «Բարեկամէ մը աւելի կ՚արժէր...». կը նայիս ուրիշ մը. շունը կը կրէ ընտանիքին մականունը՝ անոր տան անդամ ըլլալը աւելիով շեշտած ըլլալու համար: Այդ շիրմաքարերը կը յիշեցնեն այդ կենդանիներուն ծննդեան եւ մահուան թուականները. հաւատացէ՛ք, որ այսօր աշխարհի մէջ շա՜տ են այնպիսիները, որոնք իրենց գերեզմանին վրայ չունին շիրմաքար մը՝ ինչպէս այդ կենդանիները:

Յաճախ խօսած ենք կենդանիներու մասին եւ կը զգուշանանք. մարդիկ չկարծեն, թէ մենք կենդանիներու հանդէպ ունինք ատելութիւն մը. պարզապէս կը հաւատանք (ու գիտենք, որ ճի՛շդն ալ այդ է), որ մարդը պարտի շատ աւելի բարձր արժէք ունենալ՝ քան կենդանին:

Կը տեսնենք շիրիմ մը. «...առ այժմ երթաս բարո՜վ... մինչեւ որ իրարու միանանք...»: Այս սէրը հասկնալի է. մարդ իր կեանքի ընթացքին կապուածութիւններ կ՚ունենայ, սակայն գոյութիւն ունի «հաւասարակշռութիւն» ըսուած բանը: Նոյն զարգացած Եւրոպայի մէջ կը տեսնենք, թէ ինչպէս փաստաբան մը, իր շան համար փաստաբանական պայուսակի ձեւով շիրմաքար մը շինել կու տայ, պարզ այն պատճառով, որ շունը կը սիրէր քնանալ իր փաստաբանական պայուսակին վրայ, իսկ անոր շիրիմին վրայ կը գրէ. «Դուն հասարակ շուն մը չէիր, մարդու կը նմանէիր... Վստահ եմ որ երկինքը ինծի կը սպասես ձագս...»:

Որպէս եկեղեցական, Աստուածաշունչի մէջ շուներուն եւ կամ կատուներուն սպասող յաւիտենական կեանքին մասին տողի մը չհանդիպեցայ. արդեօք մարդու վրայ յարձակող շուները դժոխք, իսկ մարդոց պոչ շարժող ու շփացածութիւն ընող շուները դրախտ պիտի երթա՞ն. արդեօք հո՞ն ալ շատ մը շուներ երկրաւոր կեանքի նման մարդոցմէ աւելի բախտաւոր ըլլալով՝ երկնայինին մէջ ալ նոյն բախտաւորութիւնը պիտի ունենան:

Անցեալները անհաւատ մը կ՚ըսէր, թէ մարդ մահէն ետք իր ապրած կեանքի հիման վրայ դարձեալ լոյս աշխարհ կու գայ. եթէ վատ կեանք մը ապրած է լոյս աշխարհ կու գայ կենդանիի տեսքով. սիրելիս, այդ մէկը վատ կեանք մը ապրելու համար տրուած պատի՞ժ է՝ թէ բախտաւորութիւն, որովհետեւ մեր օրերուն կենդանին շատ աւելի հանգիստ է՝ քան մարդ արարածը. այսօր անօթի մեռնող մարդոց թիւը, սովամահ եղող անասուններէն աւելի է: Այսօր շատ մը մարդկային շիրիմներ տարիներով անայցելու են... սակայն պէտք է տեսնել կենդանիներու շիրիմները: Պարզապէս տարօրինակ կը գտնենք այն մարդիկը, որոնք այս բոլորը պարզ ու բնական կը տեսնեն:

Այս պատկերին դիմաց միտքս կու գան բոլոր անոնք՝ որոնք մինչեւ օրս անօթեւան ու անտուն ըլլալով, իրենց վրայ շիրիմ մը ունենալու արժանի չեն ըլլար. միտքս կու գան բոլոր անոնք, որոնք Ափրիկէի անտէր ու թշուառ պայմաններու մէջ ամերիկացի շան մը խմած ջուրին անգամ նախանձով նայելու պայմաններուն մէջ կ՚ապրին ու կը փորձեն գոյատեւել. հաւատացէ՛ք, որ բազմահազար մարդիկ յանձն պիտի առնեն բարձրաձայն հաջել՝ եթէ գիտնան, որ պիտի ապրին նոյն պայմաններուն մէջ՝ որ կ՚ապրին եւրոպացի կամ ամերիկացի շուները. մարդկութիւնը աշխարհի վրայ երբեք հաւասար չէ՛ եղած. նոյնն է պարագան անասուններուն, որովհետեւ ամերիկացի շունը աւելիով շուն է՝ քան ափրիկեցի շունը եւ այդ մէկն ալ կեանքի դժբախտ ճակատագիրն է. եթէ այսօր ափրիկեցի թշուառ ժողովուրդին հարց տաս, վստահաբար պիտի նախընտրեն ամերիկացի շուն ծնիլ՝ քան ափրիկեցի մարդ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Շուները դրախտ կամ դժոխք պիտի երթա՞ն:

Պատասխան. Շուները դրախտ կամ դժոխք պիտի երթա՞ն, անձնական համոզումներու հետ կապ ունեցող հարց մըն է: Շատ մը կրօնական եւ փիլիսոփայական համոզումներ կ՚ըսեն, թէ կենդանիները արդէն իսկ անմեղ արարածներ են, որոնք կ՚ապրին իրենց բնազդով եւ ոչ այն ազատութեամբ, որ մարդ արարած ունի: Շատեր կը հաւատան, որ կենդանիները անմեղ ըլլալով կրնան ժառանգել դրախտը, իսկ ուրիշներ դրախտի եւ դժոխքի գաղափարը կը տեսնեն մարդոց յատուկ երեւոյթ: Թէ՛ շուներուն եւ թէ կատուներուն համար դրախտ ու դժոխք կայ, այդ մէկը անհատական համոզումի հարց է, որովհետեւ շատեր կենդանիներուն բարութիւնն ու հաւատարմութիւնը տեսնելով՝ զանոնք արժանի կը տեսնեն դրախտի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 13, 2024