ՏՀԱՃ ՊԻՏԱԿԱՒՈՐՈՒՄ
Մեր թերթերը վտանգի տակ են՝ քիչ մը ամէն տեղ։ Լրագրութեան «կարմիր շապիկը»… Մեր օրերուն թերթ հրատարակելը համազօր դարձաւ խենթութեան։ Սփիւռքեան գաղութներու ամբողջ կտրուածքով եւ յարաբերակցութեամբ անէծքի վերածուած է լրագրութիւն ընելը, ալ ո՛ւր մնաց, երբ խօսք կ՚երթայ թերթ հրատարակելու արկածախնդրութեան։
Այո՛, թերթ «հանելը», խմբագրական կազմ «պահելը», ուշադիր կերպով մամուլի կեանքին մասնակից դառնալը, «գէշ մարդ» չըլլալու գնով արդարութեան ձայնը ներկայացնելը մեր ժամանակներուն դարձած է անմխիթար գործ մը։ Ինչ կը վերաբերի մերօրեայ լրագրողին, ապա մարդս կրնայ արաբ, թուրք, եւրոպացի կամ ամերիկացի թերթերու մեծ ընտանիքին մէկ անդամը դառնալ ու այդ կը բաւէ, որ նշուած անհատը ո՛չ միայն փառք ու պատիւ վայելէ իր իւրայիններուն կողմէ, այլեւ դառնայ հայկական շրջանակներու ֆավորին ու սիրելին։
Ու այդպէս է, անշուշտ, վերջին ամեակներուն, երբ հեռաւոր Ամերիկաներու կամ Եւրոպայի լուսաւոր ոստաններուն մէջ՝ որպէս հայազգի ընդունուած լրագրողը տող մը գրէ. օրինակ՝ Արցախի մասին, 24 Ապրիլի կամ նոյնիսկ Կիրանցի, միջազգային ատեաններու «բարեսիրտ» վճիռներուն մասին, որպէսզի զինք դնենք մեր գլխուն վրայ ու ման տանք աշխարհով մէկ։
Ու յայնժամ Աստուած պապան կարագ պիտի քսէ մեր հացին ու մենք ալ (մենքը միշտ փոխաբերական իմաստով) մեր տեղական ու տեղայնական «յաղթական» օրակարգով պիտի լեցնենք մեր առօրեան։ Ու այս վիճակին վրայ նաեւ յաւելենք, որ նոյն «հայազգի»ն արժանի պիտի դառնայ սա ինչ թեմի կամ վարչութեան, մեծարգոյ յանձնախումբի ո՛չ միայն բարոյական աջակցութեան, այլեւ՝ արծաթահունչ շռայլումներուն։
Կեանք է. պիտի ըլլան այս բաները… պիտի ըսէք։ Իսկ ես պիտի յարեմ, մեր մօտ մասնաւորապէս՝ իրավիճակը այնքան խոցելի է դարձած, որ մարդս կը մոռնայ ամէն ինչ ու կը մտածէ միայն ու միայն իր աւուր հացին մասին։ Կը տքնի, ի հարկէ, որ այդ կտոր մը հացը «սեւ հաց» չդառնայ, այլ ապրի հաւատք տալով՝ գրելու առաքելութեան։
Ի վերջոյ ի՞նչն է, որ լրագրող ըսածիդ ուժ եւ կորով կու տայ՝ քան լաւ հատոր մը կազմելու, լաւ գիրք մը նուէր ստանալու կամ լաւ սիկառ մը վառելու սովորութիւնները, որոնք կրնան պատահիլ բացառապէս կիրակի առաւօտները, երբ ո՛չ թերթ կայ, ո՛չ լուր, ո՛չ տաղտուկ եւ ոչ ալ խմբագրութեան հասցուելիք յօդ-ւած կամ ակնարկ։
Այս բոլորին մէջ ենք այսօր, այս ռիթմերուն, այս անշեղ պայքարներուն ու ճի՛շդ խօսքը առատապէս հասցնելու կրակներուն մէջ։ Այս բոլորը կան, այս բոլորը մեր առօրեային մէջն են ու մենք այդ պայքարով, այդ պայքարէն կը քալենք՝ յաճախ լուռ ձեւանալով, յաճախ կոյր «խաղալ»ով ու յաճախ ալ ճշմարտութենէն հեռու տեղ մը մեր գլուխը բարձին դնելով։ Ու պարզ է, որ այդպէս ալ պիտի ընէինք, որովհետեւ դարձեալ ու դարձեալ մեր նմաններուն համար անհը-նար պիտի դառնար առանձինն պայքար մղել, որովհետեւ պիտի կոտրուէինք տեսնելով մեր դիմաց հաւաքուած իրական բորենիներու վոհմակը։
Այս բոլորէն անդին, իրօք, մեր ուզածը ի՞նչ պիտի ըլլայ կամ ի՞նչ պէտք է ըլլայ մեր փափաքն ու իղձը՝ մանաւանդ մեր այս ժամանակներուն, ուր ամէն օր մեր արժէքային համակարգի սալաքարերը մէկիկ-մէկիկ կը փշրուին ո՛չ անոր համար, որ հաւատքի մեր շէնքին դէմ անդուլ պայքար սկսած է եւ գրեթէ ամէնուրեք, այլ անոր համար, որ այդ շէնքը ի սկզբանէ սխալներով, թերութիւններով եւ կեղծիքներով կառուցուած շէնք մըն է։
Ու այս ալ հաշուի առնելէ ետք, լրագրողներս պէտք է ունենանք լուծելի երկու հարց։ Նա՛խ, մնանք քաջ ու աննահանջ՝ ի մասնաւորի մեր սկզբունքներուն մէջ, այլ խօսքով, չկքինք, չծալուինք ու ծունկի չգանք ու յետոյ ալ գրենք միայն յանուն ճշմարտութեան...
ՏԱԳՆԱՊԻ ՁԱՅՆ՝ ՓԱՐԻԶԷՆ
Ինծի անչափ սիրելի ու պոլսահայ սրտերակի զարկերէն ԺԱՄԱՆԱԿ-ը եւս անցած է ու կ՚անցնի դժուար պահերէ։ Քիչ մը ամէն տեղ, ինչպէս վերը նշեցի, մամուլը յայտնուած է բարդ խնդիրներու առջեւ ու այդ բարդութիւններուն դիմաց ալ գաղութի, համայնքի, չեմ գիտեր ինչի վարչայինները (մեր սիրելի խմբագրի սիրած բառն է այս) անկիրթ անհոգութեամբ մը ո՛չ միայն անտարդերութեամբ կը նային հայ մամուլի հարցերուն, այլ, ընդհանրապէս, երես կը թեքեն։ Իսկ երես թեքելու պատմութիւնը օրերս դարձեալ հայկական օրակարգին մաս կազմեց, երբ լսելի դարձան Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի դիմագրաւած խնդիրները, որոնց դիմաց ալ նոյն վարչայինները կը շարունակեն ու պիտի շարունակեն անտարբեր մօտեցումներով դիտել, թէ ինչպէ՛ս պիտի լռէ թերթը, ինչպէ՛ս պիտի մարի լոյս տարածող օճախի ծուխը եւ ինչպէս պիտի լռէ թերթի մը տպագրիչ մեքենան...
Ի դէպ, թերեւս ձեզմէ քիչեր լսած ըլլան, որ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ը այս օրերուն յայտնուած է լուրջ տագնապի մը առջեւ։ Խնդիրը այն է, որ կարծէք չեն բաւեր հայկական աշխարհը յուզող հիմնահարցերը՝ թերթին նկատմամբ որոշ հաւատարմութեամբ բարերար շրջանակներ կամաց-կամաց սկսած են իրենց դժգոհութիւնը արտայայտել ու հեռանալ թերթէն, իրենց հետ տանելով այն կարեւոր նիւթական նպաստները, առանց որոնց որեւէ թերթ չի կրնար գոյատեւել՝ այդ ալ Փարիզի ափերուն։
Խորքային է, անշուշտ, հարցը ու ցոյց կու տայ, որ աշխարհին լոյս եւ քաղաքակրթութիւն «արտածած» Փարիզի մէջ որքա՜ն յետադիմական են մեր հայերը։ Թերթին դէմ ընթացք տուած են խօլ արշաւի մը՝ զայն համարելով «Նիկոլական»։ Անոնք, անշուշտ, կը մոռնան, որ «Նոր Յառաջ»ը բոլորի ամպիոնն է, չէ խրուած ու չի խրուիր հայկական ներքին անօգուտ պայքարներուն մէջ ու անկէ անդին ալ կը փորձէ ապրիլ ու ապրեցնել Շաւարշ Միսաքեաններու, Վազգէն Շուշանեաններու, Շահան Շահնուրներու, Նիկողոս Սարաֆեաններու ու տակաւին շատ ուրիշ գրողներու «տունը» հանդիսացած թերթին կանոններն ու սկզբունքները։
Կը խօսիմ անկախ մամուլի մասին, որ հայոց համար կարծէք անպիտան բան մըն է՝ մանաւանդ մեր ժամանակներուն։ Տխուր է, սակայն, որ մեղադրանքները անհիմն են ու այդ առումով ալ եւրոպահայութիւնը ինչ-որ տեղ եւ ինչ-որ յստակ նպատակի ու առաքելութեան համար պարտաւոր է տէր կանգնիլ այդ թերթին ու ապահովել անոր անխափան երթն ու ընթացքը։
Այստեղ, անշուշտ, պիտի չխօսիմ կուսակցական մամուլին մասին, որ նոյնպէս կ՚ապրի դժուարին օրեր, սակայն, աւելիով կը կարեւորեմ ու շեշտակիօրէն կ՚ուզեմ ընդգծել անկախ մամուլի առաքելութիւնն ու ծառայութեան պիտանիութիւնը։
Աւարտին, գրութիւնս համարեցէք զօրակցութիւն «Նոր Յառաջ»ին, որ Փարիզի սիրտէն կը բաբախի, որուն անկախ մնալը, մամուլի առաքելութեան հաւատալն ու անվրդով խօսքը կը բխին արդար եւ մաքուր լրագրութեան իրական համոզումներէն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 11/22/2024