ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՍԻՐՈՅ ԳԻՇԵՐ

Արտերկրի մէջ մեր եւ ուրիշներու զաւակներէն խառնուրդ մըն էին, որոնք իրենց թեւերուն տակ առած իրենց թերթերն ու պարբերականները Եւրոպայի փողոցները, համալսարաններն ու սրճարանները կը թափառէին յանուն Դատին: Ամէն ինչի մէջ հակառակ էին, միակ բանը որ կը միացնէր զիրենք՝ գիշերն էր, որ բոլորին ընկերն էր: Այդ պատճառով, անոնք իրապէս «գիշերուան ընտրեալ ժողովուրդն էին»:

Արաբական Արեւելքի զաւակները փառաւոր տան մը մէջ կ՚ապրէին, որ կը նայէր դէպի ջրային անիւները, որոնք դատարկ կը դառնային:

Իսկ Արաբական Արեւմուտքի զաւակները աւելի փառաւոր տան մը մէջ կ՚ապրէին, որ կը նայէր դէպի ֆրանսական մշակոյթին եւ Հիլալի որդիներու արտագաղթին:

Իսկ պաղեստինցին կը բնակէր կախարդական ապարանքի մը մէջ, որ Խարթումի ոչերուն1 կը նայէր:

Եեմէնցին Արզալի մէջ կը բնակէր, որ Նիակարայի ջրվէժին կը նայէր եւ Չէ Կուեվարայի ճառերուն:

Եգիպտացին քաղաքակրթական փրկօղակի մը մէջ կը բնակէր, որ կը նայէր դէպի պիլարզիա (Schistosomiasis) եւ Նոպէլի մրցանակին:

Իսկ արաբական նաւթի զաւակը փառաւոր ապարանքի մը մէջ կը բնակէր, որ կը նայէր դէպի իսլամական ժառանգութեան եւ Տիւփոնի հրահաններուն:

Իսկ լիբանանցին իր պայուսակին մէջ կը բնակէր:

Գիշերային սրճարաններէն մէկէն երազային երաժշտութեան ձայն կու գար, երբ անոնց ծիծաղներն ու զրոյցները նախքան իրենց մարմինները ներս մտան: Սրճարանին տէրը անմիջապէս Շոփենի երաժշտութիւնը փոխեց Սամիրա Թաուֆիքի2 եւ Սապահ Ֆախրիի3 երգերով: Միաժամանակ գաւաթները, ամաններն ու նստարանները լաւապէս ամրացուց՝ ինչպէս էին, ու ոստիկանութեան եւ շտապօգնութեան զանգեց… ապահովութեան համար: Այդ ընթացքին մատուցողը ձեռքին ցուցակ մը՝ ժպիտով մօտեցաւ:

Մատուցողը. բարի եկած էք: Ի՞նչ կը փափաքին եղբայրները:

Արաբը. կ՚ուզենք զրուցել:

Մատուցողը. ի՞նչ պիտի զրուցէք եւ որո՞ւ հետ:

Արաբը. որեւէ մէկ նիւթ, ոեւէ մէկուն հետ:

Մատուցողը. սակայն ժամանակը ուշ է եւ քնանալու ժամն է արդէն:

Արաբը. ա՜հ, դուք եւրոպացիներդ: Ե՞րբ պիտի արժեւորէք ժամանակը…, որ զայն այսպէս չմսխէք:

Մատուցողը. ապագային պիտի փորձենք: Սակայն, հիմա կարեւորը այն է, նախքան ուտելիքը որեւէ մէկ բան կ՚ուզէ՞ք:

Փաքիստանցին. Տիյեա ալ-Հաքին4 գլուխը կ՚ուզեմ:

Պարսկաստանցին. ես Շահին գլուխը կ՚ուզեմ:

Օտար յաճախորդ մը. ես հաշիւը կ՚ուզեմ:

Պարսկաստանցին. ո՛չ ոք այստեղէն դուրս պիտի ելլէ, այլապէս ձեզ բոլորդ որպէս պատանդ կը պահեմ: Բացի Պարսկաստանէն, աշխարհի որեւէ մէկ երկրին առընչուող նիւթի մը մասին պիտի զրուցենք:

Արաբ մը. կ՚ուզեմ վստահեցնել ձեզի, թէ Քեմփ Տէյվիտի համաձայնագիրը ո՛չ մէկ բանով պիտի օգնէ ձեզի:

Ուրիշ արաբ մը. ես ալ կ՚ուզեմ յստակեցնել ձեզի, թէ Սետաթի վարչակարգը պիտի փլուզուի: Խնդիրը ամիսներու, կամ տարիներու խնդիր է, եւ ո՛չ աւելին:

Ուրիշ արաբ մը. իսկ ես կ՚ուզեմ, որ ամերիկեան շահերը հարուածեմ տարածաշրջանէն ներս:

Ուրիշ արաբ մը. ես կ՚ուզեմ աւելի սերտացնել արաբական միութիւնը եւ փաստել անոր գոյութիւնը պարսկական, աֆղանական եւ միջազգային գետնի վրայ:

Լիբանանցին. ես ալ-Տապասի հրապարակը կ՚ուզեմ:

Նաւթի զաւակը. իսկ ես կ՚ուզեմ Պաղեստինը վերադարձնել, եւ…

Ուրիշ արաբ մը. ես կ՚ուզեմ առաջնորդ մը կամ տիրակալ մը ըլլալ կեանքիս յաջորդող տարիներուն, որպէսզի կեանքս անցընեմ կեդրոնանալով ամէն տեղ պայքարի եւ ազատագրութեան մասին:

Ուրիշ արաբ մը. իսկ ես կ՚ուզեմ մայր դառնալ կամ ութսուն, կամ ինիսուն տարեկանին, որ արտագաղթած մըն է, աքսորուած մըն է կամ փախստական, որ ռումանական քօղ մը կը հագնի եւ հունգարական ձեւակերտ հողաթափ մը, բարեւ եւ ողջոյն ծրագրի բարձրախօսին ետեւը կը կանգնի, ու կ՚ըսէ՝ իր բերանին չորս կողմը ամերիկեան ձաւարի հետքեր ըլլալով. ես այսինչն եմ, այնինչին աղջիկը. ողջոյնս կը նուիրեմ այսինչին ու այնինչին: Եղբա՜յր, լուր մը տուէք ձեզմէ, որպէսզի հանգիստ ըլլանք: Մեր քով ամէն ինչ լաւ է՝ փա՜ռք Աստուծոյ: Հօրաքոյրդ «Միութիւնը» ամուսնալուծուեցաւ: Մեծմայրդ՝ «Ազատութիւնը» մահացաւ: Մօրաքոյրդ՝ «Ընկերվարութիւնը», նեղուած է եւ իր հօրեղբօր՝ Սէուտական Արաբիոյ մօտ կը մնայ: Մեծհայրդ՝ «Համերաշխութիւնը», խենթանոցին մէջ է: Մօրեղբայրդ՝ «Դիմադրութիւնը», երկու ամիսէ ի վեր անհետացած է… ոմանք կ՚ըսեն, թէ հիւանդ է ու Ռուսաստանի մէջ կը բուժուի, ոմանք ալ կ՚ըսեն, թէ Ամերիկա է: Եթէ որեւէ մէկ բան լսէք անոր մասին, Կարմիր խաչին միջոցով լուր տուէք մեզի:

Արաբ մը. նախքան գաղթարարութեան, կայսերապաշտութեան եւ աւատականութեան մաքրագործումն ու վերացումը, պէտք է վերացնել բոլոր անոնք, որոնք կ՚ուզեն վերացնել պաղեստինեան խնդիրը:

Ուրիշ արաբ մը. դուն շարժիչներու (motor) գնորդ ես:

Ուրիշ արաբ մը. իսկ դուն յետամնաց անարգին մէկն ես:

Ձայներ. լո՛ւռ մնայ: Վա՛խկոտ: Պարտուողակա՛ն: Իշխանամո՛լ: Մարքրագործո՛ղ: Աջակողմեա՛ն: Ֆաշի՛ստ: Կործանարա՛ր: Հրապուրո՛ղ: գործակա՛լ:

Արաբ մը. ամօ՛թ է, ժողովուրդ, ամօ՛թ է: Դուք մէկ տարածաշրջանի զաւակներ էք, ձեր խնդիրները միեւնոյնն են, ձեր մամուլը միեւնոյնն է, ինչպէս նաեւ ձեր ապագան միեւնոյնն է: Ողջագուրուեցէ՛ք բոլորդ ալ եւ իրարու պեխերն ու թերթերը համբուրեցէք, եւ ձգեցէք, որ այս գիշերը հանգիստ ու բարիով անցընենք:

Բոլորն ալ մաքրեցին իրենց գաւաթները, որոնք սեղանին դրուած էին:

Իսկ իրենց խմածն ալ մաքրեցին պէտքարանէն ներս:

Ապա փողոցին մէջ իրենց հաշիւները մաքրեցին, իրենց պարտականութիւնները՝ հաշուետուութիւններուն մէջ, իսկ արցունքները՝ բարձերուն վրայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 37

Վաղարշապատ


1 Խօսքը Արաբական չորրորդ գագաթաժողովի մասին է, գումարուած՝ 1967-ին, Սուտանի մայրաքաղաքը՝ Խորթումի մէջ: Այս ժողովը յայտնի է նաեւ երեք ոչերու գագաթաժողով անունով:

2 Լիբանանցի երգչուհի, ծնած է 25 դեկտեմբեր 1935-ին:

3 Սուրիացի երգիչ: Ծնած է 1933 թուականին, մահացած՝ 2021-ին:

4 Մուհամմէտ Տիյեա ալ-Հաք, փաքիստանցի հրամանատար ու նախագահ: Ծնած է 12 օգոստոս 1924 թուականին, մահացած՝ 17 օգոստոս 1988 թուականին օդանաւի արկածի պատճառով: Փաքիստանի մէջ 1977 թուականին ռազմական դրութիւն յայտարարելէն ետք վեցերորդ նախագահը եղած է 1978 թուականին: Նախագահի պաշտօնին մնացած է մինչեւ իր մահը՝ 1988 թուականը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2024