ԱԿՆԱՐԿ - 84 - ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՅՐԵՐԸ ՍՈՒՐԲ ՄԻՒՌՈՆԻ ՄԱՍԻՆ

Այսօր մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ՝ Ս. Միւռոնի մասին:

* Սուրբ Յովհան Օձնեցի Կաթողիկոսը իր կանոններուն մէջ կը գրէ.

Պարտ եւ արժան է որ հայրապետը օրհնէ Սուրբ Միւռոնը, այսինքն՝ անուշահոտութեան իւղը, ինչպէս նաեւ՝ իւրաքանչիւր եպիսկոպոս՝ մէկ անգամ Զատիկի հինգշաբթի օրը, ինչպէս հրամայուած է: (Պարտ եւ արժան է) քահանաներուն անոնցմէ ընդունիլ եւ անով օծել սեղանները, եկեղեցիներն ու խաչերը, մկրտուածներուն մատուցել միայն որդեգրութեան օծութիւն, որ մկրտութենէն ետք օծման համար կ՚ըլլայ: Այն պէտք չէ խառնել այլ նիւթերու հետ, եւ թող քահանան չհամարձակի օրհնել զայն:

* Անանիա Սանահնեցին կը գրէ.

Ամէն տարի երբ Միւռոնը կ՚օրհնենք, հին Միւռոնը կը խառնենք նորին մէջ եւ այնպէս կ՚օրհնենք: Սուրբ Գրիգորէն ու Սուրբ Սահակէն սկսած մինչեւ այսօր նոյն Միւռոնը կը շարունակուի եւ կու գայ մինչեւ հիմա՝ միշտ ընդունելով Սուրբ Հոգիին շնորհները՝ սուրբ օծութեամբ կը շնորհագործէ Աւազանին մէջ մկրտուածին՝ Հօր եւ Որդիին անունով. Որդիին կամաւոր եւ կենարար մահուամբ, Սուրբ Հոգիով, որովհետեւ Ասոր մէջ հաւատքով կ՚իրագործուի Սուրբ Մկրտութիւնն ու մեր միաւորուիլը միասնական Սուրբ Երրորդութեան հետ, որուն փառք եւ զօրութիւն, հիմա եւ միշտ, յաւիտեանս յաւիտենից:

* Սուրբ Եղիշէն կը գրէ.

Օ՜հ, ուրեմն, հեռացիր աշխարհէն, որ շուտ արթնցած ես, ասոր արհաւիրքներէն բաժնուած ես, թօթափելով ձերբազատուէ՛ այս ախտալից աշխարհի կեղեւէն: Ըմբշամարտիկի նման մերկացի՛ր, օծուի՛ր Քրիստոսի իւղով, որպէսզի ախոյեանի ձեռքերը քեզմէ չկառչին:

* Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը կը գրէ.

Իսկ երբ ընդունողներու (հաւատացեալներու) տկարութեան պատճառով Հոգիին տեսանելի շնորհները նուազեցան, ճիշդ նոյն Հոգիէն շարժուած՝ գեղեցկապէս հիմնակարգեցին, որպէսզի ընթերցուին հոգեկիր մարգարէներուն, առաքեալներուն եւ աւետարանիչներուն խօսքերը՝ ստեղծուած Խաչին դիմաց (…) եւ Խաչին վրայ կողահոս բխումին նմանութեամբ Խաչը ջուրով եւ գինիով լուան ու որպէս Հոգիի սրբութեան օծութիւն՝ զայն Միւռոնով դրոշմեն (…):

Եւ եթէ հակառակաորդներէն մէկը ընդդիմախօսէ Միւռոնի օծման կապակցութեամբ՝ իբր թէ այն աւելորդ եւ անտեղի է, այս մասին կ՚ըսենք, որ Միւռոնը Սուրբ Հոգիի զօրութեան խորհուրդը ունի: Եւ եթէ Հօրն ու Սուրբ Հոգիին էակից ամէն ինչ անկարօտ մարմնացեալ Բանը անպատշաճ չհամարեց կամ նուաստութիւն [չնկատեց] Սուրբ Հոգիի՝ աղաւնիի կերպարանքով Իր վրայ իջեցնելը Յորդանանի մէջ, այլ նոյն Հոգիով կենցաղավարեց անապատին մէջ (…), ապա ինչքան պատշաճ է մեզի սոսկական նիւթը, որ նիւթական բաներէն կը վերցնենք, նոյն իմաստով օծել, որպէսզի նոյն Հոգիի զօրութիւնը առնէ:

* Դաւիթ Հարքացին կը գրէ.

Ձէթը Քրիստոսի օրինակն է եւ քահանան, որ խորանը կ՚օծէ, Քրիստոսի օրինակն է, որ Իրմով կը սրբէր բոլոր արարածները եւ կ՚օծէր թագաւորներն ու քահանաները, ինչպէս Ինքզինք: Իսկ զմուռսի ծաղիկը [պէտք է ըլլայ] 500 սիկղ, հիրիկը՝ 500, կինամոնը՝ 250 եւ եղէգի խունկը՝ 250, որովհետեւ մարդը չորս նիւթէ [բաղկացած] է: Զմուռսի ծաղիկը օդի նման է՝ մարմինի կենդանութիւնը պահպանելու համար, հիրիկը մարմինի ջերմոտ եւ հրագին մասին կը համապատասխանէ՝ ըստ աստուածային շինուածքի իրենց մէջ ունենալով հազարեակի կատարեալ թիւը: Իսկ կինամոնը հողի նման է եւ եղէգի խունկը՝ ջուրի՝ իրենց հոգաչափ ծաւալով ամփոփելով հազարեակի կէսը: Իսկ ձէթը դարձեալ օրինակն է մեր միտքին, որ օրինակն է Քրիստոսի, որովհետեւ Քրիստոս Եկեղեցւոյ գլուխն է: Արդ, միտքէն աւելի ի՞նչ լուսափայլ եւ լուսատու բան կայ մեր մէջ:

* Մխիթար Գօշ կը գրէ.

Ան, որ պատճառաբանելով կ՚ըսէ, թէ Հայոց Միւռոնը անկատար է եւ ատոր համար կ՚անպատուէ զայն, շատ ստութիւն ունի: Մինչդեռ իրենց Միւռոնը շատ կը պատուեն [ըսելով], թէ անոր մէջ բալասանի ձէթ եւ այլ անուշահոտ նիւթեր խառնուած են խունկին հետ: Եւ կը կանոնակագրեն Միւռոնը պատրաստել խառնուրդով, ինչպէս Պատարագի սուրբ հացին մէջ՝ խմոր (կը խառնեն) եւ (հաղորդութեան) բաժակին մէջ՝ ջուր: Եւ գրուած չէ, թէ ձիթապտուղի ձէթը անհրաժեշտ է օրհնել, որովհետեւ գաւառներուն մէջ ձիթապտուղի ինչ ձէթ որ պատահի, այն է ընդունելին, թէ՛ շուշմայի եւ թէ՛ ուրիշ տեսակներու:

Աստուած Մովսէսին հրամայեց խակակութ ձիթապտուղի իւղ պատրաստել, համաձայն տուեալ գաւառին մէջ եղածին: Բայց ինչպէս Պատարագի հացը օրհնութիւն ստանալով Քրիստոսի մարմին կը դառնայ, այդպէս ալ ձէթը օրհնութիւն կը ստանայ որպէս Հոգիի նշանակ, քանի որ Սուրբ Հոգին է, որ կ՚օրհնէ. եւ ասոր առհաւատչեան թէ՛ Պատարագի եւ թէ՛ Միւռոնի անուշահոտ ըլլալն է:

Եւ եթէ մէկը օրէնքը վկայակոչէ, ըսելով, թէ չորս (տեսակ) անուշահոտ խունկ խառնեցին օծութեան իւղի մէջ, [կ՚ըսենք]. բայց այն վայել էր օրինակին, իսկ Ճշմարտութեան հարկաւոր չէ՛ նման խառնուրդ, որովհետեւ այնտեղ ամէն ինչ մարմնաւոր է, իսկ այստեղ՝ հոգեւոր (…):

* Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացին կը գրէ.

(…) Իսկ Սուրբ Միւռոնով օծուիլը այն ցոյց կու տայ, որ երբ Քրիստոս մկրտուեցաւ, Սուրբ Հոգին իջաւ Անոր վրայ, որպէսզի, իբրեւ մեր Գլուխ, Իր անդամներուն՝ հաւատացեալներուն վրայ հեղէ (զայն)՝ իբրեւ ազնիւ իւղ, որ Ահարոնի գլուխին կ՚իջնէ (Սղ 132.2): Այսպէս ալ ջուրով Քրիստոսի մէջ կը մկրտուինք եւ Աստուծոյ որդիներ կը կոչուինք եւ իւղով կը միաւորուինք Սուրբ Հոգիի շնորհներուն: Եւ պէտք է իմանալ, որ ճակատի, սիրտի, թիկնամէջի օծումը դրոշմ (կը կոչուի): Եւ այն, որ մեր հինգ զգայութիւնները կ՚օծէ, գաղտնօրէն [կ՚ակնարկէ] օծման խորհուրդը:

- Այս մտածումները քաղած եմ «Էջմիածին», պաշտօնական ամսագիր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Մայր Աթոռոյ Սրբոյ Էջմիածնի սեպտեմբեր 2008 թիւէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2024