ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)
ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ՀԵՌԱՐՁԱԿՈՒՄ
Այն օրէն ի վեր, երբ արաբական երկիրները գլխաւորութեամբ նաւթի երկիրներուն, որոշեցին նիւթապէս օժանդակել արտադրելու արաբական առաջին արբանեակը, ես սկսայ մեծ ուշադրութեամբ հետեւիլ այն բոլոր հրապարակումներուն, որոնք մերթ ընդ մերթ լոյս կը տեսնեն թերթերուն մէջ, լոյս սփռելով այս ծրագիրի փուլերուն մասին: Եւ որովհետեւ բնաւորութեամբ անհամբեր ու հետաքրքրասէր եմ, այլեւս չե՛մ կրնար սպասել մինչեւ որ այս ծրագիրը իր աւարտին հասնի: Այդ պատճառով պիտի ենթադրեմ, որ աւարտած է արդէն եւ թէ արաբական առաջին արբանեակը պատրաստ է արդէն իր աթոմական գլուխով եւ ելեկտրական հիւսերով պատրաստ է յետհաշուարկին եւ Աստուծոյ ապահովութեամբ արձակուելու հրթիռի արձակման կեդրոններէն մէկէն եւ արաբական յայտարարութիւններէն:
Որովհետեւ այս արբանեակը կազմուած աշխարհէն եւ դէպի աշխարհ սփռելու եւ հեռաձրակելու քաղաքական, գրական, արուեստգիտական եւ այլն ծրագիրներ, ապա հետեւեալ ծրագիրը կ՚առաջարկեմ պատասխանատուներուն արաբական առաջին արբանեակի պտոյտին, որպէսզի զայն սփռեն այն մայրաքաղաքներուն եւ ցամաքամասերուն վրայէն, որ պիտի անցնի.
- Սկզբնապէս, միայն իր արձակման վայրէն դուրս գայ, կարճ խօսք մը ներկայացնէ, հաստատելով որ ժամանակը յօգուտ արաբներուն կը գործէ: Ապա, անոնց ներկայացնէ Ըմ Քալսումի «Խայամի քառեակները» երգը:
- Երբ արդէն իր ուղղութիւնը բռնած ըլլայ արտաքին աշխարհին վրայ, Ֆարուք Շուշային «Մեր գեղեցիկ լեզուն» ծրագիրը սփռէ, որ կ՚ընդգրկէ հատուածներ, այն ելոյթներէն՝ որոնք եգիպտական ձայնասփիւռը կը վերցնէ քոյր ձայնասփիւռներէ մերժողական երկիրներէն նախաձեռնութենէն սկսեալ մինչեւ հիմա:
Սուրի, Սայտայի, ալ-Պուքէյաայի, ալ-Քըլեաաթի վրայ Ատոնիս բանաստեղծէն խօսք մը՝ «Արդիականութիւնը Լիբանանի իրադարձութիւններուն մէջ»:
***
Հըթինի, ալ-Եարմուքի եւ Պուաթիէին վրայ խօսք մը, որ նոր գաղտնիքներ կը յայտնէ պատմութեան ընթացքին արաբներու մեծ պատերազմի մասին, որ կը ներկայացնէ Նիզար Քապանին, Խալէտ Պըն ալ-Ուալիտի ռազմական խորհրդատուն:
***
ՄԱԿ-ի եւ միջազգային համագումարներու միւս կառոյցներուն վրայ, որոնք արաբական դատով հետաքրքրուած են, այս ծրագիրը. «Վերջապէս, ա՛յս է մեր կարծիքը». այս մէկը նախադասութիւն մըն է խօսակցութեան մը, որ կը ներկայացնէ Պաղեստինի ժողովուրդին վերջին պատկերացումը իրաւունքներու մասին: Այս նախադասութիւնը կը ներկայացնեն 17 անդամներ, որոնք կը պատկանին ընդդիմադիր 17 տարբեր խմբաւորումներու:
***
Աշխարհի մայրաքաղներուն մէջ իսրայէլեան բոլոր դեսպանատուներուն, տնտեսական եւ մշակութային գրասենեակներուն վրայ հետեւեալ ծրագիրը. «Արաբական ծոցի ձայնը». այն է, որ Իսրայէլը վերջին անգամ ըլլալով պէտք է հասկնայ, թէ եթէ ականջ չտայ միջազգային ընկերութեան փափաքին եւ չքաշուի արաբական գրաւուած բոլոր հողերէն, ու ամենէն մօտ առիթին չխոստովանի Պաղեստինի ժողովուրդին բոլոր իրաւունքները, ապա իր ժամը հասած պիտի ըլլայ: Պէտք է նշուի նաեւ, որ այս ժամանակը շատ յստակ ու վճռական է, որովհետեւ «Ռոլեքս» ժամացոյցներու համաձայն պիտի ըլլայ:
***
Լատինական թաղի, Մոնմարթրի եւ այլ նշանաւոր գրողներու, մտաւորականներու եւ ըմբոստացողներու սրճարաններուն վրայ հետեւեալը. խօսք մը՝ որ կը յայտնէ, թէ ինչպէս մտաւորականը կը վիճի եւ ամբողջ օրը սրճարաններուն, փողոցներուն եւ գինետուներուն մէջ կը խօսի մերժումի, ապստամբներու, Չէ Վուեվարայի եւ Տոպրէյի մասին: Իսկ գիշերը, կը փակուի իր տան մէջ, Քաթարի եւ Տուպայի հեռատեսիլներուն համար սերիալներ եւ պետեվիական բանաստեղծութիւններ գրելու համար:
***
Եւրոպայի մէջ օփերայի եւ պարային թատրոնի ամենէն նշանաւոր շէնքերուն վրայ հետեւեալը. արուեստագիտական խօսք մը, որ կը ներկայացնէ արաբ գաղտնի սպասարկութեան մարդոցմէ մէկը, եւ արուեստագիտական մեծ ճշմարտութեան մը վրայէն կը հանէ վարագոյրը: Ճշմարտութիւնը այն է, որ արաբ մարդը հանգրուաններով աւելի առաջ է արդէն քան իր արեւմուտքցի եղբայրը այս ոլորտէն ներս, որովհետեւ ան մնայուն կերպով առիթը ունի մէկ «հանդէս»ի ընթացքին սորվելու ամէն տեսակի պարեր եւ օփերա երգել:
***
Քրեմլի վրայ խօսք մը, թէ ինչպէս ընկերվարութիւնը եւ մզկիթները կողք կողքի կը կառուցենք:
***
Պրիխթի, Պրոտուէյի եւ Քոմատի Ֆրանսէզի թատերասրահներուն վրայ հետեւեալը. հրաժեշտի խօսք մը արաբական թատերասրահի ռահվիրայէն՝ Եուսէֆ Պէք Ուհպէյէն, որու մէջ կը յայտարարէ, թէ ան հիմա կրնայ իր Տիրոջ հանդիպիլ, եւ ինք կատարեալապէս հանգիստ է արաբական թատրոնի ապագային նկատմամբ, երբ ամբողջ արաբական աշխարհը թատերաբեմի մը վերածուեցաւ:
***
Աշխարհի մեծագոյն թերթերու, լրատուական եւ հետախուզական գործակալութիւններուն վրայ՝ «Հաղորդումին հանելուկը».
Մեր ներհակութիւնները ռամզավարական են:
Մեր ներհակութիւնները մարտավարական են:
Մեր ներհակութիւնները ո՛չ ռազմավարական եւ ո՛չ ալ մարտավարական են:
Մեր ներհակութիւնները հանգրուանային են:
Կռահէ՛ հիմա, ի՞նչ են մեր ներհակութիւնները:
Լուծումը. էջը դարձո՛ւր: Տարածաշրջանը դարձո՛ւր:
***
Սպիտակ տան վրայ հետեւեալ երգը… Հարցուցի քեզի, սիրելիս, դէպի ո՞ւր կ՚երթանք:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 38
Վաղարշապատ
Հարթակ
- 11/22/2024