ՉԵՄ ՈՒԶԵՐ ՁԵԶ ՀԵՏ ԽՕՍԻԼ…

Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ, 1915 թուականին աշնանավերջին մեծագոյն երաժիշտներէն Կոմիտաս Վարդապետ ձերբակալուելէ եւ աքսորի ճամբան բռնէ ետք կ՚ունենայ հոգեկան խանգարումներ եւ կը տեղափոխուի Շիշլիի դաշտերուն մէջ գտնուող «Օփիթալ Տը-Լա-Փէ» ֆրանսական մասնաւոր հիւանդանոցը, որուն մէկ մասը յատկացուած էր հոգեկան խանգարում ունեցող հիւանդներուն: Այդտեղ Կոմիտասի խնամատարն էր հայազգի բժիշկ Վահրամ Թորգոմեանը. Կոմիտասը մօտէն ճանչցող սիրելի հարազատները յաճախակի այցելութիւններ կու տային մեծ վարդապետին, սակայն տխուր էր վիճակը. Վարդապետը անոնց երեսը նայելով նոյն բանը կը կրկնէր թրքերէնով. «երբեք չեմ ճանչնար ձեզ եւ երբեք ալ չեմ ուզեր ձեզ հետ խօսիլ...»:

Կոմիտաս Վարդապետը ետքը կը փոխադրեն Ֆրանսա, իր բուժումը այդտեղ շարունակելու համար. սակայն առանց նկատի առնելու վարդապետին հոգեկան ու առողջական վիճակը բոլո՛ր հայերը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա նոր ժամանողները անպայմանօրէն կ՚ուզեն տեսնել Կոմիտաս Վարդապետը, սակայն ինչպէս ականատեսները կ՚ըսեն, զինք կը տեսնէին գիշերանոցով ծառի մը տակ կեցած, բոլորովին կերպարանափոխ եւ նայուածքը անկենդան: Շատեր վարդապետը «կեանքի» կոչելու համար կը փորձեն մրմռալ հայկական մեղեդի մը, սակայն անօգուտ... Վարդապետը անտարբերութեամբ կը դառնայ ծառին եւ կը սկսի խաղալ անոր ճիւղերուն հետ, մինչեւ հիւանդապահը զինք դարձեալ սենեակ առաջնորդէ: Սակայն ժամանակի ընթացքին համեմատաբար աւելի դրական արդիւնքներ արձանագրեց մեծ վարդապետը:

Հայ նկարիչ եւ հասարակական գործիչ Փանոս Թէրլէմէզեան այսպէս կը պատմէր Կոմիտասի հետ իր ունեցած վերջին հանդիպումը...

«Փարիզ վերադարձիս, իբրեւ նուիրական պարտականութիւն շտապեցի Կոմիտասի մօտ... հոգեբուժարանի բժշկապետին արտօնութեամբ սենեակը մտայ, բազմոցին մէկ անկիւնը նստած էր Կոմիտասը ծալապատիկ, լուռ ու մունջ: Անոր գունատ դէմքը, վտիտ մարմինը եւ արդէն սպիտակած մօրուսը ալեկոծեցին սիրտս: Անդիմադրելի յուզումով փաթթուեցայ իրեն, ջերմագին կարօտով համբուրեցի զայն կրկին եւ կրկին, արցունքներս թափուեցան իր այտերուն վրայ: Հազիւ կրցայ իր թանկագին որպիսութեան պատասխանը ստանալ, կէս ժամէ աւելի իր քովը նստած, աչքերս իր տարտամ հայեացքին յառած, ձեռքերս իր ոսկրցած ձեռքերուն մէջ...: Իմ ամէն մէկ հարցիս ճշգրիտ լակոնիկ պատասխանը պահ մը մխիթարական թուեցաւ: Իմ առաջին հարցումներս եղան երաժշտութեան մասին, կը ցանկանա՞ր արդեօք հայկական կամ եւրոպական երաժշտութիւն լսել, կամ ո՞րն աւելի կը գերադասէր: Կոմիտասի պատասխանը եղաւ՝ երկուքն ալ: Յայտնեցի փարիզաբնակ դերասան մէկ ընկերոջս զինք տեսնելու փափաքը. Կոմիտասը դէմքին անախորժ ձեւ մը տալով ըսաւ. «ո՛չ ոքի կ՚ուզեմ տեսնել». իրեն ըսի. «Մարդկութիւնը մի՛ ատեր, գիտես, որ ամբողջ հայ ժողովուրդը քեզի կը սպասէ, քու վերադարձիդ համար կը տառապի...». ան այդ պահուն իր գիտակցութիւնը լիովին կորսնցուցած, կցկտուր բառերով ինձ մատնացոյց ըրաւ քովի սենեակը, ուր իբր թէ անդունդ մը նկատելով իրենց վիճակուած էր միայն այնտեղ երթալ...: Փոխելով խօսքս ըսի. «Եկուր միասին Սեւանայ կղզին երթանք կամ Էջմիածին...», իսկ ինքը ուսերը թօթուելով քմծիծաղով մը աւելցուց. «քանի որ եկեր ես, այստեղ հետս մնայ...»:

Ֆրանսահայ արուեստագէտները բազմիցս Կոմիտասի մօտ այցելեցին եւ փորձեցին անոր մօտ երգել ու նուագել... Կոմիտաս ամէ՛ն անգամ անտարբեր մնաց. ներկաներ կ՚ըսեն, որ միայն մէ՛կ անգամ անոր բերնէն լսուեցաւ «Մեր դրանը խնկի ծառ, գուլում ջան» բառերը: Կոմիտասին այցելելու գացող ամէ՛ն հայորդի յուսահատութեամբ ու տխրութեամբ մը բաժնուեցաւ հոգեբուժարանէն: Սակայն անոնց մէջ կային չյուսահատողներ. անոնցմէ մէկն էր Թէրլէմէզեանը, որ անցեալի անուշ յիշատակներ ունէր առողջ Կոմիտասին հետ. Թէրլէմէզեան կ՚ուզէր, որ մեծ վարդապետը յիշէ այդ օրերը, անոր սիրած ճաշերը շինել կու տար, իր դերասանական հմտութիւններով կը փորձէր ուրախացնել վարդապետը. մինչեւ իսկ կ՚երգէր, բայց վարդապետը կը շարունակէր մնալ անտարբեր. այս բոլորը Թէրլէմէզեան կ'ընէր, մինչեւ հիւանդապահը Կոմիտասը դարձեալ հանգիստի համար սենեակ բարձրացնէր ու ձգէր դերասան ընկերը արցունքներու մէջ. այդ պահերը Թէրլէմէզեան կը նկարագրէ հետեւեալ բառերով. «հոգեպէս փշրուած հեռացայ...»:

Այսօր մեծ վարդապետին ծննդեան 155-ամեակն է. հաւատացէ՛ք որ շատ բան ունինք գրելիք Կոմիտասի մասին, որովհետեւ թէեւ մեր ազգը իրապէս յարգեց Կոմիտասն ու անոր կատարած մեծ աշխատանքը, սակայն միւս կողմէ չկրցաւ դէմ դնել բոլոր այն հալածանքներուն ու դժուարութիւններուն, որոնք մեծ վարդապետը տեսաւ իր կենդանութեան. կը հաւատանք, որ մեծ վարդապետին համար ամենէն մեծ դժուարութիւնը այն չէր, որ ան հոգեկան խանգարումներ ստացաւ. իրեն համար անտանելի էր այն երեւոյթը, որ հակառակ անձնուէր աշխատանքին՝ հալածուեցաւ ու քարկոծուեցաւ։ Ինչպէ՞ս մոռնալ անոր նամակներէն մէկուն մէջ գրած այս խօսքերը... «օտարները մեզմով աւելի կը հետաքրքրուին՝ քան հայերը...». կարդացէ՛ք անոր նամակները եւ պիտի տեսնէք, թէ ինչպէս ան անօթի մնացած էր Եւրոպայէ ներս՝ նիւթական թշուառ վիճակի մէջ գտնուելու պատճառով:

Կոմիտասի հոգեկան վիճակը հայելին է մեր ազգի մերօրեայ վիճակին...

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար խենթացաւ Կոմիտաս Վարդապետ:

Պատասխան. Անուանի հայ երաժիշտ Կոմիտասը հոգեկան անկում ապրեցաւ երբ 1915 թուականին ականատես եղաւ Մեծ Եղեռնին։ ան ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ մտաւորականներու հետ. ան ողջ մնաց, սակայն ստացաւ հոգեկան խոր վէրքեր: Այդ բոլորը խորապէս ազդեցին անոր վրայ: Ան իր կեանքը նուիրած էր հայ երաժշտութեան եւ պահպանման եւ այդ բոլորին կորուստը դաժան արհաւիրքին հետ միատեղ խորտակեց անոր հոգին: Ազատ արձակուելէ ետք ան երբեք չառողջացաւ եւ իր կեանքի վերջին քսան տարիները անցուց լռութեան եւ մեկուսացման մէջ, Փարիզի հոգեբուժարանին մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2024