ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՈՒ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ

28 սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, կամօքն Աստուծոյ եւ ձեռամբ Ամենայն Հայոց Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ պիտի կատարուի Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը: Իսկ յաջորդ օրը, 29 սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտեան, նոր օրհնուած Միւռոնով, որու խառնուած է դարերէ ի վեր եկած Սուրբ Միւռոնը, ձեռամբ Ազգիս Հայրապետ՝ Գարեգին Վեհափառին, պիտի կատարուի Մայր Տաճարին վերաօծումը, որով Աստուծոյ եւ մարդոց՝ յատկապէս հայ ժողովուրդին ժամադրավայրը, կրկին անգամ իր դռները պիտի բանայ ժողովուրդին դիմաց, որպէսզի անոր աշխարհային դռներէն մտնելով՝ ճանապարհորդեն դէպի երկինք, կտրուին աշխարհէն ու աշխարհիկ մտահոգութիւններէն եւ ապրին Աստուծոյ ներկայութեան մէջ, խօսին, զրուցեն Անոր հետ…:

*

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը մեր ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս այն իւրայատուկ արարողութիւնն է, որ պահուան մը համար մեզ կը կտրէ ներկայ իրականութենէն, այս աշխարհէն ու կը բարձրացնէ դէպի վեր, դէպի երկինք, դէպի աստուածայինն ու յաւիտենականը: Մեր ամբողջ պատմութեան եւ ներկայ իրականութեան մէջ Միւռոնօրհնութեան նման այլ առիթ մը չկայ, երբ մեր ժողովուրդի զաւակներուն մեծամասնութիւնը ամէն ջանք կը գործադրեն ներկայ ըլլալու այս սրբազան արարողութեան, հպելու Ս. Միւռոնի կաթսային, զգալու հինէն եկած աւանդին ներգործութիւնը, որ թարմանալով, նոր դառնալով կը նորոգէ մեզ ազգովին, նոր ուժ ու եռանդ, վստահութիւն ու ապահովութիւն տալով՝ յաղթական կերպով շարունակելու մեր ընթացքը պանդխտութեան մեր տարիներուն: Աւելին, Սրբալոյս Միւռոնի այս արարողութիւնը առիթ մըն է ի մի համախմբուելու, իրողութիւն մը, որու կարիքն ազգովին ա՛յնքան ունինք այս օրերուն:

Ճիշդ է, որ ներկայիս կ՚ապրինք նիւթականացած ժամանակի մը մէջ: Ճի՛շդ է, որ ներկայիս Աստուած, Եկեղեցի, հաւատք եւ այլ նուիրական սրբութիւններ կ՚ոտնահարուին սկսած իշխանութիւններէն, մինչեւ ամենէն պարզ կամ աննշան կազմակերպութեան, կամ անհատի կողմէ: Ճի՛շդ է, որ ներկայիս նիւթը, դրամը շա՜տ աւելի խօսուն են մարդուն համար քան եկեղեցին, հաւատքն ու բարոյականութիւնը, սակայն այս բոլորէն անդին ու վեր է Միւռոնը իր ազդեցութեամբ ու ներգործութեամբ, որովհետեւ Ս. Հոգիի խորհրդանիշն է ան, որով մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց առօրեայ կեանքի փորձառութեամբ զգացած են Ս. Միւռոնի բժշկարար եւ սրբագործող ազդեցութիւնն ու ներգործութիւնը:

Ս. Միւռոնով է, որ մենք լիիրաւ կերպով անդամ կը դառնանք Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցիին, երբ Ս. Մկրտութեան խորհուրդէն անմիջապէս ետք, Ս. Դրոշմի խորհուրդով Սրբալոյս Միւռոնով կը դրոշմուին մեր մարմինին բոլոր անդամները՝ ի պահպանութիւն սատանայէն եւ ամէն տեսակի փորձանքներէ:

Ս. Միւռոնով է, որ կ՚օծուին ու կ՚օրհնուին մեր տաճարներն ու եկեղեցիները, ուր մուտք կը գործենք հաղորդակցելու մեր Տիրոջ հետ, զրուցելու Անոր հետ, ստանալու Անոր մխիթարութիւնը, ողորմութիւնն ու օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ հաղորդուելու Անոր Ս. Մարմինով եւ Արիւնով, ամրապնդուելու Ս. Հոգիին շնորհքներով, որպէսզի աշխարհի այս կեանքին մէջ կարենանք մեր կեանքը լաւագոյնս ապրիլ, հասնելու համար յաւիտենական հանգիստին ու երանութեան:

Անցեալին, Ս. Իւղով նաեւ կ՚օծուէին հիւանդները ի բժշկութիւն: Այս ուղղութեամբ Ս. Յակոբոս առաքեալ հետեւեալ թելադրութիւնը կու տայ. «Ձեզմէ… մէկը հիւանդացա՞ւ՝ թող կանչէ եկեղեցւոյ երէցները, որպէսզի իր վրայ աղօթեն եւ իւղով օծեն զինք, Տիրոջ անունով: Եւ հաւատքով կատարուած աղօթքը պիտի բժշկէ հիւանդը: Տէրը զայն ոտքի պիտի հանէ եւ եթէ որեւէ մեղք գործած է՝ պիտի ներէ անոր» (Յկ 5.14-15): Հիմա Ս. Իւղով օծելու այս աւանդութիւնը գրեթէ չկայ: Ատոր փոխարէն սակայն, ունինք Ջրօրհնէքը, որու հիմնական բաղադրիչ մասը Ս. Միւռոնն է: Ինչպէս Ս. Յակոբոս առաքեալ կ՚ըսէ, թէ հաւատքով կատարուած աղօթքը պիտի բժշկէ հիւանդը, նոյն այդ հաւատքով ալ երբ մարդիկ կը մօտենան օրհնուած ջուրին, իրենց միտքերուն մէջ կատարեալ գիտակցումը ունենալով, թէ այդ ջուրը Տէր Յիսուսի անունան զօրութիւնը ունի, ապա վստահաբար բժշկութիւն պիտի գտնեն: Այս ուղղութեամբ բազմաթիւ վկայութիւններ կան: Մեր ընթերցողներէն շատերը վստահաբար իրենց սեփական փորձառութիւնն ունին այս ուղղութեամբ:

*

Նշեցինք վերը, որ 29 սեպտեմբերին պիտի կատարուի նաեւ Մայր Տաճարին վերաօծումը: Նշեցինք նաեւ, որ Ս. Միւռոնով կ՚օծուին ու կ՚օրհնուին տաճարներն ու եկեղեցիները, մատուռները, այլ խօսքով մեր աղօթատեղիները: Մայր Տաճարը, արդարեւ, դարերէ ի վեր հայ ժողովուրդին համար եղած է այն նուիրական աղօթատեղին, այն սրբավայրը, ուր հայը հանդիպած է Աստուծոյ հետ, լսած է Անոր ձայնը, խօսած է Անոր հետ, հաղորդակցած է Անոր հետ, զգացած է Անոր ներկայութիւնը, ներշնչուած է Անով՝ միաժամանակ Անկէ զօրութիւն, կամք ու կորով, իմաստութիւն եւ շնորհք ստացած է, որով յաջողած է իր մարդկային կոչումին՝ արարելու եւ տէր կանգնելու Աստուծոյ ստեղծագործութեան, տէր կանգնիլ եւ լաւագոյն կատարել:

Մայր Տաճարը մեր հոգիներու դարբնոցն է: Ամէն անգամ երբ կը մտնենք Մայր Տաճարէն ներս, մեր ականջները կը լսեն մուրճի ձայնը, որով Տէր Յիսուս ցոյց տուաւ մեր երկրորդ Լուսաւորիչին եւ Հաւատքի Հօր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին Մայր Տաճարի կառուցման վայրը: Ամէն անգամ երբ կը մտնենք Մայր Տաճարէն ներս, կը զգանք Քրիստոսի ներկայութիւնը. ո՛չ միայն կը զգանք, այլ՝ կ՚ապրինք Անոր ներկայութիւնը, կը հաղորդուինք Անոր հետ:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը Մայր Տաճարի կառուցման 1700-ամեակին առիթով տուած իր կոնդակին մէջ այսպէս կը գրէ.

* Աստուած կնքեց մեր հողը, հաւատքի խարիսխ դրաւ եւ Սրբազան Ուխտի կամար կապեց: Աստուծոյ Կամքին առջեւ խոնարհած, Փրկիչին էջքի հաւատքը շաղախ դարձուցած՝ նորադարձ մեր սուրբ նախնիները հաստատեցին Աթոռը Ամենայն Հայոց Քահանայապետութեան եւ խնդալից փութով եւ երկիւղածութեամբ 303-ին կանգնեցուցին առաջին շինուածքը Մայր Տաճարին: Աստուածատեսութեան գմբէթը կանգնեցուցին՝ փրկարար ու պահապան խաչը վրան, որ վեր բարձրացաւ դէպի հայոց աշխարհին բացուած խորանաշատ դռները երկինքին: «Կաթողիկէ մեզ կառուցեալ, անվանելի ի դրանց դժոխոց, իւղովն օծման գետաւէտեալ Մայր պաշտելի, Սուրբ Էջմիածին» (Պաղտասար Դպիր):

Սուրբ Էջմիածինով Մասեաց ստորոտի հարթութեան վրայ Աստուծոյ Կամքն ու հայոց կամքը նոյնացաւ: Նոյեան տապանին դիմաց հանգրուանեց հայ ժողովուրդի փրկութեան տապանը՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Միածնաէջ Մայր Աթոռը, որու մկրտութեան աւազանի միւռոնալոյսը հոգեւոր նոր ծնունդ տուաւ մեր ժողովուրդին եւ նոր աւիշ դարձաւ հայոց հին արմատին՝ բնիկ իր հողին մէջ ապրելու եւ յարատեւելու: Քրիստոսադրոշմ մեր հաւատքը նոյնացաւ մեր ինքնութեան հետ: Սուրբ Էջմիածինը դարձաւ հոգեւոր հայրենիքը հայոց եւ վառ պահեց հայ կեանքի սէրը եւ տեսիլքը՝ կորսնցուցած անկախ պետականութեան վերականգնումին: Պատմութեան դժուարին ոլորաններուն ու փորձութիւններուն մէջ Մայր Աթոռէն բաշխուող սէրը եւ փրկութեան հաւատքը յուսադրեցին ու զօրացուցին հայ հոգիները, համախումբ ու միաբան պահեցին հայոց փոքր ածուն, որու գոյութիւնը դարերով վտանգուած էր թէ՛ բռնագրաւուած հայրենիքին մէջ, թէ՛ անկէ հեռու, օտար ափերուն մէջ: Ինչքան մեծ եղան աղէտները, այնքան աւելի զգալի եղաւ Սուրբ Էջմիածինի պահապան զօրութիւնը: Ինչքան հեռուները սփռուեցանք, այնքան աւելի տեսանելի եղաւ ու ջերմացուց մեր Իջման Սուրբ Սեղանէն ճառագայթող լոյսը, որ Աստուծոյ էջքին տեսիլքով վերածնունդի նոր հաւատք, կամք եւ ձգտում աւելցուց մեր ժողովուրդին: Սուրբ Էջմիածինի Շողակաթ լոյսն է՝ հայոց բոլոր եկեղեցիներու կանթեղներուն մէջ եւ Լուսաւորիչի Սուրբ Միւռոնը՝ մկրտութեան աւազաններուն մէջ, որ կը բաշխեն շնորհը հայրենեաց ժառանգութեան որդեգրութեան: Իւրաքանչիւր հայու համար անվերապահ միեղէն սրբութիւնն է Սուրբ Էջմիածինը, հայ ու քրիստոնեայ ապրումի պարունակը. «Այս տաճարին մէջ է հայու ազգութեան սիրտը՝ Իջման տեղը. սիրէ Էջմիածինը, ներս մտիր, համբուրէ Իջման տեղը եւ դուն համբուրած կ՚ըլլաս տիեզերքի վրայ տարագիր ցրուած ամբողջ ազգին» (Պերճ Պռօշեան): Այսպէս գիտենք Սուրբ Էջմիածինը եւ այսպէս ճանչցուցած ենք ուրիշներուն: 17 դար գիտենք հայ հոգիի զօրութեան ակունք ու գանձարան, ազատութեան սէր ու դրօշ, հայ հոգիի պարծանք ու յաղթութիւն, գիտենք մեզ Մայր պաշտելի՝ գորովագութ սիրով մեզ շաղկապող, սիրոյ մէջ հաստատող ու պահպանող: Սուրբ Էջմիածինի ոգիի ծնունդն են Մաշտոցն ու Թարգմանչաց դասը, Ոսկէ, Արծաթէ եւ հանճարածնունդ բոլոր դարերը հայոց, Վարդանն ու մեր պատմութեան բոլոր Վարդանանք, Աւարայրն ու մեր բոլոր գոյամարտ Աւարայրները, հայոց անկախութեան նոր այգաբացը լուսաւորած Սարդարապատն ու Արցախի ազատամարտը: Այս ըմբռնումով մեր հայրերը շարունակ նորոգած ու բարեզարդած են հայոց Մայր Տաճարը, հրաշալի տեսիլքի նոյնութեամբ գեղեցկադիր շինուածքով պահպանած են ժամանակի աւերիչ հողմերուն դիմաց: Սուրբ Էջմիածինէն հեռու՝ հայոց հայրապետները, ինչպէս Սուրբ Ներսէս Շնորհալին, իրենք զիրենք զգացած են տարագիր եւ անմխիթար, որովհետեւ հայ հոգին իր հաւատքի օրրան, իր յարատեւութեան խորհուրդ ու կեանքի քաջալերութիւն, իր Մայր Աթոռը ճանչցած է միշտ հայրենեաց հողին երկինքէն իջած Սուրբ Էջմիածինը. «Ի վերայ Աջոյն եւ Սրբոյ Էջմիածնի ամենայն ազգն հայոց կապեալ կան»:

*

Աւարտենք Ս. Գրիգոր Նարեկացիի բառերով, մէջբերելով թերթիս հիմնադիր՝ Միսաք Գօչունեանի (Քասիմ) աշխարհաբարի առաջին թարգմանութենէն.

«Այս մեծ զօրութիւնը, իբր խելքէ, մտքէ վեր ու անըմբռնելի, թեթեւ թեւերով՝ մտքի հասողութեան պայմաններէն վեր սլանալով, արագութեամբ, մարդկային հասողութենէն գեր ի վեր, անծայր ճամբով, անհետ փախուստով, լայն անջրպետով յաւէտ զատուեցաւ ու հեռացաւ ինձմէ. ո՛չ իրեն հաւասար մէկը ունենալով՝ օրինակուեցաւ, ո՛չ զուգակից ու նմանակից ունեցաւ, ո՛չ ձեւակերպութեամբ սահմանուեցաւ, ո՛չ ալ աստիճանակից ընկերի մը չափովը կշռուեցաւ, այլ ահա աստուածային Խաչիդ նշանին եւ ապրեցնող արիւնիդ հաւասարելով՝ հոգեւոր զօրութեամբ գերազանց երեւցաւ անոնց հետ: Արդ, ո՜վ Տէր, ասով [Ս. Միւռոնով] եւ ասոր միջոցով օրհնէ զմեզ, որ ահաւոր, լուսաւոր, երկնաւոր եւ զարմանալի անունդ աւելի եւս օրհնուի բուրվառովը մաքրակրօններուն եւ գովաբանուի անճառելի փառքդ, ո՜վ Սուրբ, որ մաքուր, անքննելի, անպատմելի, բարձրացած, ողորմած, կրկին երգուած ճշմարիտ, բարերար եւ Սուրբ ես, ասով [Ս. Միւռոնով] փրկէ մեր հոգիները, քաւութիւն տո՛ւր, բժշկութիւն պարգեւէ՛, շնորհ պատրաստէ եւ երջանկութիւն առատաձեռնէ՛: Այս ձէթին երկինքէն անձրեւուած լոյսովն օծուելով՝ անարատ թող դառնամ, ե՛ս, որ այս իւղով եղոտած՝ կտաւի բանաւոր հէք մ՚եմ, մեղքի տխրութիւնը թող չմտնէ մէջս, թող չգրաւէ զիս եւ թող չաղտոտէ բնաւ կերպարանքը հոգիիս: Անոնք, որ այս եղով օծուիլ կը փութան՝ հոգիով երջանկապէս զարդարուելով, սուրբ վայելչութեամբ, գեղեցիկ կերպով թող պճնուին ու պարծենան՝ զարդարուած հարսի նման: Այս լուսափառ եւ Աստուծմէ ձրի պարգեւուած կրակը, փորձուելու համար իրեն մօտեցողներուն, կրկնապատիկ եռացումով ջուր տրուած եւ փափաքուած ջերմութեան աստիճանին հասնելով՝ ուրիշ ձեւի փոխուած երկաթի զօրութիւնը թող տայ, որով կատարեալ եւ ամենապատրաստ պնդութեամբ՝ կարծր ու անշարժ վէմիդ վրայ տեւական կերպով արձանանալով, Քեզմով հաստատուիմ հոն՝ առանց երկմտելու: Երկնային յաղթանակի այս պարգեւովը վառողներուն նշանը այս ըլլայ, որ ջուրով չխեղդուին, կրակով չայրին, ցուրտէն չսառին, վնասակար հովէ չմարին, ո՛եւէ պիղծ ուրուականէ չաղտոտին, իրենց պահածները չարին չյանձնեն, երբ աշխարհ ելլեն՝ յիմարաբար դուրս չհանեն իրենց մթերած կեանքի գանձերը, ոչ անպատսպար մնան Քու թեւերուդ օգնութենէն եւ ո՛չ ալ մեզի կցուած օծութիւնը անմաքուր կերպով մերկանան: Այլ Քու շնորհիւդ ասով այրուած ըլլանք, ասով գիրնանք, ասով լուսաւորուինք, ասով արդարանանք, ազատինք, պսակուինք ու թագաւորենք: Եւ Քե՜զ, որ միակ օծուած մէկն ես, ամէնուն կողմէ օրհնութեան երգեր, լեզուներու ալէլուներ, ձայներու հնչումներ, գովաբանական յաղթանակներ, շրթունքներու բարեբաստութիւններ, սաղմոսներու սրբասացութիւններ թող մատուցուին յաւէտ Հօր եւ Սուրբ Հոգիիդ հետ: Ամէն» (ԲԱՆ ՂԵ. իդ.: «ՆԱՐԵԿ», գրաբարէ թարգմանեց՝ Միսաք Ա. Գօչունեան, Գ. հրատարակութիւն, Ս. Էջմիածին, 2021, էջ 493-495):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 27, 2024