ՊՐԻՒՔՍԷԼ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵՑ ՊԱՔՈՒԻՆ

Եւրոմիութիւնը արձագանգեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախօրէի վերջին պնդումներուն ու քննադատութիւններուն՝ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոմիութեան առաքելութեան եւ երկրի «ռազմականացման» վերաբերեալ։ Պրիւքսէլ պաշտօնապէս Պաքուի պնդումներուն եւ քննադատութիւններուն փոխարէն ափսոսանք յայտնեց՝ յիշեցնելով, որ Եւրոմիութեան առաքելութիւնը անզէն է ու քաղաքացիական։ Ան տեղակայուած է տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ Եւրոմիութեան ջանքերուն աջակցելու նպատակով։

Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով բանբեր Փեթեր Սթանօ նշեց, որ Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է աշխատիլ իր պաշտպանական ընդունակութիւններուն վրայ եւ ընտրել գործընկերներ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2024