ՀՈԳԵՒՈՐ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Հա­յաշ­խար­հը կը պատ­րաս­տուի մաս­նակ­ցե­լու Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ 27 Սեպ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­նա­լիք հո­գե­ւոր կա­րե­ւո­րա­գոյն ի­րա­դար­ձու­թեա­ն՝ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան ա­րա­րո­ղու­թեա­ն, ո­րու նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը ար­դէն սկսած են Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ:

Ձի­թաիւ­ղով լի ար­ծա­թէ կաթ­սան զե-­տե­ղուած է Մայր Տա­ճա­րի Ա­ւագ Խո­րա­նին առ­ջեւ եւ ա­նոր վրան շղար­շէ ծած­կոց մը դրուած է։

Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան խոր­հուր­դի, նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րու եւ ա­նոր ա­ռընչուող այլ հար­ցե­րու շուրջ յա­ւե­լեալ պար­զա­բա­նում­ներ ստա­նա­լու հա­մար ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ դի­մեց Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Տե­ղե­կա­տուու­թեան հա­մա­կար­գի տնօ­րէ­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր պաշ­տօ­նա­կա­տար Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեա­նին: Ան ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օրաթերթին սի­րով տրա­մադ­րեց նիւ­թեր եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ, ո­րոնք ման­րա­մասն քննու­թեան կ՚առ­նեն միւ­ռօրհ­նու­թեան խոր­հուր­դը, ման­րա­մաս­նե­րը եւ պատ­մու­թիւ­նը՝ զա­նա­զան տե­սան­կիւն­նե­րէ:

«Միւ­ռո­ն» յու­նա­րէն բառ մըն է, որ կը նշա­նա­կէ «հո­տա­ւէտ իւ­ղ» կամ «բոյ­սէ հո­սող հիւ­թ»: Հին ժա­մա­նակ ձի­թե­նիի իւղ կը գոր­ծա­ծէին ա­րե­ւե­լեան ազ­գե­րը եւ մա­նա­ւանդ՝ հրեա­նե­րը ի­րենց աս­տուած­պաշ­տու­թեան մէջ: Աս­տուած Մով­սէ­սին պա­տուի­րեց պատ­րաստ­ման ձե­ւը օ­ծման իւ­ղին, ո­րով զա­նա­զան ա­ռար­կա­ներ կ՚օ­ծէին: Օ­ծու­մէն յե­տոյ ա­նոնք կը դառ­նա­յին սրբա­գործուած, կը զա­նա­զա­նուէին միւս­նե­րէն եւ կը գոր­ծա­ծուէին ծի­սա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ:

Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան, օծ­ման նշա­նա­կու­թիւ­նը վե­րաի­մաս­տա­ւո­րուե­ցաւ Յի­սուս Քրիս­տո­սի գալս­տեամբ: Յու­նա­րէն «Քրիս­տո­ս» բա­ռը կը նշա­նա­կէ «Օ­ծեա­լ»: Եւ ար­դէն Նախ­նի Ե­կե­ղե­ցիին մէջ, ինչ­պէս կը հաս­տա­տէ Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան, կը հան­դի­պինք իւ­ղե­րով օ­ծե­լու զա­նա­զան դէպ­քե­րու:

Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան կ՚ը­սէ, որ Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւ­նը նուի­րա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մըն է ա­մէն հա­յու հա­մար։ «Ան միա­ւո­րիչ ուժն է աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան եւ շա­ղա­խող զօ­րա­ւոր ու­ժը՝ մեր «փոքր ա­ծուի» ան­ցեա­լի եւ ներ­կա­յի: Ս. Միւ­ռո­նը մշտա­պէս կը յի­շեց­նէ բո­լո­րիս, որ մենք՝ իբ­րեւ քրիս­տո­նեա­ներ, մկրտուած եւ ծնած ենք Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ Ս. Ա­ւա­զա­նէն՝ մեր ճակ­տին կրե­լով Ս. Հոգ­ւոյ խորհր­դա­նիշ Ս. Միւ­ռո­նի կնի­քը: Այս խոր­հուր­դով եւ հո­գե­ւոր գի­տակ­ցու­թեամբ ապ­րած ենք եւ կը շա­րու­նա­կենք կեան­քի մեր ըն­թաց­քը՝ Սուրբ Էջ­միած­նի օրհ­նու­թեան ներ­քոյ: Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նը իր ճա­կա­տին կրող իւ­րա­քան­չիւր հա­յոր­դիի հա­մար զայն դար­ձած է նաեւ սրբու­թեան եւ ազ­գա­յին դրոշ­մի խորհր­դա­նիշ, որ իր ար­տա­ցո­լու­մը գտած է նաեւ մեր ժո­ղո­վուր­դի հո­գե­բա­նու­թեան եւ մտա­ծո­ղու­թեան մէ­ջ», ը­սաւ ան:

Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան այս ա­ռու­մով յի­շե­ցուց, թէ պա­տա­հա­կան չէ, որ Ս. Միւ­ռո­նին նուի­րուած են կարգ մը մեկ­նա­բա­նա­կան եր­կեր, քա­րոզ­ներ եւ չա­փա­ծոյ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ: Միւ­ռո­նին ըն­ծա­յուած բա­ցա­ռիկ սի­րոյ եւ նշա­նա­կու­թեան մա­սին ակն­յայ­տօ­րէն կը վկա­յէ նաեւ հայ­կա­կան ըն­տա­նիք­նե­րուն մէջ կըն-քա­հօ­ր՝ քա­ւո­րին, ըն­ծա­յուող խո­ր յար­գանքն ու պա­տի­ւը: Չէ՞ որ այդ Միւ­ռո­նի շնոր­հիւ ա­նոնք ի­րա­րու հետ հա­րա­զատ կը դառ­նան եւ կ՚ուխ­տեն՝ ի­րենց ողջ կեան­քին մէջ հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լալ այդ սուրբ օ­ծու­թեա­ն:

Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան յի­շե­ցուց, որ հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ Ս. Միւ­ռո­նի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը կու գայ տա­կա­ւին ա­ռա­քե­լա­կան ժա­մա­նակ­նե­րէն: Ըստ ազ­գա­յին ա­ւան­դու­թեան, ո­ր մէջ­բե­րուած է ԺԳ. դա­րու նշա­նա­ւոր աս­տուա­ծա­բան, մեկ­նիչ, տո­մա­րա­գէտ, ման­կա­վարժ եւ պատ­մա­գիր Վա­նա­կան Վար­դա­պե­տի «Հայ ազ­գի գո­վես­տը» աշ­խա­տու­թեան մէջ, Քրիս­տո­սի օրհ­նած իւ­ղը Հա­յաս­տան բե­րած է Հա­յոց աշ­խար­հի ա­ռա­ջին լու­սա­ւո­րի­չը՝ Ս. Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լը: Այս մա­սին կը նշէ նաեւ Վար­դան Ա­րե­ւել­ցին՝ իր «Աշ­խար­հա­ցոյ­ց­»ին մէջ: Հա­յաս­տան գա­լով՝ ան իր հետ բե­րած սրբա­զան իւ­ղով կ՚օ­ծէ հի­ւանդ Աբ­գար թա­գա­ւո­րը ու կը բժշկէ զայն: Այ­նու­հե­տեւ ա­ռա­քեա­լը կը մեկ­նի Տա­րօն, ուր մշտա­դա­լար ե­ղեր­դե­նիի տակ կը թա­ղէ շի­շով բե­րած իր իւ­ղը: Այն­տեղ ի­ջած լոյ­սով եւ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չին ե­րե­ւա­ցած տե­սիլ­քի շնոր­հիւ Հա­յոց ա­ռա­ջին Հայ­րա­պե­տը կը գտնէ ա­ռա­քեա­լի թա­ղած սուրբ իւ­ղը եւ կը խառ­նէ իր օրհ­նած Միւ­ռո­նին: Հե­տա­գա­յին Ս. Գր. Լու­սա­ւո­րիչ այդ վայ­րին մէջ կը կա­ռու­ցէ Ս. Յով­հան­նէս Մկրիտ­չի ա­նու­նով ե­կե­ղե­ցի մը, ո­ր հայ մա­տե­նագ­րու­թեան մէջ ա­նուա­նուած է նաեւ «Եղր­դու­տի վան­ք» կամ «Ս. Շիշ իւ­ղի վան­ք»: Եւ այս­պէս, ինչ­պէս կը նշէ Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեա­ն, ա­մէն ան­գամ, երբ Ա­մե­նայն Հա­յոց կա­թո­ղի­կոս­նե­րը նոր Միւ­ռոն կ՚օրհ­նեն, ա­նոնց կ՚ա­ւելց­նեն նաեւ լու­սա­ւոր­չա­ւանդ Ս. Միւ­ռո­նը, որ­պէս­զի հի­նին մէջ բնա­կուող սրբա­լոյս Շնոր­հը փո­խան­ցուի նո­րին: Այս քայ­լով մեր Ե­կե­ղե­ցին ո՛չ միայն կ՚ա­պա­հո­վէ դա­րէ դար փո­խան­ցուող Միւ­ռո­նի յա­ջոր­դա­կա­նու­թիւ­նը, այլ նաեւ՝ ան­գամ մը եւս կը շեշ­տէ Սրբա­զան Ա­ւան­դու­թեան հան­դէպ իր հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը:

Ինչ­պէս կը նշէ Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան, Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցիին մէջ կը կա­տա­րուին շարք մը ծէ­սեր եւ կա­նոն­ներ, ո­րոնց ժա­մա­նակ կը գոր­ծա­ծուի Ս. Միւ­ռո­նը: Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան, յա­ռա­ջի­կայ միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան առ­թիւ թուար­կեց հե­տե­ւեալ­նե­րը.

ԾԷ­ՍԵՐ ԵՒ ԿԱ­ՆՈՆ­ՆԵՐ

Ա.- Ս. Դ­­րոշ­մի խոր­հուր­դը, ո­ր կը յա­ջոր­դէ ան­մի­ջա­պէս Ս. Մկրտու­թեա­ն: Ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ քա­հա­նա­յա­կան աս­տի­ճան ու­նե­ցող հո­գե­ւո­րա­կա­նը Ս. Միւ­ռո­նով կ՚օ­ծէ մկրտեա­լի մարմ­նի ի­նն մա­սե­րը՝ ա­նոր փո­խան­ցե­լով Ս. Հո­գիին շնորհ­նե­րը:

Բ.- Ս. Միւ­ռո­նով կը կա­տա­րուին քա­հա­նա­յա­կան, ե­պիս­կո­պո­սա­կան եւ կա­թո­ղի­կո­սա­կան օ­ծում­նե­րը: Քա­հա­նա­յա­կան օծ­ման ժա­մա­նակ ձեռ­նադ­րող ե­պիս­կո­պո­սը կ՚օ­ծէ ըն­ծա­յա­ցուի ճա­կա­տը եւ եր­կու ձեռ­քե­րը, ե­պիս­կո­պոս ձեռ­նադ­րե­լու ժա­մա­նակ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը կ՚օ­ծէ ա­պա­գայ ե­պիս­կո­պո­սին ճա­կա­տը եւ աջ բթա­մա­տը՝ իշ­խա­նու­թիւն տա­լով ա­նոր՝ ձեռ­նադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու, ե­կե­ղե­ցի­ներ օ­ծե­լու ե­ւայլն: Մեր Ե­կե­ղե­ցիին մէջ կ՚օ­ծուի նաեւ Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը: Ս. Միւ­ռո­նը կը հեղ-ւի ա­նոր գլխուն՝ որ­պէս Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հան­րա­կան հայ­րա­պե­տի եւ Լու­սա­ւոր­չի հօ­տի միու­թիւ­նը պահ­պա­նո­ղի: Միւ­ռո­նով օ­ծուիլն է պատ­ճա­ռը, որ հայ հա­ւա­տա­ցեա­լը կը համ­բու­րէ օ­ծուած հո­գե­ւո­րա­կա­նի ա­ջը, իսկ ձեռ­նադ­րու­թե­նէն յե­տոյ՝ օծուած ճա­կա­տը: Հին ժա­մա­նակ Միւ­ռո­նով օ­ծուած են նաեւ հայ թա­գա­ւոր­նե­րը:

Գ.- Միւ­ռո­նով կ՚օ­ծուին նո­րա­կա­ռոյց ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­քի խա­չա­պատ­կեր քա­րէ սա­լիկ­նե­րը, գմբէ­թի խա­չը, ե­կե­ղեց­ւոյ նա­ւա­կա­տի­քին՝ Ս. Խո­րա­նը, Յի­սուս ման­կան հետ Տի­րա­մօր նկա­րը եւ ե­կե­ղեց­ւոյ սիւ­նե­րը: Եւ միայն օ­ծուե­լէ յե­տոյ է, որ ե­կե­ղե­ցիին մէջ կը մա­տու­ցուի Ս. Պա­տա­րագ, քան­զի ան ար­դէն սրբա­գոր­ծուած է եւ մա­քուր է:

Դ.- Ա­մէն տա­րի 6 Յու­նուա­րին՝ Ս. Ծննդեան եւ Աս­տուած­ա­յայտ­նու­թեան տօ­նին, Ս. Պա­տա­րա­գէն յե­տոյ կա­տա­րուող ջրօրհ­նէ­քի ժա­մա­նակ Ս. Միւ­ռո­նը կը հե­ղուի Յոր­դա­նան գե­տը խորհր­դան­շող ա­ւա­զա­նին մէջ՝ ի յի­շա­տակ մկրտու­թեան ժա­մա­նակ Յոր­դա­նա­նի մէջ Յի­սու­սի վրայ Ս. Հո­գիի էջ­քին:

ԱՐ­ԾԱ­ԹԵԱՅ ԿԱԹ­ՍԱՆ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Տե­ղե­կա­տուու­թեան հա­մա­կար­գի տնօ­րէ­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր պաշ­տօ­նա­կա­տար Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան տե­ղե­կա­ցուց, որ ար­դէն շուրջ հա­րիւր քսան տա­րիէ ի վեր Մայր Ա­թո­ռի մէջ կը գոր­ծա­ծուի Միւ­ռո­նի ար­ծա­թէ այս կաթ­սան, ո­ր 1895 թուա­կա­նի 1 Յու­նուա­րին Սուրբ Էջ­միած­նին նուի­րա­բե­րած է Նոր Նա­խի­ջե­ւան­ի վա­ճա­ռա­կան­նե­րէն Ա­ղա Գաս­պար Յա­րու­թիւ­նեան Կա­րա­պե­տօղ­լեա­ն: Ան պատ­րաս­տուած է Մոս­կուա­յի մէջ՝ Պ. Օվ­չին­նի­կո­վի ար­հես­տա­նո­ցը:

Կաթ­սա­յի վրայ պատ­կե­րուած են Քրիս­տո­սի մկրտու­թիւ­նը՝ Յով­հան­նէս Մկրտի­չի ձեռ­քով, Աբ­գար ար­քա­յի մկրտու­թիւ­նը՝ Ս. Թա­դէոս ա­ռա­քեա­լի կող­մէ, ար­քա­յա­կան ըն­տա­նի­քի մկրտու­թիւ­նը՝ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի ձե­ռամբ, Միա­ծին Որ­դիի էջ­քը, Մայր Տա­ճա­րը եւ Հո­գե­գա­լուս­տը: Կաթ­սա­յի գծագ­րու­թեան ծախ­սե­րը, ինչ­պէս ա­ւել­ցուց Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան, հո­գա­ցած է Յա­րու­թիւն Ե­զեան­ց, իսկ կաթ­սա­յի վրա­յի ձու­լա­ծոյ կա­ղա­պար­նե­րը պատ­րաս­տուած են Սե­րով­բէ Յա­րու­թիւ­նեա­նի տպա­րան-գոր­ծա­րա­նին մէջ:

Ա­ռա­ջին ան­գամ այս կաթ­սա­յին մէջ Ս. Միւ­ռոն օրհ­նած է Խրի­մեան Հայ­րի­կը՝ 1897 թուա­կա­նի 14 Սեպ­տեմ­բե­րին:

ՆԱ­ԽԱ­ՊԱՏ­ՐԱՍ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵՐ

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Տե­ղե­կա­տուու­թեան հա­մա­կար­գի տնօ­րէ­նի ժա­մա­նա­կա­ւոր պաշ­տօ­նա­կա­տա­րը տե­ղե­կա­ցուց, որ ա­միս­ներ ա­ռաջ Մայր Ա­թո­ռին մէջ ար­դէն սկսած են Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը, երբ աշ­խար­հի զա­նա­զան վայ­րե­րէն Մայր Ա­թոռ բե­րուած են անհ­րա­ժեշտ բո­լոր նիւ­թե­րը:

Սրբա­լոյս Միւ­ռո­նը ու­նի եր­կու էա­կան բա­ղադ­րիչ՝ ձի­թաիւղ եւ բա­լա­սան, ո­րոնց կը խառ­նուի քա­ռա­սու­նէ ա­ւե­լի զա­նա­զան հո­տա­ւէտ խուն­կե­րու, ծա­ղիկ­նե­րու, ա­նու­շա­հոտ բոյ­սե­րու ար­մատ­նե­րու, ծաղ­կաջ­րե­րու, իւ­ղա­յին հիւ­թե­րու եւ տե­րեւ­նե­րու միա­շա­ղա­խուած հե­ղու­կը: Ան տե­ղե­կա­ցուց, որ վե­րոն­շեալ նիւ­թե­րը, ո­րո­շա­կի պատ­րաս­տու­թե­նէ անց­նե­լով, ա­ղօթք­նե­րէ, հո­գե­ւոր հա­մա­պա­տաս­խան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէ յե­տոյ կը լե­ցուին Միւ­ռո­նի կաթ­սա­յին մէջ:

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի ձե­ռամբ կ՚օրհ-նըւին Միւ­ռո­նի անհ­րա­ժեշտ բո­լոր նիւ­թե­րը, կը լե­ցուին մեծ կաթ­սա­յին մեջ, ո­րոնք ե­րեք օր շա­րու­նակ կրա­կի վրայ կ՚ե­փուին: Կրա­կի վրա­յէ վերց­նե­լէ յե­տոյ, տե­ղե­կա­ցուց Հայր Սուր­բը, կը թո­ղուն քա­նի մը օր, որ­պէս­զի չլու­ծուած ամ­բողջ նիւ­թե­րը յա­տա­կը իջ­նէ եւ մնայ պար­զուած մա­քուր հե­ղու­կը, զո­ր կը քա­մեն մա­քուր կտա­ւով եւ կը պա­հեն մին­չեւ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան օ­րը:

ԲԱ­ՑԱ­ՌԻԿ Ի­ՐԱ­ՒՈՒՆՔ

Ինչ­պէս ան­գամ մը եւս հաս­տա­տեց Տ Զա­քա­րի Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան, մեր ե­կե­ղե­ցւոյ մէջ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան բա­ցա­ռիկ ի­րա­ւուն­քը վե­րա­պա­հուած է Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին: Ըստ ա­ւան­դու­թեան՝ Միւ­ռո­նը կ՚օրհ­նուի հինգ-եօթ տա­րին ան­գամ մը, բայց այս կար­գը կրնայ նաեւ փոխուիլ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին. «Ան­կաս­կած եր­ջա­նիկ է այն Կա­թո­ղի­կո­սը, որ իր գա­հա­կա­լու­թեան ըն­թաց­քին կը կա­րո­ղա­նայ գէթ մէկ ան­գամ միւ­ռոն օրհ­նել եւ իր հայ­րա­պե­տա­կան օրհ­նու­թի­ւը բաշ­խել հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու­ն»:

 Ցա­ւօք, ինչ­պէս յի­շեց­ուց Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան, պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ու­նե­ցած ենք նաեւ այն­պի­սի հայ­րա­պետ­ներ, ո­րոնք ի­րենց գա­հա­կա­լու­թեան շրջա­նին չեն կրցած կա­տա­րել սրբա­զան այս ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը: Օ­րի­նակ՝ Մատ­թէոս Բ. Կոս­տանդ­նու­պոլ­սե­ցի Իզ­միր­լեան Կա­թո­ղի­կո­սը (1908-1910) իր կարճ գա­հա­կա­լու­թեան ըն­թաց­քին չկրցաւ Միւ­ռոն օրհ­նել, քան­զի 1909 թուա­կա­նին նշա­նա­կուած ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը յե­տաձ­գուե­ցաւ Կով­կա­սի մէջ ծայր տուած ժան­տախ­տի պատ­ճա­ռով: Նոյն բախ­տին ար­ժա­նա­ցան նաեւ եր­ջան­կա­յի­շա­տակ Խո­րէն Ա. Մու­րադ­բէ­կեա­ն (1932-1938) եւ Գէորգ Զ. Չէօ­րէք­ճեա­ն (1945-1954), ո­րոնք չկրցան Միւ­ռո­նօրհ­նէք կա­տա­րել քա­ղա­քա­կան դրդա­պատ­ճառ­նե­րով եւ խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թեան ար­գել­քի պատ­ճա­ռով:

Պատ­մա­կան փաս­տե­րը վեր­յի­շե­լով, Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան նշեց, որ քսա­նինն տա­րուան դա­դա­րէ յե­տոյ 1955 թուա­կա­նի 8 Հոկ­տեմ­բե­րին իր ա­ռա­ջին միւ­ռո­նօրհ­նու­թիւ­նը կա­տա­րեց նո­րըն­տիր Վազ­գէն Ա. Պալ­ճեա­ն Հայ­րա­պե­տը (1955-1994): Իսկ մեր օ­րե­րուն՝ 1996 թուա­կա­նին Գա­րե­գին Ա. Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը Մայր Ա­թո­ռէն ներս կա­տա­րեց իր ա­ռա­ջին Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւ­նը, բայց յա­ջոր­դը տե­ղի ու­նե­ցաւ ոչ թէ եօ­թ տա­րի յե­տոյ, այլ, ինչ­պէս կը յի­շեց­նէ Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան հինգ տա­րի յե­տոյ, այ­սինքն՝ 2001 թուա­կա­նին, երբ ազ­գո­վին կը նշէինք հա­յոց մեծ դար­ձի 1700-ա­մեա­կը: Այլ խօս­քով, ան կը նշէ, որ նմա­նա­տիպ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան տա­րե­թի­ւե­րու եւ Միւ­ռո­նի պա­կա­սու­թեան ժա­մա­նակ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կրնայ Միւ­ռո­նօրհ­նէք կա­տա­րել:

Ա­ՐԱ­ՐՈ­ՂՈՒ­ԹԻՒՆ

Անդ­րա­դառ­նա­լով այս գե­ղե­ցիկ ա­րա­րո­ղու­թեան ման­րա­մաս­նե­րուն, Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեան ը­սաւ, որ Միւ­ռո­նօրհ­նու­թեան ժա­մա­նակ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը կը վերց­նէ ծա­ղիկ­նե­րէ պատ­րաս­տուած խտա­նիւ­թը եւ կը լեց­նէ ձի­թաիւ­ղին մէջ, իսկ յե­տոյ նոյն ձե­ւով, նաեւ՝ բա­լա­սա­նը: Այ­նու­հե­տեւ ան հին Միւ­ռո­նը կը լեց­նէ նո­րին մէջ, որ­մէ յե­տոյ կ՚եր­գուի «Ա­ռա­քե­լոյ ա­ղաւ­նո­յ» շա­րա­կա­նը: Ա­պա Հա­յոց Հայ­րա­պե­տը կը տեառ­նագ­րէ եւ կը խառ­նէ Միւ­ռո­նը՝ Հա­յոց Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դա­կան ե­րեք նուի­րա­կան սրբու­թիւն­նե­րով՝ Տի­րոջ խա­չա­փայ­տի մա­սուն­քով, Կե­նաց Խա­չով, աս­տուա­ծա­մուխ Ս. Գե­ղար­դով եւ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի Ա­ջով՝ ե­րեք ան­գամ ը­սե­լով. «Թող օրհ­նուի եւ սրբուի Մե­ռոնս այս Ս. Խա­չի նշա­նով, այս Ս. Ա­ւե­տա­րա­նով, Ս. Ա­ջովս (կամ Գե­ղար­դովս) եւ օր­ուան խոր­հուր­դով Հօր, Որդ­ւոյ եւ Ս. Հո­գւոյ ա­նու­նով...»: Հայ­րա­պե­տա­կան այս օրհ­նու­թիւն­նե­րէն յե­տոյ կաթ­սան կրկին կը ծած­կուի նուրբ շղար­շով:

Այ­նու­հե­տեւ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Միւ­ռո­նի օրհ­նու­թեան սրբա­զան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րու ման­րա­մաս­նե­րը նոյն­պէս, Տ. Զա­քա­րիա Վար­դա­պետ Բա­ղու­մեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ կը ներ­կա­յաց­նենք յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2015