ԽԱ­ՉԻՆ ՃԱ­ՆԱ­ՊԱՐ­ՀԸ՝ ԿԵԱՆ­ՔԻՆ ՃԱ­ՆԱ­ՊԱՐ­ՀԸ

«Բայց ես՝ քա՛ւ լիցի որ պարծենամ, հապա միայն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին խաչովը, որով աշխարհ ինծի խաչը ելած է, ես ալ՝ աշխարհին». (ԳԱՂԱՏ. Զ 14)։

Արդարեւ, Խաչը ցոյց կու տայ Յիսուսի զոհաբերումը, խոնարհութիւնը, չարչարանքը, խաչի վրայ մահը եւ յարութիւնը։ Ուստի, չկա՛յ քրիստոնէութիւն՝ առանց խաչի, առանց խաչի ճանապարհով։

Այո՛, կասկած չկայ որ փշոտ է խաչի ճամբան, երբեմն նոյնիսկ անտանելի շատերու համար։ Բայց փոխզիջումներ չունի խաչի այդ ճանապարհը։ Պէտք է իւրացնել, սեփականացնել զայն՝ որ դժուար է աշխարհասէր մարդկութեան համար՝ որ Սուրբ Նարեկացի եւ Սուրբ Շնորհալի եւս կը խոստովանին իրենց աղօթքներուն եւ հոգեւոր երգերուն մէջ։ Ասիկա, արդարեւ, անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, քանի որ անմեղ մարդ չկայ, չկայ մէկը՝ որ խաչի ճանապարհին վրայ չգտնուի։

Ուստի, այս իմաստով, խաչի ճանապարհը կը նշանակէ՝ պայքա՛ր. մեղքի եւ չարի դէմ հոգեւոր արդար պայքար։

Արդարեւ, Աստուած մարդը կը դատապարտէ ո՛չ թէ մեղաւոր է, այլ՝ անոր համար, որ ան չի պայքարիր մեղքին եւ չարին դէմ։ Անոր համար, որ մարդ պէտք է հետեւի խաչի ճանապարհին։ Եւ այդ ճանապարհին վրայ է, որ մարդ պիտի կարենայ յաղթահարել կեանքի դժուարութիւնները։ Խաչին ճանապարհը կը յարատեւէ, կը շարունակէ մարդը պայքարի մէջ պահել՝ արթուն ըլլալ։

Եւ ա՛յս է քրիստոնեային մարդկային կեանքի հասկացողութիւնը, ըմբռնումը։

Ինքնաոչնչացման ճանապարհ մըն է Խաչի ճանապարհը եւ այս կերպով՝ սեփական ինքնութիւնը մերժե՛լ է։ Եւ այս առումով, համերաշխութիւն, խաղաղութիւն գոյութիւն չկա՛յ առանց սիրոյ եւ առանց հանդուրժողութեան։ Ոչնչացման հանդէպ պայքարը մարդս պիտի առաջնորդէ գոյապահպանման եւ գոյատեւման։ Եւ ուրեմն, Խաչը՝ պայքարի խորհրդանիշն է չարին եւ մեղքին հանդէպ։

Կատարելութեան ճամբան կ՚անցնի Խաչէն։ Չկա՛յ սրբութիւն առանց անձնուրացութեան եւ առանց հոգեւոր պայքարի։ Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կ՚ենթադրէ ճգնողական կեանքի գոյութիւնը, նաեւ մահացումը, որոնք աստիճանաբար մարդուն կ՚առաջնորդեն ապրելու խաղաղութեան եւ երանութիւններու ուրախութեան մէջ։ Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Բայց դուն ամէն բանի մէջ արթո՛ւն կեցիր. նեղութիւններու համբերէ՛, աւետարանիչի գործ գործէ՛, եւ քու պաշտօնդ կատարէ՛». (Բ ՏԻՄՈԹ. Դ 5)։

Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի եւս կ՚ըսէ. «Ան որ կը բարձրանայ երբեք չի՛ դադրիր սկզբնաւորութենէ դէպի սկզբնաւորութիւն երթալէ. անվերջ սկսումներով։ Բարձրացողը երբեք չի՛ դադրիր իր այս արդէն գիտցածը բաղձալէ»։

Քրիստոսի հետեւելով, իրենց անձէն հրաժարելով, իրենց Խաչը առնելով է, որ քրիստոնեայ հաւատացեալներ պիտի կարենան կեանքի սկզբնական իմաստը հասկնալ։ Այն կեանքը՝ որ կարելի է ապրիլ Քրիստոսի օգնութեամբ։ Ուստի, քրիստոնեան Քրիստոսի կ՚աշակերտի ամէն օր Խաչը կրելով, այն գործին մէջ՝ զոր կատարելու կոչուած է։ Եւ այս կոչումը կրնայ ըլլալ միջոց մը սրբացումի եւ երկրաւոր իրականութիւններով, անոնց իրականութիւններուն Քրիստոսի Հոգիով կենսագործումի։

Քրիստոսի Խաչին վրայ մի անգամ ընդ միշտ մատուցած զոհը կը մնայ միշտ այժմէական. (ԵԲՐ. Է 25-27)։ Եւ ամէն անգամ որ Խաչին զոհը՝ որուն միջոցով Քրիստոս. (Ա ԿՈՐՆԹ. Ե 7) մեր Զատիկը զոհաբերուեցաւ, կը հանդիսակատարուի Ս. Խորանին վրայ, մեր փրկութեան գործը կը կատարուի։

Քրիստոս կու տայ այն նո՛յն Մարմինը՝ զոր Խաչին վրայ տուաւ մեզի համար…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 26, 2024, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2024