Ա­պա­գա­յին դէմ դի­մաց

Զգալի է, թէ ներկայ դարուս մարդկութիւնը տարուած է ապագայով եւ հասած իր գագաթնակէտին, անշուշտ, այս կէտին կան բազմաթիւ սերտելի հանգամանքներ:

Ներկայ ժամանակներուն երկու զուգահեռ երեւոյթներ են՝ թէ՛ մարդկային միտքի մեծ զարթօնքը եւ թէ այդ զարթօնքի ըմբոշխման իւրացումը։  Ներկայիս պատմութիւնը կարեւոր է, բայց առաւել կարեւոր է նոյն այդ պատմութեան սրբագրման գործընթացը կամ նուազագոյնը այդ գործընթացին որդեգրումն ու կիրառումը՝ մանաւանդ համաշխարհային մակարդակով:

Պարզ օրինակով մը կրնանք ըսել, թէ ներկայ դարուն մանուկները աւելի պայծառատես եւ կասկածամիտ են, քան անցեալ դարուն, նաեւ անոնց քննական միտքը համաշխարհային մակարդակ ունի ներկայիս: Առանց խորանալու համաշխարհայնացման առաւելութիւններուն մէջ, միայն նշենք, որ համաշխարհայնացման ժամանակակից ամենամեծ դրսեւորումներէն մէկը տեղական, ազգային ու նոյնիսկ անձնական չափանիշներու բարձրացումն է։ Այդ մէկը կեդրոնաձիգութեան կողքին (եթէ օրինակ վերցնեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները իբրեւ նուազագոյնը գիտականօրէն ամենազարգացած երկիր), ունի նաեւ ապակեդրոն հանգանակութիւն, ինչ որ ձեւով մը բոլոր ժողովուրդներու ու անհատներու աւելի նոր առա-քելութիւններ կու տայ կա՛մ հին առաքելութիւնները կը հունաւորէ ու կը զարգացնէ:

Ապագայապաշտութիւնը ոճ է, կեանքի կերպ է, տեսակաւորում է ու առաքելութիւն, ինչքան ալ ըլլան քաղաքական ու կրօնական կաշկանդումներ տարբեր ընկերութիւններու ու պետութիւններու միջեւ: Ինքնին ապագայականութիւնը տեղ մը (նոյն համաշխարհայնութեան զուգահեռ կամ մէկը միւսէն առաջ) ջարդեց հասկացողութիւնը դասական հասարակութեան, ուր պետական պատկանելիութիւնը՝ անկախ իր արտադրական ու համամարդկային պարունակէն, հիմնակէտն էր ինքնութեան: Ժամանակակից աշխարհին մէջ բռնատիրական, փտած, ոճրագործ ու բռնազանց պետութիւններու քաղաքացիներու ինքնութիւնը առաջին հերթին իրենց համար անընդունելի է. անընդունելի է նաեւ քաղաքակրթութեան կողմէ: Հոս, այո, բազմաթիւ դիտորդներ կը համարեն, որ չզարգացածութիւնն ու յետամնացութիւնը նոյնինքն արեւմտեան կամ այսպէս ըսած, քաղաքակրթութիւն արտադրող կողմերու դիտաւորեալ աղբահանութիւններն են, որպէսզի կատարուի տնտեսական բնական աղբիւրներու կառավարում ու իւրացում, բայց այս միտքը մէկէ աւելի հակափաստարկներ ունի։

Տնտեսական, քաղաքական ու ընկերային յետամնացութիւնը ունի բազում ազգային ու համաշխարհային պատճառներ, բայց հաւաքական մարդկային այսպէս ըսած՝ միասնականութիւնը անտարակոյս կ՚օգտուի ապագայապաշտութենէն։

Զարգացած երկիրներն ու հասարակութիւնները համոզած են կամ կը փորձեն համոզել՝ չզարգացած երկիրներն ու հասարակութիւնները, որպէսզի անոնք ստեղծեն իրենց օրինակով պետութիւններ, որովհետեւ զարգացած ըլլալու միակ լուծումը այդ է։ Մինչ այդ, յետամնաց երկիրներու ու պետութիւններու եւ անհատներու, քաղաքացիներու անկեղծ ու կիրառելի հաւատքն է այդ իրողութեան:

Ապագային ինչպիսի՞ աշխարհ մը կ՚ունենանք, դժուար է պատասխանել: Կան բազմաթիւ պատկերացումներ ու կանխատեսումներ, որոնք ապագայագործ են կամ առարկայական։ Բայց եւ այնպէս, դիւրին չէ զայն ուրուագծել, բայց կը մնայ համաշխարհային հին ու նոր հեւքը ապագան կերտելու: Հաւանաբար, թուացեալ համարուի ներկայ դարուն գերազանցիկ ապագայապաշտութիւնը, ի հեճուկս այսքան աննախընթաց յառաջդիմութեան, բայց փաստերը անառարկելի են, որ մարդկութիւնը այսպէս ըսած՝ աւելի մօտիկ կանգնած է ապագային քով եւ զայն կը տեսնէ աւելի յստակ ու հասանելի նայուածքով:

Պատմութեան ընթացքին մարդկային քաղաքակրթութիւնները իրենց տարբեր դրսեւորումներով կատարած են շատ մը անհասկնալի իրագործումներ՝ զանազան բնագաւառներու մէջ, որոնք մինչեւ հիմա չեն վերծանուած։ Ինչպէս յայտնի է, մարդկային քաղաքակրթական զարգացման տարողութիւնն ու տեղայնութիւնը համընդհանուր ու յառաջդիմական ուղեգիծ մը չէ ունեցած։ Ան եղած է եղափոխական եւ ունեցած է շատ մը վերիվայրումներ: Բայց եւ այնպէս, ներկայիս աշխարհը իր համաշխարհային համատարածութեամբ ու համալրուածութեամբ՝ ապագայականութիւնը յարաբերաբար աւելի մեծ մակարդակով կը հանէ տեղայնական ու յարափոփոխ ծիրէն եւ աւելի սլացիկ ու ուղղուածային կը դարձնէ զայն:

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 28, 2024