ԱԿԱԴԵՄԻԱՅԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ՝ հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Յովհաննէս Չեքիճեանին նուիրուած անգերէն գիրքի մը շնորհանդէսը։ «Ohannes Tchekidjian: Life and Career» կը կոչուի այս գիրքը, որով նորովի կը բացայայտուին Հայաստանի ազգային հերոս, երկրի ազգային ակադեմական երգչախումբի երկարամեայ գեղարուեստական ղեկավար մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գիրքը ձօնուած է Չեքիճեանի ծննդեան 95-ամեակի յոբելեանին։
Անգլերէն այս գործի հեղինակն է ակադեմիայի Արուեստի կաճառի տնօրէնուհի, արուեստի վաստակաւոր գործիչ, արուեստաբան փրոֆ. Աննա Ասատրեան, որ աւելի քան 15 տարի աշխատանք տարած է այս գիրքին համար։
Հարկ է նշել, որ գիրքը լոյս տեսած է Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան աջակցութեամբ։ Շնորհանդէսին ներկայ էր նաեւ փոխ-վարչապետ Դանիէլ Դանիէլեան, որ Յովհաննէս Չեքիճեանը համարեց՝ մաէսթրոներու մաէսթրոն։