ՄՈԼՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Կեանքի մէջ կան մոլորութիւններ, որոնք արգելք կը հանդիսանան մարդուն հանգիստ եւ հանդարտ կեանք մը ապրելուն։
Այս մոլորութիւններու առաջինն է՝ անհամբերութիւնը։ Ուստի, անհամբերութիւնը արգելք մըն է ողջամիտ եւ ուղիղ խորհելու. մարդ երբ անհամբեր է, կը հեռանայ ճշմարտութենէն եւ կը սկսի մտածել աննպաստ հաւանակութիւններու վրայ. կասկածոտ եւ երկմիտ՝ յոռետեսութեան մէջ կը տառապի։
Անհամբերութիւնը վնաս կը պատճառէ մարդուս թէ՛ հոգեպէս եւ թէ ընկերային յարաբերութիւններուն։
Երկրորդ վնասակար մոլորութիւնը՝ ինքնագովութիւնն է։ Ինքնագովութիւնը ինքնահաւանութեան եւ գոռոզութեան կ՚առաջնորդէ մարդը՝ որ պատճառ կ՚ըլլայ ուրիշները ստորադասելու եւ ատելու։
Երրորդ մոլորութիւնը՝ նախանձն է։ Նախանձը կը կրծէ մարդը, այն աստիճան, որ ան կը կորսնցնէ բանականութիւնը, ոչինչ կը համարէ ամէն բարոյական արժէք, այնքան որ նախանձոտ մարդը կը կատղի եւ ծուռ աչքերով կը նայի իր նմանին, որ կը կարծէ, թէ իրեն անիրաւութիւն ըրած է։ Նախանձոտ մարդիկ, ընդհանրապէս կը կարծեն, թէ անիրաւուած են, ինչ որ տեսակ մը ստորակայական բարդոյթ է։
Առակախօսը կ՚ըսէ. «Հանդարտ սիրտը մարմնի կեանք է. բայց նախանձը՝ ոսկորներուն փտութիւն է». (ԱՌԱԿ. ԺԴ 30)։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ նախանձը մարդուս ոչ մէկ օգուտ կ՚ընծայէ, բայց միայն վնա՛ս։
Չորրորդ մոլորութիւնն է՝ յուսահատութիւնը եւ որուն արդիւնք վախի զգացումը։
Յուսահատութիւնը եւ վախը թերահաւատութեան արդիւնք են։ Կասկածամտութեան եւ վախի պատճառով մարդ կրնայ շեղիլ իր ուղիղ ճամբայէն, ենթադրելով, որ աւելի լաւ կեանք մը պիտի ունենայ։ Բայց յուսահատ եւ վախով տառապող մարդը կը դառնայ խեղճուկրակ խելագար մը՝ կորսնցնելով իր շիտակ խորհելու կարողութիւնը։ Ան կը մոռնայ Աստուծոյ պատուէրը. «Ձեր մէջ չգտնուի բախտ նայող կամ գուշակութիւն, հմայութիւն եւ դիւթութիւն կամ մեռելահմայ։ Որովհետեւ ո՛վ որ այս բաները կ՚ընէ Տէրոջը առջեւ գարշելի՛ է». (Բ ՕՐԻՆԱՑ ԺԸ 10-12)։
Ուստի, յուսահատ եւ վախ ունեցող մարդը կը դիմէ ծուռ եւ սխալ միջոցներու, եւ այս իսկ պատճառով՝ յուսահատութիւնը եւ վախը վնասակար զգացումներ են։
Վերջապէս, ագահութիւնը եւ անհնազանդութիւնը մեծ արգելքներ են մարդուն՝ ուղղուամտութեան եւ սրբութեան կեանքին մէջ։
Ագահութիւնը եւ անհնազանդութիւնը հիմնական նախապատճառներն են բոլոր միւս մոլորութիւններուն։
Ուստի, այս բոլոր մոլորութիւններէն զգուշանալ ուղղամիտ եւ ողջախոհ մարդուն պարտականութի՛ւնն է։
«Մենք որ մեղքին մեռանք, դեռ ինչպէ՞ս անոր մէջ մնանք». (ՀՌՈՄ. Զ 2)։
Ուստի, պէտք է պայքարիլ մեզ դիւրաւ պաշարող մոլորութիւններու դէմ։ Գոհութիւն Աստուծոյ, որ Սուրբ Հոգին պատրա՛ստ է մեր բոլորին օգնելու եւ մեզ ձերբազատելու այդ մոլորութիւններէն՝ որոնք կ՚ուզեն շեղեցնել մեր ճամբաներէն։ Սողոմոն իմաստուն կ՚ըսէ. «Իր ճամբուն զգուշութիւն ընողը իր հոգին կը պահէ»։ Ուստի, եւ պէ՛տք է, որ ուշադրութեամբ եւ զգուշութեամբ պահենք մեր հոգեւոր այգիները, հոն տանող ճամբաները եւ բարեպտուղ բերքերով եւ պտուղներով փառաբանենք զԱստուած…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 4, 2024, Իսթանպուլ