ԿՐՕՆՔ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Կրօնքի եւ գիտութեան մասին առանձին-առանձին եւ երկուքի մասին միասնաբար շա՜տ բան գրուած է: Դրական թէ ժխտական մօտեցումներ միշտ ալ եկած են նոր երանգ մը տալու այս երկու զուգահեռ իրականութիւններուն, որոնք կողք կողքի կը քալեն՝ արդէն երկա՜ր դարերէ ի վեր:

Կրօնքը անջատել գիտութենէն կը նշանակէ բարդը (battery) հանել ժամացոյցէն եւ սպասել, որ ժամացոյցի սլաքները շարժին ու մեզի ժամը ցոյց տան: Նոյնն է պարագան, երբ կը փորձենք գիտութիւնը անջատել կրօնքէն:

Այս երկու իրականութիւնները երբ ճիշդ կերպով ընկալուին եւ ըմբռնուին, ապա զիրար ամբողջացնող օղակներ կը դառնան, որով մարդուն կեանքը կը հունաւորուի:

Կրօնքն ու գիտութիւնը միացնող տարրը հաւատքն է: Թէ՛ հաւատացեալը (հոգեւորական ըլլայ ան թէ աշխարհիկ) եւ թէ՛ գիտնականը, երկուքն ալ ջերմեռանդ (չըսելու համար մոլեռանդ) հաւատացեալներ են: Մէկը իր կրօնական համոզումներուն, Աստուծոյ եւ Անոր առնչուող բոլոր բաներուն, միւսը իր աշխատանքին, ընկալումներուն եւ գիտական փորձառկումներուն:

Ի զուր կը ջանան ոմանք կրօնքն ու գիտութիւնը տարանջատել, կամ մէկուն գոյութեամբ ուրանալ միւսին գոյութիւնը, կամ ազդեցութիւնը մարդկային կեանքին վրայ:

Գիտութիւնն ու կրօնքը երկուքն ալ կը ջանան հասնիլ ճշմարտութեան, երկուքին ալ նպատակը նոյնն է, շատ չնչին տարբերութեամբ մը: Մինչ կրօնքի համար յստակ է ի՛նչ է ճշմարտութիւնը, գիտութեան համար այդքան ալ յստակ չէ: Մինչ կրօնքը ճշմարտութեան հասնելու համար իր ձեռքերուն մէջ ունի Աստուածաշունչը, անդին, գիտութիւնը իր փորձարկումներուն միջոցով կը փորձէ ճշմարտութեան հասնիլ: Գիտութիւնը իր այս փորձին մէջ, սակայն, խանգարող հանգամանք մը ունի, որ շատ յաճախ կը կռթնի անոր, այն ալ՝ նիւթն է…: Բայց եւ այնպէս, երկուքին ալ նպատակը կը մնայ նոյնը՝ ճշմարտութեան որոնումը: Այս մասին թերթիս աւագ գրողներէն՝ Արժ. Տ. Մաշտոց Քահանայ Գալփաքճեանը կը գրէ. «Գիտութիւն եւ կրօնք համընթաց են ճշմարտութեան եւ կեանքի նպատակին նկատմամբ, եւ երկուքին ալ հասած կէտը՝ անպայմա՛ն ճշմարտութիւնն է, թէեւ տարբեր ուղիներով եւ տարբեր գործելակերպերով»:

Ղպտի եկեղեցւոյ նախորդ հոգեւոր պետ երջանկայիշատակ Շնուտա Գ. Հայրապետին հարցուցած են, թէ արդեօք գիտութիւնը կը հակառակի՞ կրօնքին, ան այսպէս պատասխանած է. «Իսկական գիտութիւնը չի՛ հակառակիր իսկական կրօնքին հետ:

Եթէ հակառակեցան, անպայման որ անոնցմէ մէկուն մէջ սխալ մը կայ, կամ անոնցմէ մէկը հասկնալուն մէջ: Կրօնքը կրնայ ըլլալ կեղծ գիտութեան հետ հակառակի, որ իրականանին մէջ գիտութիւն չէ: Կամ, կրնայ ըլլալ, որ կրօնքը հակառակի պարզապէս որոշ տեսութիւններու կամ ենթադրութիւններու հետ, որոնք չեն բարձրացած իսկական գիտութեան մակարդակին:

Կրնայ ալ ըլլալ, որ գիտութիւնը հակառակի կրօնքի սխալ հասկացողութեան հետ, կամ կրօնքի մը հետ՝ որ Աստուծմէ չէ…»:

Երջանկայիշատակ հայրապետին պատասխանը յստակ եւ զօրաւոր փաստ մը եւ վկայութիւն մըն է, թէ իրական գիտութիւնը չի՛ կրնար հակառակիլ իրական կրօնքին, եւ՝ փոխադարձաբար:

Անուշաւան Ծայրագոյն Վարդապետ Դանիէլեանը [այժմ արքեպիսկոպոս] կրօնքի-հաւատքի եւ գիտութեան մասին կը գրէ. «Ըսինք, թէ մենք, որպէս ապրող արարածներ, կը տեսնենք, կը շօշափենք, փորձառութեան կ՚ենթարկենք մեզ շրջապատող ամէն բան: Այդ բոլորով հանդերձ, որեւէ բանի եզրակացութեան հասնելու համար հաւատքը նոյնքան տոկուն իրականութիւն ու անհրաժեշտութիւն է, որքան գիտութիւնը։ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը եկեղեցականներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. “Ինչպէս մարդ մէկ աչքով կը տեսնէ, բայց երկու աչքով աւելի՛ լաւ կը տեսնէ, նմանապէս կը թելադրեմ ձեզի, որ ձեր հաւատքի եւ գիտութեան (գիտութիւն ոչ անպայման արդի թեքնոլոժի հասկացողութեամբ, այլ գիտութիւն՝ Աստուածգիտութիւն կամ բնութեան ընդմէջէն Աստուածգիտութիւնը - Ա. Ծայրագոյն Վարդապետ), այս երկուքը միասնաբար բաց աչքով ունեցէ՛ք, որովհետեւ հաւատք առանց գիտութեան կամ գիտութիւն առանց հաւատքի՝ մեզ կը դարձնեն միականի”»:

Պետրոս Շանշեանց իր «Ուսումն պարտուց» գիրքին մէջ, քրիստոնէական կրօնքին մասին այսպէս կը գրէ. «Քրիստոնէական կրօնքը կ՚ուսուցանէ մեզի, որ մենք Նախախնամութեան գործակից ենք, եւ իւրաքանչիւր վիճակի, իւրաքանչիւր պաշտօնի մէջ պարտաւոր ենք մեր պարտաւորութիւնները կատարել, հնազանդելով Աստուծոյ կամքին եւ իմանալով, որ ճշմարիտ առաքինութիւնը եւ իսկական փառքը հնազանդութեան մէջ կը բովանդակուի: Աւետարանը կ՚ուսուցնէ մեզի աշխարհային ունայնութիւնները ատել, որով բազմաթիւ մարդիկ զբաղուած են, եւ ճանչնալ մեր անձը իբրեւ պանդուխտ եւ ճանապարհորդ այս աշխարհին մէջ. կ՚ուսուցանէ մեզի աշխատիլ երկնային հայրենիքին դուռը բանալ, ուր միայն պահուած է առաքինիներուն համար հաստատուն փառք եւ յաւիտենական երջանկութիւն: Մեր խոնարհութեան ամենէն մեծ Օրինակը՝ մեր Փրկիչը, որ մեր սիրոյն համար չարչարանք յանձն առաւ, որպէսզի մենք եւս նոյն խոնարհութեան քաղցր զգացումները կրելով եւ աշխարհի ունայնութիւնը ոչինչ համարելով, կարենանք Անոր աշակերտ համարուիլ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող իր եւ ուրիշներուն մասին խորհի այն` ինչ որ կը տեսնէ Քրիստոս Յիսուսի մէջ, որ թէպէտ բնութեամբ Աստուած էր եւ Աստուծոյ հաւասար ըլլալը հռչակելը Իրեն համար Աստուծոյ պատիւը յափշտակել չէր նշանակեր, բայց կամաւորաբար Ինքզինք այդ պատիւէն մերկացուց` ծառայական մեր բնութիւնը Իր վրայ առնելով եւ մարդոց պէս եղաւ ու մարդկային կերպարանքով ճանչցուեցաւ: Ինքզինք խոնարհեցուց եւ Աստուծոյ հնազանդեցաւ՝ յանձն առնելով մահը եւ այն ալ` խաչին մահը» (Փլպ 2.5-8): Այսպէս, ուրեմն, ինչքանով որ Աւետարանական հոգին կը զօրացնենք մեր մէջ, այդքանով դիւրին կ՚ըլլայ մեզի համար խոնարհութիւնը»:

Գիտութիւնը արդարեւ, մեր գործակիցն է, որ մեզի առիթ կու տայ մասնակից ու գործակից դառնալ Աստուծոյ նախախնամութեան, ինչպէս նաեւ պարտաւորուիլ մեր պարտաւորութիւնները կատարել, հնազանդելով Աստուծոյ կամքին: Ահա այստեղ կը կայանայ գիտութեան եւ կրօնքին միացման կէտը՝ հնազանդիլ Աստուծոյ կամքին: Երբ կրօնքն ու գիտութիւնը իրենց մեկնակէտն ու վախճանակէտը դարձնեն Աստուծոյ կամքը, ապա երբե՛ք իրարու չեն հակասեր, ընդհակառակը, զիրար կ՚ամբողջացնեն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2024