ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովի համայնապատկերը…
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) 93-րդ ընդհանուր ժողովը բազմակողմանի աշխատանքի եւ ծաւալուն քննարկումներու թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած մեծ հաւաքը զանազան խորհրդածութիւններու դուռ կը բանայ՝ քանի ուղղակի կամ անուղղակի անդրադարձ կատարուեցաւ այնպիսի հիմնահարցերու, որոնք այժմ հրատապ առաջնահերթութիւն կը համարուին հայութեան օրակարգին վրայ։
ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ՝ երկու հիմնական բեւեռացմամբ պայմանաւորուած մթնոլորտի մը մէջ։ Առաջինը՝ Արեւմուտք-Ռուսաստան բեւեռացումն է, որ նոր իրավիճակ մը կը ստեղծէ համահայկական յարաբերութիւններուն։ Սփիւռքի համախմբման եւ ներուժի միաւորման տեսակէտէ սա անանտեսելի խոչընդոտ մըն է։ Երկրորդը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ յառաջացած անջրպետն է։ Իշխանութիւններու եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առկայ անհաղորդ վիճակը իսկական մարտահրաւէր մըն է՝ հայոց պետութիւնը գոյութենական վտանգներէ հնարաւորինս խնայելու ուղղեալ ջանքերու նպատակասլաց ուղղորդման տեսակէտէ։ Այս պառակտումներէն մին բոլորովին անկախ է հայկական գործօններէն, սակայն, հայութիւնը առաւելագոյն չափով կը տուժէ անոր պատճառով, միւսի պարագային տարբերութիւնը հայութեան ներքին տինամիքներուն հետ առընչութիւնն է, իսկ նմանութիւնը՝ հետեւանքներուն համազօր լրջութիւնը։
ՀԲԸՄ թէեւ միշտ եղած է հայութեան հասարակաց յայտարարը, սակայն, այսօր անխուսափելիօրէն կ՚ազդուի այս երեւոյթներէն։ 93-րդ ընդհանուր ժողովի համայնապատկերին վրայ եւս այս խնդիրներուն հետքերը ուշադրութենէ չսպրդեցան։ Այսօր համահայկական հարթութեան վրայ ներքին համախմբան հասնիլը սարսափելի դժուար է։ ՀԲԸՄ-ի նման աշխարհատարած հաստատութիւնն ալ այս ընթացքը կասեցնելու ի զօրու չէ՝ հակառակ իր կարողութիւններուն եւ ազդեցութեան ընդարձակ դաշտին։ Ուստի, ան խնդիր լուծելէ աւելի՝ այս փուլին ջանքերը կը կեդրոնացնէ համախմբում ստեղծելու վրայ։ ՀԲԸՄ-ի՝ որպէս հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ կառոյցը, աշխարհասփիւռ ցանցը անփոխարինելի եւ աննման գործօն մըն է, որ կրնայ դեր խաղալ նաեւ առկայ փակուղին յաղթահարելու ճանապարհին։
Ընդհանուր ժողովի ընթացքին զգալի դարձաւ, որ ՀԲԸՄ կը գիտակցի իր կշռին ու կը ջանայ զայն ծառայեցնել դրական նպատակներու։ Հաստատութիւնը այս ճանապարհին վրայ շօշափելի նպատակներու հասնիլ կը ձգտի՝ սկզբունքօրէն ճի՛շդ դիրքաւորուելով եւ այդպէսով իր ազդեցութիւնը առաւելագոյնին հասցնելով։
ՀԲԸՄ, որ կը պայմանաւորէ հայ իրականութեան հաւասարակշռութիւնները, յառաջիկայ շրջանին կրնայ նոր նախընթացներ ձեւաւորել՝ իր պատմական առաքելութեան վերարժեւորումով ու վերաիմաստաւորմամբ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ