ԱԿՆԱՐԿ - 87 - ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ՝ ԵԶԱԿԻ ԱՂՕԹԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Հարցում. Եթէ մարդ մը առանջին կանգնի եւ Տէրունական աղօթքը աղօթէ. արդեօք պէ՞տք է ըսէ. «Հայր իմ, որ երկինքն ես (փոխանակ Հայր մեր ըսելու)…»: Եւ այսպէս միւս խնդրանքներն ալ եզակի՞ պէտք է ըսէ:

Պատասխան. Տէրը տարբեր առիթներով սորվեցուց մեզի հաւաքաբար աղօթել, որովհետեւ բոլորս ալ անդամներ ենք մէկ մարմինի մէջ:

Քրիստոնեան միայն ինքն իր համար թողութիւն չի՛ խնդրեր, այլ՝ բոլոր մարդոց համար, որոնք իր հետն են:

Տէրունական աղօթքին մէջ կ՚ըսէ. «Ներէ մեզի մեր յանցանքները, ինչպէս որ մենք եւս կը ներենք…». ինք չի խնդրեր, որ միայն ինք ազատի փորձութիւններէն եւ չար թշնամիի որոգայթներէն, այլ՝ բոլոր մարդիկը ազատին, որով կ՚ըսէ. «Մեզ փորձութիւններու մի՛ տանիր, այլ՝ չարէն ազատէ»:

Իր աղօթքին մէջ կ՚երեւի ուրիշը սիրելու [փափաքը]: Ինչպէս նաեւ կ՚երեւի Եկեղեցիին իր պատկանելիութիւնը:

Տակաւին, եսասիրութենէ հեռու ըլլալը կ՚երեւի: Ո՛չ միայն Տէրունական աղօթքին մէջ, այլ՝ բազմաթիւ այլ աղօթքներու մէջ, որ քրիստոնեան կ՚աղօթէ, կ՚ըսէ. «Ողորմէ մեզի, Աստուած, ողորմէ մեզի», «մաքրէ՛ մեր հոգիները, սրբէ մեր մարմինները: Հաստատուն պահէ մեր միտքերը, մաքրազտէ մեր ըղձանքները եւ բժշկէ մեր հիւանդութիւնները…»:

Երեքսրբեան օրհնաբանութեան մէջ կ՚ըսէ. «Ո՜վ Տէր, ներէ մեր յանցանքները, ներէ մեր մեղքերը, թողութիւն տուր մեր մեղքերուն… Դո՜ւն, որ առանց մեղքի ես, ո՜վ Տէր, ողորմէ մեզի»: Կ՚ըսէ նաեւ. «Արձակէ եւ ներէ, եւ թողութիւն տուր մեզի ո՜վ Աստուած մեր վատ արարքներուն համար, որոնք մեր կամքով գործեցինք, ինչպէս նաեւ ակամայ գործեցինք: Այն որ գիտութեամբ ըրինք եւ այն որ անգիտակցաբար ըրինք»:

Իսկ շնորհակալութեան աղօթքը որ մարդը առանձինն կ՚աղօթէ, կ՚աղօթէ զայն յոգնակի ձեւով, ըսելով. «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Քեզի ամէն ինչի համար… որովհետեւ պահեցիր մեզ, օգնեցիր մեզի, պահպանեցիր մեզ եւ ընդունեցիր մեզ…»: Կ՚ըսէ տակաւին. «Կը խնդրենք ու կ՚աղերսենք Քու արդարութենէդ ո՜վ մարդասէր, տուր մեզի որ խաղաղութեամբ շարունակենք այս սուրբ օրը եւ մեր կեանքի բոլոր օրերը Քու երկիւղածութեամբդ»:

Հաւատքի Հանգանակին մէջ կ՚ըսէ. «Կը հաւատանք մէկ Աստուծոյ» եւ չ՚ըսեր «կը հաւատամ մէկ Աստուծոյ»… Օրինակները տակաւին շատ են:

Հաւատացեալը իր աղօթքին մէջ եսակեդրոն չէ՝ միայն ինքն իր մասին չի կեդրոնանար: Ան իր նմանը երբեք չի՛ մոռնար: Ան կ՚աղօթէ բոլորին համար, որպէս անդամ մը ընդհանրական Եկեղեցիին մէջ:

Այս բանը չ՚արգիլեր անհատական աղօթքներու գոյութեան:

Օրինակ, «ողորմէ՜ ինծի, ո՜վ Աստուած, Քու ողորմութեանդ համեմատ» Սաղմոսը (Սղ 51), կամ կէս գիշերի աղօթքին մէջ, երբ կ՚ըսէ. «Տէ՜ր, շատ արցունքներու աղբիւրներ տուր ինծի, ինչպէս անցեալին պոռնիկ կնոջ տուիր», «գթոտ աչքերով նայէ՛ տկարութեանս Տէ՜ր…», ինչպէս նաեւ նախքան քնանալը ըսած աղօթքին մէջ «զղջայ ո՜վ իմ անձս, այնքան ատեն որ այս երկրի մէջ կ՚ապրիս…»:

Իսկ Տէրունական աղօթքը իրաւունք չունինք փոխելու:

Տէրը սորվեցուց մեզի զայն այսպէս ըսել, հաւաքաբար:

Իսկ եթէ մէկը փորձէ զայն եզակի կերպով աղօթել, ապա ան վերը յիշատակած մեր բոլոր աղօթքնե՞րն ալ այդպէս պիտի աղօթէ…

***

Մի քանի մտածումներ աղօթքի մասին՝ Շնուտա Գ. Հայրապետէն:

- Աղօթքը, սատանաներուն սարսափն է ու անոնց դէմ ամենէն զօրաւոր զէնքը:

- Աղօթքը սիրտը բանալ է Աստուծոյ դիմաց, որպէսզի ներս մտնէ ու սրբացնէ զայն:

- Աղօթքիդ մէջ որոշէ Աստուծմէ ուժ առնել, որպէսզի վերադառնաս Անոր:

- Նաեւ կարճ աղօթեցէք, յաճախակի աղօթքներով: Իւրաքանչիւր աղօթք, որ ձեր սիրտին ներքին վիճակը կը ներկայացնէ, ըլլայ ատիկա խնդրանք թէ շնորհակալութիւն, թէ Տիրոջ փառաբանութիւն, թէ Անոր գեղեցիկ յատկութիւններու մասին խորհրդածութիւն, թէ մեղքի խոստովանութիւն, թէ սիրտի զղջում…: Ասոնցմէ որեւէ մէկը կարճ նախադասութիւններով ձեւակերպէ, եւ Տիրոջ հետ խօսէ ատոր միջոցով քու խորքերէդ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 17, 2024