ԵԱՀԻԱ ՍԻՆՈՒԱՐ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ
Մինչ Պաղեստինի արիւնալի պատերազմը կը շարունակուի, Իսրայէլ երէկ Կազզէի մէջ սպաննեց «Համաս»ի առաջնորդ Եահիա Սինուարը։ Մօտաւոր անցեալին Թեհրանի մէջ սպաննուած էր «Համաս»ի նախկին առաջնորդը, որուն այդ պաշտօնին մէջ յաջորդած էր Եահիա Սինուար։ Արդէն շատ կարճ ժամանակի ընթացքին ան եւս ոչնչացուած է Իսրայէլի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ «Համաս»ը հռչակուած է ահաբեկչական կառոյց։ Կազզէի մէջ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին անոր առաջնորդին սպաննուելուն՝ Իսրայէլի առընթեր Ուաշինկթընի եւ եւրոպական մայրաքաղաքներէն ալ արձագանգներ հնչեցին։ ԱՄՆ-ն ու ԵՄ-ի երկիրները, ընդհանրապէս, ողջունելի իրադարձութիւն մը նկատեցին այս մէկը։
Եահիա Սինուար կը համարուէր 7 հոկտեմբեր 2023-ին «Համաս»ի կողմէ Իսրայէլի վրայ կատարուած յարձակման գլխաւոր կազմակերպիչներէն մին։ Ան իր չափահաս կեանքի կէսէն աւելին անցուցած է Իսրայէլի բանտերուն մէջ։ Սինուար «Համաս»ի ամենահզօր առաջնորդներէն մին կը համարուէր ու կը թաքնուէր Կազզէի մէջ՝ դիմակայելով պատերազմի սկիզբէն ի վեր զինքը սպաննելու ուղղեալ Իսրայէլի ջանքերուն։
Իսմայիլ Հանիյէի Թեհրանի մէջ սպաննուելէն վերջ «Համաս»ի գլուխը շատ կարճ ժամանակ առաջ անցած Եահիա Սինուար 61 տարեկան էր։
Այս իրադարձութեան լոյսին տակ հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտընի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի միջեւ։ Հարկ է նշել, որ Ճօ Պայտըն երէկ երեկոյեան հասաւ Պերլին, ուր բանակցութիւններ կը վարէ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հետ։