ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ՃԷՅՀՈՒՆ ՊԱՅՐԱՄՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր ժամը 18.00-ին Իսթանպուլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ «3+3» հարթակի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ծիրէն ներս։ Երկու նախարարները զրուցեցին Գուրուչէշմէի «Մենտըրին Օրիէնթըլ» պանդոկին մէջ, ուր կազմակերպուած էր բազմակողմանի հարթակին հանդիպումը։

Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան որոնումները այսպէսով շարունակուեցան Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած նոր փուլով մը։ Երեւան եւ Պաքու երկար ժամանակէ ի վեր աշխատանք կը տանին ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի նախագծին վրայ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2024