ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԻ ԱՌԹԱԾ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ

Համաշխարհայնացումը այսպէս կամ այնպէս, ընդունինք կամ մերժենք, հրաւիրենք կամ չհրաւիրենք, շատոնց արդէն մուտք գործած է մեր առօրեայ, առանց իսկ մեզի հարցնելու կամ մեր արտօնութիւնը առնելու:

Սա՛ փաստ է այլեւս եւ ասոր հակառակիլը յիմարութիւն է:

Եթէ մօտիկ անցեալին աշխարհի հեռաւոր երկիրները, կամ այլ ցամաքամասերը մարդուն համար հանելուկ մը, կամ նուէրի գոյնզգոյն թուղթերով զարդարուած գոց տուփ մըն էր, այսօր, սակայն, աշխարհը մարդուն ափին մէջ է եւ ինչպէս ուզէ, ո՛ր կողմ ուզէ կը դարձնէ, ինչպէս ուզէ կը վարուի անոր հետ:

Այսօրուան մարդուն համար Աւստրալիան կամ Ամերիկան հեռո՜ւ, հեռաւո՜ր երկիր մը կամ ցամաքամաս մը ըլլալէ դադրած են ու վերածուած են դրացի երկիրի մը: Այսօրուան մարդուն համար Եգիպտոսի բուրգերը հեքիաթային մտապատկեր ըլլալէ դադրած են ու վերածուած են սովորական նկարի մը: Այսօրուան մարդուն համար այսինչ երկրի կամ այնինչ երկրի ուտելիքը կամ խմելիքը դադրած են երազային բաներ ըլլալէ, որովհետեւ իրենց «ոտքերով» ամէն օր կը ծեծեն մարդոց դռները: Այսօրուան մարդուն համար այսինչ կամ այնինչ երկրի հագն ու կապը դադրած են զարմանք պատճառելէ, որովհետեւ եկած ու տեղաւորուած են նոյնինքն այդ մարդուն վրայ: Այսօրուան մարդուն համար հեռաւորութիւնները դադրած են հեռաւորութիւն ըլլալէ եւ վերածուած են մօտիկութեան: Այս բոլորը համաշխարհայնացումի շնորհիւ:

Այնպէս չէ, որ համաշխարհայնացումը ամբողջութեամբ ժխտական երեւոյթ է եւ միայն վնասներ կը պատճառէ: Ո՛չ: Կայուն երկիրներու համար, ինչպէս նաեւ հաստատ ու ամուր նկարագիր ունեցող ժողովուրդներուն համար, համաշխարհայնացումը կրնայ միայն օգտակարութիւն բերել, բայց հակառակ պարագային, միայն վնաս, այլասերուածութիւն ու այլանդակութիւն: Դժբախտաբար, մենք որպէս ժողովուրդ կը գտնուինք այս երկրորդ խումբին մէջ: Պատճա՞ռը. որովհետեւ մենք մեզ չենք ճանչնար եւ հաստատ ու ամուր նկարագիր չունինք: Կը սիրենք անցեալով հպարտանալ, դիւրութեամբ օտարինը կ՚ընդօրինակենք՝ առանց գիտնալու, որ այդ նոյն բանը մենք եւս ունինք, սակայն մեր անհոգութեան եւ անտարբերութեան պատճառով փոշիին մէջ թաղուած կը մնայ:

Երբ մենք մեզ ճանչնանք եւ մեր ունեցածը գնահատել գիտնանք, ապա այդ պարագային համաշխարհայնացումը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ալ կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ, այլապէս՝ մեզ կորուստի ու ոչնչացումի պիտի տանի: Ամէն ինչ զիջելով, ամէն ինչ ընդօրինակելով չէ՛ որ ժողովուրդները կը գոյատեւեն, այլ՝ իրենց ունեցածը պահելով, ժամանակին համապատասխանեցնելով ու ծաղկեցնելով:

2021-ին, թերթիս մէջ հրապարակած էի «Կոստան Զարեանի մտերմութեան մէջ» խորագիրը կրող յօդուածը, որու մէջ Զարեանի «Սպանիա» գիրքէն հատուածներ ներկայացուցած էի ընթերցողին: Այդ հատուածներէն մէկը անուղղակիօրէն կ՚անդրադառնայ համաշխարհայնացումին, որով զայն կը ներկայացնեմ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան, հատուածին հետ օրին մեր կատարած լուսաբանութիւնն ալ զետեղելով, նկատի ունենալով, որ այսօրուան մեր գրութեան հետ սերտօրէն առնչութիւն ունի: Զարեան կը գրէ.

«Անցել են այն ժամանակները երբ Եւրոպայից ղրկուած գաղափարական մի ուսանողի նամակները, զգացողական նկարագրութիւններով, մեծ գիւտի եւ երազկուն իդէալականութեան բնոյթ էին առնում: Երկրագունդը այլեւս բաց գիրք է, որ ամէն մարդ կարող է ծոյլ մատներով թղթատել: Նաւերը ճեղքում են ովկիանոսները առանց գինովութեան եւ մեր երեւակայութիւնը դադարել է անորոշաբար թափառել հեռաւոր աշխարհների կրկներեւոյթային տեսարանների երկնքում: Այսօր, մեր տենչը իր թեւերը տարածում է տարբեր քաշողութիւնների վայրերի վրայ:

Եւ սակայն, ներքին աչքերով դիտուած աշխարհը այնքա՜ն նոր է, այնքա՜ն չտեսնուած: Ժողովրդների եւ անհատների բարդ եւ ճակատագրական լինելու կերպերը, մեռնող եւ երբեմն վերածնուող երկիրների խորհուրդը, հոգիների, գաղափարների եւ աստուածների արկածախնդրութիւնները: Եւ ինքը, նոյն այս խստաբարոյ, շռայլ եւ ամեհի մեր դարը, որ ապրում է այնքան հետաքրքիր եւ խոր դրամա:

Դրամա, որից ոչ ոք դուրսը չի մնացել, ոչ անհատները, ոչ ազգերը եւ ոչ երկրամասերը: Դրամա, բարդ եւ խորածաւալ գործողութիւններով, վիթխարի յաւակնութիւններով մեծղի եւ համատրոփ: Ուր սահմանները վերացուած են, ուր չկայ հեռուն, չկայ մօտը: Չկայ ձերը, չկայ մերը: Ուր ամէնքս էլ մեծ մի խաղի եթէ ոչ ողբերգուները, գոնէ լռիկ դերակատարներն ենք:

Եւ նաեւ մենք, հայերս, եւ մանաւանդ մենք՝ հայերս»:

Այո՛, անցած են ժամանակները նամակներով տարբեր երկիրներ նկարագրելու, ներկայացնելու, տարբեր ու նոր գաղափարներ փոխանցելու ներսը ապրողներուն: Այո՛, փոխուած են ժամանակները եւ ի՛րապէս «երկրագունդը այլեւս բաց գիրք է, որ ամէն մարդ կարող է ծոյլ մատներով թղթատել»… Մեր բջիջային հեռախօսները, ծնկադիր համակարգիչներն (laptop) ու նօթատետրերը (iPad) վկայ… Այսօր աշխարհը մարդու ափին մէջն է, աւելի ճիշդ մարդ կը կարծէր, որ աշխարհը տեղաւորած էր իր ափին մէջ, սակայն վերջին մէկ տարուան ընթացքին մարդկութան անկոչաբար «հիւրութեան» եկած թագաժահրը մարդուն պարտադրեց վերանայելու եւ վերարժեւորելու իր կարգավիճակը, աւելի՛ն, պարտադրեց մտածել երախտապարտ ըլլալու իր ունեցածին համար… Հակառակ այս իրողութեան, տակաւին «մեր տենչը իր թեւերը տարածում է տարբեր քաշողութիւնների վայրերի վրայ», տարբեր յայտնաբերութիւններու, տարբեր մոլորակներու, տարբեր ձռքբերումներու եւ նորարարութիւններու ուղղութեամբ…, եւ մարդը իր ամբողջ էութեամբ եւ մտային կարողութեամբ կը փորձէ յայտնաբերել այդ «նոր» ու «չտեսնուած» աշխարհը:

Իսկ մարդկութեան ապրած «դրամա»ն մերօրեայ բառապաշարով կը կոչուի համաշխարհայնացում, աշխարհաքաղաքացիութիւն… Եւ Զարեան ճի՛շդ կը նկատէ, որ այդ «դրամա»յին, այդ «մեծ մի խաղի»ն «ողբերգուները-դերակատարները»ն ենք «նաեւ մենք, հայերս: Եւ մանաւանդ մենք՝ հայերս», որ մեր չտեսութեան ու ո՛չ պետականամէտ մտածողութեան պատճառով մենք մեզ արժեցուցած ենք «ողբերգուներ» դառնալու: Արդարեւ, մենք, թերագնահատելով մեր ունեցածը, չարժեւորելով ու չգիտակցելով մեր ունեցած հարստութեան, ինկած ենք օտարին ետեւէն եւ դարձած ենք «վարպետ» օտարամոլներ…

Մեր պատմութեան վերջին շրջանին, յատկապէս վերջին աւելի քան երկուքէս տարիներու ընթացքին մեր մեծագոյն թշնամին մեր ներքին «տականքի» կողքին, է՛ նաեւ աշխարհաքաղաքացիութեան մոլուցքը, որ եթէ ազգովին չյաջողինք դէմ դնել այդ երեւոյթին, մեր ազգին յառաջիկայ պատմութիւնը այդքան ալ լուսաւոր պիտի չըլլայ, աւելին՝ մեր գոյերթի շարունակականութիւնը մարդկութեան պատմութեան մէջ կասկածելի պիտի դառնայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2024