«ԱՐԱՍ» ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԷՌԵԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐՈՒ ԹՐՔԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
«Արաս» հրատարակչութիւնը կը շարունակէ հետեւողականութիւն ցուցաբերել՝ Հանրապետական շրջանի թրքահայ գրականութեան տիրական դէմքերէն Զաւէն Պիպէռեանի ժառանգութեան արժեւորման ուղղութեամբ։ Այսպէս, հրատարակչատունը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպէռեանի «Deniz» պատմուածքներու հաւաքածոն։ Հարկ է նշել, որ Պիպէռեանի պատմուածքներու ժողովածոն առաջին անգամ 1961 թուականին, «Ծով» անուանումով հրատարակուած է Կեդրոնական սանուց միութեան կողմէ։ Ապա, «Արաս» այդ հիման վրայ 2017 թուականին այդ գործը վերահրատարակած է։ Ի շարունակութիւն այժմ լոյս տեսած է «Deniz»ը, որ այդ ժողովածոյին թրքերէն թարգմանութիւնն է։ Գիրքին թրքերէն թարգմանութիւնը կատարուած է Նաթալի Պաղտատի կողմէ։ Գործը խմբագրած են՝ Պեթիւլ Պաքըրճը եւ Սօսի Տոլանօղլու։
Թրքերէն թարգմանութեան համար վերջաբան մըն ալ գրի առնուած է Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ։