ՀԱՅ «ՖՐԷՏԷՐԻՔ ՄԷՆԷՐԺ»Ը

Ինչպէս տեսանելի, նոյնպէս անտեսանելի ձեւերով, կամայ թէ ակամայ միատեղ ապրող ազգեր կ՚ազդուին միմեանց մշակոյթէն եւ ժամանակ մը ետք ձեւաւորելով իրենց միտքերն ու վարքը կը սկսին հասարակաց գաղափարներով ապրիլ, որովհետեւ մշակոյթը շատ անգամ վեր կը մնայ լեզուի սահմաններէն եւ փոխըմբռնումի ճամբով հասարակաց գիծեր կը ստեղծէ անոնց մէջ: Միատեղ ապրիլը մարդոց մէջ կը ստեղծէ համընդհանուր յոյզեր:

Վերջերս մեր շուրջ կը փորձենք գտնել անձեր, որոնք «հայրենասիրական» յոյզերով կը փորձեն ուսումնասիրել ու գտնել մաքուր հայկականն ու ազգայինը. յարգելով բոլորին կարծիքը, մենք կը հաւատանք, որ նման փնտռտուք մը երբեք ալ դրական արդիւնքի մը չի՛ կրնար յանգիլ, որովհետեւ կամայ թէ ակամայ, մա՛նաւանդ առանց նկատելու կրած են ազդեցութիւններ եւ հետեւաբար միատեղ ապրող ժողովուրդներուն մէջ գոյութիւն ունի մշակոյթի տարրեր, որոնք ո՛չ մերն է եւ ոչ իրենցը, այլ ունի ընդհանուր դիմագիծ: Եւ այդ է մեծագոյն հարցը, որ սփիւռքի մեր հայորդիները կը դիմագրաւեն, որովհետեւ մշակոյթներու փոխանակումով կամայ թէ ակամայ կ՚ազդուի նաեւ ինքնութիւնը՝ ստեղծելով արժէքներ, որոնք ազգայինէն աւելի համամարդկային բնոյթ ունին:

Մեր ժողովուրդին մօտ կայ այն համոզումը, որ օտարներ կ՚ազդուին մեր մշակոյթէն, մեր ձիրքերէն ու բարիքներէն, սակայն մենք կը շարունակենք մնալ անթափանց. կու տանք, սակայն չենք առներ, կ՚ազդենք՝ սակայն չենք ազդուիր. այդ ինքնավստահութիւնը տեղ մը գնահատելի է, սակայն գնահատելի ըլլալը ճշմարիտ ըլլալը ցոյց չի տար. պէտք է ընդունիլ որ ազդուիլը միակողմանի չի կրնար ըլլալ. իւրաքանչիւր ազգ կամայ թէ ակամայ իր ձեւաւորման մէջ կ՚ընդգրկէ նաեւ օտարինը, հարստացնելու համար իր գաղափարներն ու արժէքները. սակայն այդ օտարինէն օգտուելով պահը չի տկարացներ ազգին ինքնութիւնն ու դիմագիծը, այլ պարզապէս առիթ կու տայ զարգացման:

***

Վերը խօսեցանք ազգերու իրարու վրայ ազդեցութեան վրայ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայ ազգը եւս իր ազդեցութիւնը ունեցած է թրքական մշակոյթի զարգացման մէջ, թէ՛ գրականութեան, թէ՛ մշակոյթի ու արուեստի եւ թէ արհեստի ճամբով. կարելի չէ խօսիլ թրքական մշակոյթի մասին եւ չյիշել հայերը. այս բոլորին մասին սկսայ աւելիով մտածել, երբ մանրամասն փորձեցի ուսումնասիրել պոլսահայ թատերական գործիչ, բեմադրիչ եւ դերասան Մարտիրոս Մնակեանի կեանքը։ Ժամանակակիցներ կը վկայեն, թէ Մնակեան որոշ ժամանակ հայ բեմին ծառայելէ ետք իր կեանքը նուիրեց թրքական թատրոնին եւ զայն նախանձելի բարձրութեան մը հասցուց. պէտք է ընդունիլ, որ Մնակեան ո՛չ միայն թրքական թատրոնը, այլ նաեւ ժողովուրդի մտածելակերպը կրցաւ փոխել. այս մէկը պարզապէս հայու մը կողմէ այլ հայու եղած գովաբանութիւն չնկատելու համար կ՚ուզենք այստեղ յիշել թուրք յօդուածագիրի մը խօսքերը.- «Minakyan’ın oyunlarını izleyen çağdaş kadınlar, oyunlardaki özgür düşüncelerle zevkten sarhoş oluyorlardı». (Մնակեանի ներկայացումները դիտող ժամանակակից կանայք ներկայացումներու մէջ եղած ազատամտութենէն կը գինովնային). այլ տեղ մը կը գրէ. «Minakyan Kumpanyası Türk kadınları için çok iyi bir okuldu» (Մնակեանի թատերախումբը թուրք կիներու համար լաւ դպրոց մըն էր):

Մնակեան պարզապէս մէկն է այն հայերէն, որոնք յաջողած են իրենց գործունէութեամբ հետք մը ձգել պատմութեան մէջ. այդ անջնջելի յիշատակներէն մէկն ալ տակաւին անցեալ տարի Պոլսոյ մէջ Նեսիմ Օվատիա Իզրաիլի կողմէ լոյս տեսած Մարտիրոս Մնակեանի մասին հրատարակուած աշխատութիւնն է: Պէտք չէ մոռնալ, որ պատմութեան մէջ առաջին թուրք թատերական խումբ կազմող եւ թրքական թատրոնի որպէս հիմնադիր կը յիշուի Յակոբ Վարդովեանը:

Մեր թուականէն 104 տարիներ առաջ թուրք բեմադրիչ ու դերասան Մուհսին Էրթուղրուլ կը գրէ. «Արուեստը որքան ապերախտ եւ ժամանակն ալ որքան որ դաւ է, պատմութիւնը չպիտի մոռնայ ինչպէս Ֆրանսայի ռոմանթիք թատրոնի ամենամեծ դէմքը՝ Ֆրէտէրիք Մէնէրժը, նոյնպէս մեր մօտ՝ Մնակեանը յաւիտենապէս անոր չափ բարձր պիտի մնայ: Հիմա մենք իր ամբողջ յաղթանակներուն եւ արուեստին փոխարէն, անոր մեր արցունքներէն եւ ցաւակցութիւններէն զատ նուիրելիք ոչինչ ունինք: Այդ տեսակէտով իսկ աղքատ ենք» (Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած «Նոր Օր» ժողովրդական շաբաթաթերթ, Ա. տարի, 11 քգոստոս 1945, էջ 2):

Պէտք է պարզապէս ըմբռնել, որ քաղաքականութիւնը ուրիշ բան է, մշակոյթն ու արուեստը ուրիշ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Հայերը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած են օտարներու վրայ:

Պտասխան. Հայերը պատմութեան ընթացքին մեծ ազդեցութիւն ունեցած են տարբեր մշակոյթներու եւ ազգերու վրայ, շնորհիւ իրենց հնագոյն մշակութային ժառանգութեան: Որպէս հմուտ առեւտրականներ եւ արհեստաւորներ անոնք հիմնած են կենսունակ համայնքներ եւ առեւտրային ուղիներ՝ մանաւանդ Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ: Անոնք մեծապէս օգնած են արհեստագիտութեան եւ ճարտարապետութեան զարգացման գործին. անոնց վաճառականները վճռորոշ դեր ունեցած են համաշխարհային առեւտուրի զարգացման մէջ: Բացի այդ, հայ մտաւորականներն ու կրօնաւորները եւս իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են գիտութեան ու գրականութեան զարգացման մէջ: Որպէս եկեղեցի մեծ ազդեցութիւն ունեցած են արեւելեան քրիստոնէական աստուածաբանութեան եւ մշակոյթին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2024