ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀԱՄԵՐԳ

Աւետիս Հաճեան կը տեղեկացնէ.-

Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի մայրավանքին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը, որ ձօնուած էր նոյնաժամանակ երեք յոբելեաններու։ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Աբբահօր վախճանման 275-րդ տարելիցին, մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 155-րդ տարիին եւ Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ Ս. Ղազար կղզիին վրայ համերգով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը։ Անմոռանալի այս երեկոյթը համախմբեց հայ եւ օտար երաժշտասէրներու հոծ բազմութիւն մը։

Մխիթարեան միաբանութենէն Հայր Համազասպ Քէշիշեանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ ձեռնարկը, որու յայտագրին մաս կազմեցին Կոմիտաս Վարդապետի ստեղծագործութիւնները, որոնք այնքան լաւ կը բիւրեղացնեն հայկական ժողովրդական ու հոգեւոր երաժշտութեան էութիւնը։ Համերգին վառ պահերը բնորոշեցին Աստղիկ Վարդանեանի «Կռունկ»ի մենանուագը եւ Հայրապետական մաղթանքը, որոնք ունկնդրուեցան քար լռութեամբ, նաեւ հանդիսաւոր ու խոնարհ երկիւղածութիւն ստեղծեցին՝ համերգասրահի վերածուած եկեղեցւոյ մէջ։

Համերգի երկրորդ բաժինը սկսաւ «Ազնաւուր մետլի»ով, որ Եւրոպայի մէջ առաջին անգամ հնչեց։ Ֆրանսահայ անմահ երգիչի «Քեզ համար Հայաստան»ը աւարտին հասցուց յայտագիրը՝ մինչ ունկնդիրները որոտընդոստ ծափահարութիւններով կը յայտնէին իրենց գնահատանքը։

Հարկ է նշել, որ այս համերգը առանձնացաւ վերջին շրջանին Ս. Ղազար կղզիի մէջ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկներու շարքին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2024