ԹՈՐՈՍ ԱԶԱՏԵԱՆ (1898- 1955)
Թորոս Ազատեան, բանասէր, բանաստեղծ, խմբագիր եւ հանրային գործիչ: Ծնած է 5 մայիս 1898-ին, Ակնի Ապուչեխ գիւղին մէջ:
Նախնական կրթութիւնը եւ ուսումը ստացած է Ակնի Նարեկեան, Վարագի եւ Չմշկածագի վարժարաններուն մէջ:
1910-ին անցած է Պոլիս:
Պոլիս եղած միջոցին աշխատած Պոլսոյ Պատրիարքութենէն ներս շուրջ 15 տարի, վարելով զանազան մարմիններու քարտուղարութեան գործը: Եղած է նաեւ Պատրիարքարանի դիւանապետ: 1945-ին, դիւանապետ եղած տարիներուն, Պատրիարքական տեղապահ Գէորգ Արք. Արսլանեան զինք իր հետ տարած է Էջմիածին, ուր կաթողիկոսական ընտրութիւն պիտի կատարուէր: Այդ ճանապարհորդութենէն ետք, Թորոս Ազատեան Պոլիս վերադարձին իր տպաւորութիւնները գրի առնելով հրատարակած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ, որ վերջերս «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարով որպէս գիրք տպուած են այդ տպաւորութիւնները:
Ազատեան որպէս ուսուցիչ աշխատած է նաեւ Պէզազեան վարժարանին մէջ:
1920-ին ստանձնած է Համազգային դիւանի օգնական քարտուղարի պաշտօնը:
Նոյն տարիներուն Թորոս Ազատեան մուտք գործած է գրական ասպարէզ, սկզբնական շրջանին ստեղծագործելով բանաստեղծութիւններ եւ ապա պատմաբանասիրական յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ:
Իր առաջին գիրքը եղած է Միսաք Մեծարենցի կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած հատորը, որ լոյս տեսած է 1922-ին:
Ազատեան աշխատակցած է թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ արտասահմանի պարբերականներուն:
1925-ին եղած է Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Ընդարձակ տարեցոյց»ին խմբագիրը եւ այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է շուրջ տասն տարի: Խմբագրած է նաեւ «Արեւելք» եւ «Զարթօնք» գրական շաբաթաթերթերը։
Երկար տարիներ աշխատակցած է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
1927-ին սկիզբ դրած է «Աղբիւր անմահութեան» բանաստեղծութիւններու շարքին, որ հրատարակած է երեք հատորներով. առաջինը 1927-ին, երկրորդը՝ 1928-ին, իսկ երրորդը՝ 1933-ին:
1931-ին հրատարակած է հատոր մը Կոմիտաս Վարդապետի կեանքին ու երաժշտական գործունէութեան նուիրուած։ Իր նպատակը եղած է երկրորդ հատոր մը եւս հրատարակել, բայց ինչ-ինչ պատճառներով չէ յաջողած: Այս մասին կը կարդանք «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր» գիրքի ներածականին մէջ, գրուած՝ Սեւան Տէյիրմենճեանի կողմէ հետեւեալը. «Թորոս Ազատեան եղած էր Կոմիտասի առաջին կենսագիրներէն մէկը. վերջինիս կենդանութեան տարիներուն իսկ՝ 1931-ին, ան Պոլսոյ մէջ հրատարակած էր վարդապետի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած հատոր մը: Ազատեան կը ծրագրէր պատրաստել նաեւ երկրորդ մը, ուր տեղ պիտի տար Կոմիտասի քնարական գործերուն, գիտական յօդուածներուն, ձայնագրութիւններուն եւ այլն: Ինչ-ինչ պատճառներով հատորին տպագրութիւնը չ՚իրականանար եւ Ազատեան «Կոմիտաս Վարդապետի բոլոր անտիպներն ու նօթաները [կը ղրկէ] Փարիզ եւ Երեւան»» (էջ 11):
1936-ին, Պոլսոյ մէջ հիմնադրած է «Մշակոյթ» հրատարակչութիւնը:
1944-1947 տարիներուն հրատարակած է «Աստղաբերդ» հայագիտական-ազգագրական ամսաթերթը:
1949-ին հրատարակած է «Լիբանանեան յուշեր» հատորը, ուր արձանագրած է իր տպաւորութիւնները Լիբանան այցելութեան առիթով:
Թորոս Ազատեան հաւաքագրած է նաեւ ազգագրական բնոյթի եւ հայ աշուղներու ստեղծագործութիւնները։
Օգտագործած է հետեւեալ ծածկանունները. Ա., Ազատ, Թ. Ազատունի, Ասեղ, Արմէն-Փայլակ, Գրասէր, Զարթուցիչ, Թ., Թ. Ա., Թ. Մ. Ա., Թղթակից, Հրայր, Մոծակ, «Նոր լուր»ի Դէտը, Տաթեւացի եւ Ուխտաւոր:
Մահացած է 15 նոյեմբեր 1955-ին, Պոլիս: Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ:
Այստեղ ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Թորոս Ազատեանի գիրքերու մատենագիտութիւնը, զոր քաղած ենք Ազատեանի «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր» գիրքէն, տպուած Իսթանպուլ 2021-ին, էջ 6-7:
* Միսաք Մեծարենց իր կեանքը, տպ. Յ. Մ. Սէթեան, Պոլիս, 1922:
* Յոբելենական յիշատակարան Բերայի աղքատախնամին (1861-1927) եւ դարմանատան (1897-1927), տպ. Յ. Մ. Սէթեան, Պոլիս, 1927:
* Աղբիւր անմահութեան, Ա. շարք, տպ. Յ. Մ. Սէթեան, 1927, Բ. շարք, տպ. Յ. Մ. Սէթեան, 1928, Գ. շարք, տպ. Կիւթէնպէրկ, Կ. Ն. Մագասճեան, 1933:
* Քառասնակ, Պոլիս, տպ. Սէլամէթ, 1930:
* Յիշատակարան ուսուցչաց օգնութեան սնտուկի երեսնամեայ գործունէութեան 1900-1930, տպ. Սէլամէթ, 1930:
* Հարիւրամեայ յոբելեան Պէզճեան Մայր վարժարանի, Գումգաբու, 1830-1930, Պոլիս, 1930:
* Կոմիտաս Վարդապետ, իր կեանքն ու գործունէութիւնը, հտ. Ա. տպ. Կիւթէնպէրկ, Կ. Ն. Մագասճեան, 1931:
* Զմրուխտէ պատմուճան, տպ. Յակոբ Աբրահամեան, Պոլիս, 1936:
* Ժամանակակից դէմքեր Ա., Զապէլ եւ Հրանդ Ասատուր, Պոլիս, տպ. Կիւթէմպէրկ, 1937:
* Ակն եւ ակնցիք. Ազգագրական եւ կենսագրական յիշատակարան, տպ. Յ. Աբրահմաեան, Պոլիս, 1943:
* Պատմութիւն Էսաեան վարժարանի (Յիսնամեայ յիշատակարան), տպ. Տէր Ներսէսեան եւ որդիք, Պոլիս, 1945:
* Լիբանանեան յուշեր, տպ. Տօղու, Պոլիս, 1949:
* «Ժամանակ» քառասնամեայ յիշատակարան 1908-1948, Պոլիս:
* Գէորգ Արք. Արսլանեան (1867-1951), Պոլիս, 1952:
* Տատեան գերդաստանը եւ իր ականաւոր դէմքերը, տպ. Վարօլ, Պոլիս, 1952:
Այս շարքին կ՚աւելցնենք այն գիրքը, ուրկէ քաղեցինք վերոնշեալ մատենագիտութիւնը.
* Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր, տպ. Իսթանպուլ, 2021:
***
Այստեղ կը ներկայացնենք Թորոս Ազատեանի բանաստեղծութիւններէն մի քանին:
ԼՌՈՂ ԴԱՇՆԱԿԻՆ
Ըստեղներուդ տակ, լուռ, կը քընանան
Խորհուրդներ, իղձեր, երգեր դիւթական,
Ներշնչումով լի, կարգի կը սպասեն
Հոգիներ վըսեմ…։ Լըռութեան խորէն
Ի՜նչ փոթորիկներ, ի՜նչ վառ երազներ,
Ի՜նչ ցանկութիւններ ու վիշտեր անհուն,
Երաժշտութեան մէջ հիւծող կեանքերու
Ցօ՛ղը կ՚աղերսեն, ցօղը կենսաբեր…։
Կ՚ուզես որ ըստէպ մատներ ըզգայուն
Ըստեղներէդ դուրս լուս-աշխարհ բերեն
Յոյզեր անկորուստ, անոնց կըրակէն
Վառեն հոգիներ, կե՛անք տան սըրտերուն…։
Սիրահար մ՚ինչպէս, կարօտն ունիս միշտ
Գըգւոտ մատներուն քնքուշ հըպումին,
Նոր ապրումներուն տենչով մոլեգին՝
Վանելու քեզմէ տառապանքն ու վիշտ…։
1934
(«Արդի հայ գրականութիւն» (Ժողովածու), Բ. հատոր, Արտասհմանի գրողներ, «Հայ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար 12, Փարիզ 1941):
ՄԱՀԱՇՈՒՔ ԿՂԶԻՆ
ՄԵԾԱՐԵՆՑԻ յիշատակին
Բայց ո՞ր ուղին էր արդեօք, ուրկէ անցար հէ՛ք քերթող,
Վերջին անգամ, յուսաբեկ, դէպի հիւղակըդ անշուք.
Ո՞ր նոճին էր ըզգայուն, որուն մարմինն ինկաւ դող՝
Քու հեւքըդ երբ տըւաւ իր սաղարթներուն սըրսըփուք։
Բայց ո՞ր տեսիլն էր արդեօք-ծովո՞ւն, կապոյտ եթերի՞ն
Թէ խարակէն փըշրուած նաւակի մը ուրուային -
Զոր ակնարկըդ ընդունեց վերջին անգամ, հըծծելով
Հըրաժեշտի մեղեդին՝ անանձնական բարբառով։
Աչքերդ թաց, կ՚որոնեմ հիւղն այն տխուր, թաքթաքուր,
Ուր ոսկի սիւնը փըլաւ իր տաղանդին արքենի,
Ուր զենիթէն մայր ինկաւ յանկարծ արեւը երկնի…
Ու չե՛մ գտներ։ Կը թըւի գերեզմաննոց մը թափուր
Դալարածուփ այս կղզին, ուր բերնին մէջ հովերուն
Կ՚եղերերգեն անընդմէջ յուշեր, վիշտեր անանուն…։
1936
(«Արդի հայ գրականութիւն» (Ժողովածու), Բ. հատոր, Արտասհմանի գրողներ, «Հայ գրագէտներու բարեկամներ» մատենաշար 12, Փարիզ 1941):
Նշենք, որ Թորոս Ազատեան գրած է նաեւ արձակ բանաստեղծութիւններ: Այստեղ այդ բանաստեղծութիւններէն կը ներկայացնենք երկու ստեղծագործութիւն:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Սիրոյ տենդը կը վառի նորէն երակներուս մէջ:
Նորէն հզօր ուժ մը կը վանէ ինձմէ ամէն վարանք ու տկարութիւն, եւ հոգիս կը վերստանայ իր անկախութիւնը:
Բոլոր սէրերը, զոր ճանչցայ, բոլոր ցանկութիւնները, որոնց գիրկը նետուեցայ, կ՚անձրեւեն հիմա իմ վրայ, ինչպէս տժգունած ծաղիկներ։ Անոնց հրապոյրը կը յանձնեմ հովին որ կ՚առնէ կը տանի…:
Սրտիս բոլոր ճամբաները մաքրած եմ յիշատակներէ։ Անոր պարունակը գեղեցկօրէն յարդարուն է եւ դիւթական ապարանքի մը կախարդանքը ունի։
Եկո՛ւր, ո՜վ անծանօթ գեղուհի:
Քեզի կը սպասեմ։ Քեզի կը սպասեն գգուալիր փայփայանքներ ու հեղեղ մը` գորովանքի ու սիրոյ:
Տեսայ զքեզ իրիկնային պահու մը: Ի՜նչ քաղցր էր հանդիպումը մեր առաջին ակնարկներուն: Վսե՜մ վայրկեան, ուր մեր հոգիներուն ընդունարանը բաց էր, ակնկալու այն կենարար զեփիւռին՝ որ իր մէջ կը կրէ ցանկութեան բեղմնափոշին։
Մեր նայուածքներն ընդերկար խուզարկեցին զիրար։
Մեր ժպիտները չհամարձակեցան ծաղկիլ մեր շրթունքին վրայ։
Բայց հասկցանք զիրար մեր հոգիները դարձան մտերիմներ, ինչպէս ուղեւորները նոյն երազին։
Ու երբ բաժնուեցան իրարմէ, մեր ակնարկները հրաժեշտի մեղեդիներ հիւսեցին:
Անծանօթ սէ՜ր, որ յաճախ կը հրդեհես հոգիները, բագիններ կը վառես անոնց մէջ ու անհնարին կը դարձնես յագեցումը սիրոյ յաւիտենական ծարաւին:
1934
(«Զմրուխտէ պատմուճան», տպ. Իսթանպուլ, 1936, էջ 178-179):
ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԴ
Քու ներկայութիւնդ անհրաժեշտութիւն մըն ինձ համար, ինչպէս քաղցրաբոյր օդը՝ զոր կը շնչեմ:
Քեզմով, քու ներկայութեամբդ աւելի կը գեղեցկանայ բնութիւնը՝ մայր ներշնչարանը հոգիին:
Քու գերզգայուն հոգիէդ կ՚անցնին ու կու գան ինծի իմ ներշնչումներս ինչպէս անդրադարձ տեսիլը ցայգանկարի մը։
Մթին ստուերոտ արահետներ ու տատասկներ կը սպասեն ճամբուդ վրայ: Դուն պիտի կոխոտես զանոնք ու պիտի գաս ինծի, վայրի ծաղիկներէ հոտաւէտուած քայլերով։ Կ՚ուզեմ ապրիլ յուզումը ամենէն բարձր զգացումներուն։
Բոլորովին նոր ըմբռնում մը սիրոյ կը լուսաւորէ իմ միտքս:
Ինչպէ՜ս սահմանափակել սէրը, մասնաւորել անոր տիեզերական իմաստը։ Պէտք է զայն ընդունիլ յաւիտենական փարոս մը, որուն լոյսը ինձ կը հասնի քու կուսական հոգիիդ միջոցաւ, իբրեւ ընդունարան աստուածային։ Հոգեկան աչքերով, քու էութեանդ մէջէն ես կ՚ընդնշմարեմ լուսափթթումը սիրոյ փարոսին, որմէ կը լիանան ամէնքը. ինչպէս արեգակը, որ կ՚իջնէ վերէն ամէնուն, ամէնուն համար։
Քու սէրդ արեւուն ջերմութեան չափ անհուն է ու յստակ։ Բայց իր ճառագայթներուն կենդանութիւնը տեւական է եւ արծարծուն՝ էութեանս ալքերուն մէջ:
Քու ներկայութիւնդ պահանջ մըն է ինձ համար: Քու շունչդ զեփիւռն է գարնանային, որուն գգուական համբոյրին տակ կը փթթին երազներս մէկիկ մէկիկ…:
1928
(«Զմրուխտէ պատմուճան», տպ. Իսթանպուլ, 1936, էջ 180):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարշապատ