ՔԱՂԿԵԴՈՆԻ ԵՒ ԴՈՒԻՆԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐԸ
Բաբգէն Կաթողիկոս. (490-515)։ Ծնած է Վանանդ գաւառի Ոթմուս գիւղը. աշակերտած է Յովհան Մանդակունիի՝ որուն յաջորդը եղաւ։ Վահան Մամիկոնեանի մարզպանութեան օրով կաթողիկոս է եղած, այնպիսի ատեն մը, երբ Հայաստան բաւական խաղաղ շրջան մը կը բոլորէր. հետեւաբար միջոց եղած էր եկեղեցական-դաւանական խնդիրներու մասին մտածելու եւ այս հարցերով զբաղելու։
Դուինի Ա. ժողովը. Բաբգէն Կաթողիկոսի օրով, Պարսիկներու Կաւատ Դ. թագաւորին 18-րդ տարին՝ 506-ին, տեղի ունեցած է Դուինի Ա. ժողովը։
Ներկայ եղած են Վարդ Մամիկոնեան մարզպանը, որ Վահան Մամիկոնեանի եղբայրը եւ յաջորդն էր, Սահակ Կամսարական, Արտաշիր Հայոց Մաղխազ, Սպանդիատ Բագրատունի Հայոց ասպետ, եւ այլ նախարարներ, թեմակալ եպիսկոպոսներ եւ այլ։ Այս ժողովին մասնակցած են նաեւ Վրաց Գաբրիէլ Կաթողիկոսը՝ 23 վրացի եպիսկոպոսներու հետ եւ Աղուաններու Շուփաղիտէ Կաթողիկոսը։
Ժողովին նիւթն էր Քաղկեդոնականութիւնը՝ անուղղակի կերպով, իսկ ուղղակի՝ Նեստորականութեան աճումը Արեւելքի մէջ։
Քաղկեդոնի ժողովը. (Հոկտ. 451). այս ժողովը Հայ ազգային-եկեղեցական պատմութեան մէջ այնքա՜ն մեծ դեր մը խաղացած է իր յարուցած վէճերովը եւ յուզումներովը՝ որ կ՚արժէ անոր մասին քիչ մը լայն ծանօթութիւն ունենալ։
Ե. դարու կիսուն՝ Արեւմուտքի մէջ չորս եկեղեցական աթոռներ կային. Հռոմի, Աղեքսանդրիոյ, Կ. Պոլսոյ եւ Անտիոքի եպիսկոպոսութիւնները։
Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ ձգտումները ունէր եւ կ՚աշխատէր տիրող կամ ազդեցիկ դառնալ միւսներուն վրայ։ Այդպիսի ատեն մը՝ Եւտիքէս անուն վանական մը ուզելով Նեստորի վարդապետութեան դէմ ելլել եւ հիմնովին ջախջախել, նոր մոլորութեան մը մէջ կ՚իյնայ։
Նեստոր Քրիստոսի մէջ երկու բնութիւն կ՚ընդունէր. Եւտիքէս միւս ծայրայեղութեան երթալով կը շփոթէ՝ իրարու կը խառնէ Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները։ «Անոր ունեցածը», կ՚ըսէր Եւտիքէս, «մարդու մը մարմինը չէ, այլ մարդկային մարմին մը»։ Եւտիքէսի վարդապետութիւնը դատապարտուեցաւ Պոլսոյ մէջ (448) գումարուած ժողովով մը՝ որուն կը նախագահէր Փլափիանոս Պատրիարքը։
Հետեւաբար այս վէճը պէտք էր մարած նկատել. սակայն Հռոմի Լեւոն Ա. Պապը. (440-461) եւ Աղեքսանդրիոյ Դիոսկորոս Եպիսկոպոսը հարցին մէջ մտան։ Պապը գրեց իր հռչակաւոր նամակը Փլափիանոսի ուղղուած՝ որ կը կոչուի «Լեւոնի տոմար»։ Այդ նամակին մէջ կ՚աշխատէր Եւտիքէսի եւ Նեստորի վարդապետութիւններուն հակառակ բանաձեւ մը գտնել, եւ կ՚ըսէր. «Քրիստոս երկու բնութիւն ունէր մէկ անձնաւորութեան մէջ»։ Դիոսկորոս ուզելով հակառակիլ Հռոմի Պապին, Եւտիքէսի կողմը բռնեց եւ խնդրեց Թէոդոս Բ.-էն, որպէսզի ժողով գումարէ։
Այդ ժողովը տեղի ունեցաւ 449-ին, Եփեսոսի մէջ՝ 150 եպիսկոպոսներով՝ որոնց նախագահն էր Դիոսկորոս։ Ժողովը արդարացուց Եւտիքէսը եւ դատապարտեց Փլափիանոսը։
Պապը կը բարկանայ եւ «Աւազակաց ժողով» կը կոչէ 449-ի ժողովը։
Թէոդոսի մահէն ետքը Մարկիանոս կայսրը, Լեւոն Պապի պահանջումով, կը հրամայէ ժողով գումարել՝ որ տեղի կ՚ունենայ Քաղկեդոնի (=Գատըգիւղ, Կ. Պոլիս) մէջ։
Բազմաթիւ եկեղեցականներ ներկայ էին ժողովին, որուն նախագահն էր Մարկիանոս կայսրը։ Ժողովը վիճաբանութիւններու, վէճերու, կռիւներու թատր կը դառնայ՝ ուր կը նզովուին Եւտիքէսը եւ Դիոսկորոսը։ Առաջին աթոռ կը նկատուի Հռոմը, իսկ Կ. Պոլիսինը՝ երկրո՛րդ։
Մարկիանոսի մահէն ետքը՝ Լեւոն Ա.-ի եւ անոր յաջորդներու օրով, եւտիքականները կամ հակաքաղկեդոնիկները չհալածուեցան. իսկ Զենոն կայսեր ժամանակ. 476-ին, կայսերական հրովարտակով մերժուեցաւ Քաղկեդոնի ժողովը։ Զենոն 482-ին նոր հրովարտակ մըն ալ հանեց միեւնոյն նպատակով, որ կը կոչուի Հենոտիկոն։ Այնուհետեւ երկար տարիներ կռիւը կը շարունակուէր, երբեմն քաղկեդոնականները կը յաղթանակէին, երբեմն՝ իրենց հակառակորդները…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 29, 2024, Իսթանպուլ