ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԻՒՆ
Անկեղծութիւնը մարդկային կեանքին անհրաժեշտ եւ հաստատ վարքը եւ արտայայտութեան կերպն է, որ անսուտ, ճշմարիտ ընթացքով կը ձգտի ճշմարտութեան։
Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան (347?-407) կը յանձնարարէ մէկդի թողուլ կեղծաւորութիւնը, քանի որ Վերջին Դատաստանի օրը ամէն կեղծիք եւ ամէն սուտ երեւան պիտի գայ։
Թէ ի՞նչ է կեղծաւորութիւնը եւ սուտը։ Նախ եւ առաջ, սիրոյ մասին խօսիլ եւ ատելութեամբ լեցուն ըլլալ, յետոյ, «բարի լոյս» մեղթել եւ խաւարի մէջ խաւարը պաշտել, կամ, ժպտիլ բայց ներքնապէս խոժոռիլ, եւ դարձեալ, ժպտիլ եւ ժպիտի ներքեւ ատելութիւնը, նախանձը, նախատինքը ծածկել, մտերիմ խօսակցութեան մէջ բամբասանք, զրպարտանք եւ չարախօսութիւն ներմուծել. եւ դարձեալ, Յիուսի անունը կրել՝ բայց Անոր սիրտը չկրել. բարի երեւիլ բայց չարիք գործել, վրան «անուշ» գրուած սրուակի մէջ թոյն հրամցնել իր բարեկամին կամ մերձաւորին, նաեւ՝ վարդը ցոյց տալ բայց անոր փուշերով վիրաւորել փորձել իր նմանը կը նշանակէ։
Սուրբ Օգոստինոս Աւերլիոս (նոյեմբեր 13, 354-օգոստոս 28, 430. Aurelius Augustinus Hipponensis) մեզ կը հրաւիրէ ապաշխարութեան, այսինքն անկեղծութեան, որպէսզի Վերջին Դատաստանի օրը, մեր գործած յանցանքներուն, մեղքերուն համար բոլորին առջեւ կծու քննադատութեան եւ յանդիմանութեան առարկայ չդառնանք Դատաւորին՝ Յիսուսի կողմէ։ Որպէսզի չխայտառակուինք Դատաստանի ընթացքին բոլորին ներկայութեան։ Մեր մեղքերը՝ որոնք չենք ապաշխարած անհատական խոստովանութեամբ, կը հրապարակուին ամէնքին առջեւ։
Ապաշխարութեան բացայայտ օրինակն է՝ անառակ որդին։ Անառակ որդին. (ՂՈՒԿ. ԺԵ 11-32) զղջաց, խոստովանեցաւ եւ իր հօր գութիւն եւ ներումին արժանացաւ, եւ այլեւս իրմէ որեւէ հաշիւ չպահանջուեցաւ՝ մաքրուած իր հօրենական տունը վերադարձաւ։
«Վասնզի չկայ ծածուկ բան մը՝ որ պիտի չյայտնուի, ո՛չ ալ գաղտուկ բան մը՝ որ պիտի չգիտցուի եւ երեւան չելլէ», կ՚ըսէ Յիսուս. (ՂՈՒԿ. Ը 17)։
Յիսուսի այս սրտայոյզ խօսքը պէտք է թափահարէ, ցնցէ մեր իւրաքանչիւրին սիրտը եւ ամբողջ էութիւնը, զգուշացնէ եւ զգաստացնէ, քանի որ ան հրաւէր մըն է՝ Վերջին Դատաստանի օրուան պատրաստութեան՝ ուր պիտի քօղազերծուին մեր բոլոր ծածուկ եւ գաղտուկ՝ քօղարկուած մեղքերը եւ յանցանքները։ Ուստի, մեր բոլոր քօղարկուած էութիւնը պիտի բացայայտնուի՝ մութի եւ խաւարի մէջ մնացած ամէն խորհուրդ, ամէն չար գործ։
Արդարեւ, Աստուած ամէնը կանխաւ գիտէ, կը տեսնէ. Ան ամենատես է եւ ամենագէտ։ Ամենեւին, արարք մը, խորհուրդ մը ծածկել կարելի չէ՛ Աստուծոյ գիտութենէն եւ տեսողութենէն։ Բայց Աստուած նաեւ համբերող է եւ կ՚ուզէ, որ նախ մենք խոստովանինք մեր մեղքը, եւ Ան անպայմա՛ն կը ներէ. պատրա՛ստ է ներելու։ Ուստի, Անոր ամենատեսութիւնը ցոյց կու տայ Իր ամենագիտութիւնը։ Ոմանք կը մտահոգուին, կը սոսկան, կը զարհուրին Աստուծոյ ամենատեսութենէն եւ ամենագէտ ըլլալէն։ Կը խուսափին ճշմարտութիւնը խոստովանելէ։ Բայց Ան ներող է, գթասիրտ Հայր է, որ վստահութիւն կը ներշնչէ իր որդիներուն։
Ան միշտ պատրա՛ստ է Իրեն երկարած ձեռքը բռնելու, եւ Պետրոս առաքեալի օրինակով, վե՛ր կանգնեցնելու անկումներու մէջ եւ կանգուն պահելու՝ օգնելու, խնամելու, հոգալու՝ գթասիրտ եւ ողորմած հոգիով բոլոր անոնք, որոնք կը դիմեն Իրեն։
Որովհետեւ Աստուած ամենախնամ է, եւ Իր հայեացքը տարբեր է. սէրը, գութը, ողորմածութիւնը Անոր նկարագիրն է։ Եւ Աստուած կը հետեւի հաւատացեալներուն առաքինութիւններուն՝ բարեգործութիւններուն, որոնք առանձնութեան մէջ կը գործադրուին։ Աստուածահաճոյ են անոնք՝ որոնք արցունք կը թափեն, կը հոգան, կը յոգնին, կը զոհուին եւ կը զոհեն իրենց նմաններուն համար. կ՚օգնեն անոնց եւ ներողամիտ կ՚ըլլան անոնց նկատմամբ, եւ այս բոլորը կ՚ընեն առանձնութեան մէջ՝ ծածուկ եւ գաղտուկ։
Արդարեւ, թէ ի՞նչ է առաքինութիւնը։ Առաքինութիւնը ներողամիտ ըլլալ է, մինչեւ իսկ սիրել թշնամին եւ աղօթել անոր համար։ Ուստի ամէն բարիք եւ ամէն չարիք պիտի յայտնուի Վերջին Դատաստանի օրը։
Եւ ուրեմն, եթէ չենք ուզեր Վերջին Դատաստանի օրը դատապարտուինք, պէ՛տք է, անհրաժե՛շտ է խոստովանիլ մեր մեղքերը Դատաստանի ներկայանալէ առաջ, քանի որ «չկա՛յ բան՝ որ չյայտնուի եւ չբացայայտնուի»։ Եւ ուրեմն խոստովանինք անկեղծութեամբ, որպէսզի Աստուծոյ փառքը ստանանք, փոխանակ պատիժի։ Եւ այս իմաստով «բանալի»ն անկեղծութիւնն է. ամէն պարագայի մէջ, ամէն տեղ, ամէն ժամանակի անկեղծութիւնը անհրաժեշտ է, քանի որ ան կ՚ենթադրէ ճշմարտութի՛ւն։
Սիրելիներ, հեռանանք սուտէն, կեղծիքէն՝ չարէն՝ հրէշէն եւ մօտենանք ճշմարիտին, անկեղծին՝ բարիին՝ հրեշտակին եւ վայելենք Աստուծոյ հաճութիւնը եւ փառքը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 9, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024